ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդած էր, որ Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Անգլիոյ թեմերը։ Ուրեմն, հայրապետական այցելութեան Անգլիոյ փուլին ան ընդունուած է Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին կողմէ։

Վեհափառ Հայրապետն ու Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու առկայ խնդիրներուն, գերիներու վերադարձին, Արցախի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք արժեւորեցին նաեւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024