Տ. ՄԱՐԿՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ՝ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ Թեմի առաջնորդ։
Ինչպէս ծանօթ է, միջոց մը առաջ յանկարծամահ եղած էր Ուքրայնոյ Թեմակալ Առաջնորդ հոգելոյս Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան։ Իր վախճանման զուգահեռ Վեհափառ Հայրապետը կատարած է նոր տնօրինութիւն մը։ Այսպէս, Ուքրայնոյ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը ներկայիս կը ստանձնէ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, որ մինչ այդ Գեղարքունեաց Թեմի առաջնորդն էր։ Ան ներակայիս Գեղարքունեաց Թեմը կը թողու՝ ուղեւորուելու համար դէպի Ուքրայնա։
Նորանշակ առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան 1973 թուականին ծնած է Բարձրաշէն գիւղին մէջ։ 1990-1996 թուականներուն ուսանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Նոյն տարին ձեռնադրուած է սարկաւագ։ 2000 թուականին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է, հոգելոյս Շահէ Արք. Աճէմեանի կողմէ։ Միջոց մը ծառայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալէք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ։ Վարած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պարէտի պաշտօնը։
Հոգեւոր սպասաւորութիւն իրականացուցած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն ներս, որպէս առաջնորդի օգնական։ Եղած է Ռիկայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Մագիստրոսական ուսում ստացած է Մոսկուայի Աստուածաբանական կաճառէն ներս։ 2005 թուականէն ի վեր Գեղարքունեաց Թեմը կը գլխաւորէ։ 2006 թուականին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ օծուած է եպիսկոպոս։ 2008 թուականէն ի վեր Համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու առաջնորդներու համագումարի կազմակերպիչ կոմիտէի մշտական անդամ է։ 2009 թուականին Հայաստանի Հանրային խորհուրդի անդամ նշանակուած է՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Նոյն տարիէն ի վեր նախագահն է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձութեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024