«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ՝ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ ջանքերով։ Ծրագրին աջակցած է նաեւ Աֆոն Սուրբ լերան ռուսական սրբավայրերու աջակցման բարեգործական հիմնարկը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ գիտաժողովը, որու օրակարգի առանցքային նիւթերն են՝ ընտանիքի նկատմամբ աջակցութիւնը, անոր ճակատագրական դերը առողջ հասարակութեան զարգացման մէջ, ինչպէս նաեւ բարոյականութեան ու աւանդական կենսակերպի հիմքերը։
Հայաստանէ եւ Ռուսաստանէ պետական մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, հոգեւոր եւ գիտական շրջանակներու, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներուն մասնակցութեամբ կը ծաւալուին քննարկումները, որոնց ընթացքին կը շօշափուին հոգեւոր արժէքներու դէմ քարոզչութիւններու հակազդելու խնդիրները, երիտասարդութեան բարոյական դաստիարակութեան հարցերը, ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարը եւ հայրենանուէր ու մշակութային-պատմական աւանդութիւններու զարգացումը։
Գիտաժողովի մասնակիցները կը շրջին նաեւ ցուցահանդէս մը, որու շրջագծով կը ներկայացուին եկեղեցական օգտագործման իրեր, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի եկեղեցիներու շինարարութեան պատմութիւնը նկարագրող փաստաթուղթերու պատճէններն ու բնօրինակները։ Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի Ազգային արխիւի եւ Երեւանի Ռուսական մշակոյթի կեդրոնին կողմէ։
Մինչ այդ, այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Երուսաղէմի ռուսական եւ հայկական սրբավայրերը» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որու բացման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան եւ օտարերկրեայ դիւանագէտներ։
ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ վերջերս լոյս ընծայեց «Եղեռնը եւ մեր ձեռագրերու կորուստն ու փրկութիւնները» աշխատասիրութիւնը, որու հեղինակն է Գէորգ Տէր-Վարդանեան։