ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի տայ իր տաղաւարի պատգամը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը վաղը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ կը մատուցանէ հայրապետական Ս. Պատարագ, որու ընթացքին իր հաւատարիմ հօտին կը փոխանցէ տօնական պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Սուրբ Զատկի պատգամը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. ամէն։

«Ե՛ս եմ յարութիւն եւ կեանք. որ հաւատայ յԻս, թէպէտ եւ մեռանի՝ կեցցէ՛» (Յով. 11. 25-26)։

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ,

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշազարդ տօնին ուրախութիւնն ու խնդութիւնը մեր հոգիներուն՝ ձայնակից ենք հրեշտակներուն՝ փոխանցելով իրարու «Քրիստոս յարեաւ» կենարար աւետիսը։ Թափուր է Տիրոջ գերեզմանը, յայտնուած է Իր աստուածային զօրութիւնը, եւ իրական է մահուան պարտութիւնն ու կեանքի յաղթանակը։ Այսօր յարութիւն առած Քրիստոս Իր բոլոր հետեւորդներուն կը բերէ յաւիտենական կեանքի բերկրալի խոստումը. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով կը հաւատայ Ինձ, թէպէտ եւ մեռնի, կ՚ապրի»։

Քրիստոսի Յարութեան ողջոյնը փոխանցելով, մենք, սիրելիներ, կը հաստատենք մեր հաւատքը, որ հիմնուած է Յարութեան տիեզերանորոգ հրաշքի վրայ։ Կը հաւատանք, որ Քրիստոսի Յարութեամբ անմահութեան ու յաւիտենական կեանքի արշալոյսը ցրած է կորստաբեր մեղքի խաւարը։ Կը հաւատանք, որ մահուան առջեւ անզօր մարդկային կեանքը կը վերափոխուի երկնային զօրութեամբ, ժամանակաւորը կը վերածուի յաւիտենական գոյութեան։ Կը հաւատանք, որ Փրկիչն ու Իր անմահութեան շնորհին հաղորդակցումը կը նորոգէ կեանքը, խաչերը կը դարձնէ ծաղկեալ, գողգոթաները՝ յաղթութեան բարձունքներ։ Կը հաւատանք, այո, որ մարդկային մեր տկար ուժերուն ընդառաջ եկող Աստուծոյ Սուրբ Հոգին կը լուսաւորէ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը եւ կը զօրացնէ մեզ՝ ընթանալու մեղքէն դէպի առաքինութիւն, ընթանալու դէպի մեր Տէրը, որպէսզի Իր հետ կեանք ունենանք եւ ժառանգակից ըլլանք երկնային արքայութեան։

Հաւատալ Քրիստոսի Յարութեան կը նշանակէ Սիմոն Կիւրենացիի պէս անտրտունջ Քրիստոսի խաչը կրել կեանքի յաղթանակի աներկբայ վստահութեամբ, Յովսէփ Արիմաթացիի նման բարեգործութիւններ կատարել, իւղաբեր կանանց նման հաւատքն ու հաւատարմութիւնը պահպանել եւ Քրիստոսի Յարութեան ուրախութիւնը սփռել, առաքեալներու պէս աշխարհը Քրիստոսի Յարութեան լոյսով լուսաւորել։ Այսպէս միայն կարելի է արժանանալ Փրկչի խոստման՝ հաւատքի զօրութեամբ մահուան իշխանութիւնը թօթափելու եւ յաւիտեան ապրելու։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, Քրիստոսի Յարութեան հրաշազարդ իրողութիւնը մարդու եւ աշխարհի փրկութեան միջոցն է, աստուածային անսահման սիրոյ ու հոգածութեան վկայութիւնը, նեղութիւններու ու դժուարութիւններու յաղթահարման զօրութիւնը։ Թովմասի նման երկմտող աշխարհին յարուցեալ Քրիստոս ցոյց կու տայ Իր վէրքերը, որպէսզի բուժուին պատերազմներու ու աղէտներու աշխարհին պատճառած վէրքերը։ Ցոյց կու տայ Իր չարչարանքներու հետքերը, որպէսզի դադրին մարդկային հոգիի տառապանքները, լռեն ատելութեան ձայները, մերժուին կործանարար ուղիները, որպէսզի գալիքի հանդէպ վստահութիւն փնտռող մարդկութիւնը ընդունի Փրկչի Յարութեան զօրութիւնը՝ առաքեալի նման բացագանչելով՝ Տէր իմ եւ Աստուած իմ (Յովհ. 20. 28)։

Աստուածատուր այդ զօրութեամբ ու շնորհով յարատեւած է մեր ժողովուրդը՝ պատմութեան մէջ դիմակայելով դառն հարուածներու ու կերտելով իր ձեռքբերումները։ Քրիստոսով, յարութեան ու փրկութեան հաւատքով մենք վեր յառնեցանք մեր խաչելութիւններէն, վերահաստատեցինք մեր պետականութիւնը, ձեռնամուխ  եղանք նեղութիւններու թօթափման, մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ առաւել բարօր գալիքի կերտման։ Մեր ժողովուրդի առաջընթացը, մեր պետութեան հզօրացումը եւ ի սփիւռս աշխարհի մեր կեանքի պայծառութիւնը պայմանաւորուած են իւրաքանչիւրիս մէջ Քրիստոսի ներկայութեամբ, Իր Յարութեան զօրութեան ներգործութեամբ եւ մեր արժանաւորութեամբ Փրկչի խոստման. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով կը հաւատայ Ինձ, թեպէտ եւ մեռնի, կ՚ապրի»։

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր, շարուանակենք ապրիլ ու գործել Քրիստոսի հետ։ Մեր ընտանիքներուն մէջ խնամենք ու վառ պահենք հաւատքի լոյսը, հասարակական ու ազգային մեր կեանքին մէջ հաստատուն պահենք իրարու հանդէպ հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնը, սէրն ու միասնութիւնը։ Շարունակենք ապրիլ հաւատքով, որպէսզի այսօր հնչող «Քրիստոս յարեաւ» աւետիսը զօրացնէ մեզ ապագայի հանդէպ լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ, կամքով ու կորովով՝ հակառակ ամէն արգելքի ու նեղութեան, ջանք թափելու, ստեղծելու, հոգալու, որ իրագործենք առաջընթացի մեր նպատակները, հայրենաշէն մեր ծրագիրներն ու ազգային իղձերը։ Թող մեր սիրտերը քաջալերուին այսօր մեզի յայտնուող յարուցեալ Տիրոջմով՝ սիրով եւ միասնութեամբ ընթանալու ազատ նոր կեանքի մեր ուղին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով մեր Տիրոջ պատուիրաններուն եւ հաստատուն պահելով մեր ընթացքը դէպի յաւիտենութիւն։

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան բերկրալի աւետիսով ողջոյն կը բերենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանին։ Կ՚աղօթենք հիւանդութեան մահիճի մէջ գտնուող Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան Պատրիարքի համար։ Ի Քրիստոս սիրով կ՚ողջունենք քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր Պետերն ու իրենց հաւատացեալ հօտը։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք Սրբազան Պատարագի արարողութեան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը՝ Առաջին տիկնոջ հետ, ընտրեալ Նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանը, ողջոյն կը յղենք Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանիին, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասուն եւ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս։

Կ՚աղօթենք առ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ մեր հայրենիքին ու ամբողջ աշխարհի մէջ մշտապէս սփռուած մնան Իր Յարութեան կենարար պարգեւները, խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհի վրայ, մարդոց սրտերուն մէջ, մեր երկրի սահմաններուն։ Կը հայցենք, որ Փրկչի Յարութեան շնորհներով զօրացած՝ Մեր զաւակներու ամէն գործ զարթօնք ու լուսաւորութիւն բերէ ազգային մեր կեանքին, եւ աստուածաշնորհ պարգեւները հովանի ըլլան մեր ժողովուրդին՝ այսօր եւ միշտ ցնծութեամբ աւետելու.

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց,
Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

(Սուրբ Էջմիածին, 1 Ապրիլ 2018)

Շաբաթ, Մարտ 31, 2018