ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին։ Վեհափառ Հայրապետը ի դէմս դեսպանին իր գնահատանքը փոխանցեց ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն՝ համավարակի պայմաններուն ներքեւ եւ յատկապէս՝ պատերազմի եւ յետպատերազմի դժուարին շրջաններուն դեսպանատան միջոցաւ Հայաստանին եւ Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերուած մարդասիրական աջակցութեան համար։

Անդրադառնալով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն եւ յետպատերազմեան հետեւանքներուն՝ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար ու խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան համավարակի պայմաններուն ներքեւ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուած ծրագիրները եւ անոնց կրած ազդեցութիւնները։ Խօսուած է պատերազմի ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ զինուորներու եւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու նկատմամբ հոգեւոր խնամքի մասին։ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ընկերային աջակցութեան ծրագրերու, զոհուած կամ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ իրականացուած հովուական աշխատանքներուն շուրջ, որոնք առ այսօր կը շարունակուին։

Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ ԱՄՆ-ի դեսպանը մասնաւորապէս արծարծեցին գերիներու ազատ արձակման եւ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած միջոցներու հարցը։ Հանգամանօրէն քննարկուեցան գրաւուած եւ յանձնուած տարածքներէ ներս Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառագութեան պահպանման խնդիրները, սրբավայրերու պղծման եւ ոչնչացման փաստագրուած դէպքերը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021