ԵՐԿԻՆՔ ՏԱՆՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ

Մեծ պահքի 32-րդ օրն է:

Աշխարհային մեր կեանքի ընթացքին, յատկապէս վերջին հարիւրամեակին փոխադրութեան այնքա՜ն միջոցներ երեւան եկած են, որ այնքան դիւրացուցած են մարդուն փոխադրութիւնը՝ ցամաքային, ջրային եւ օդային միջոցներով: Արդարեւ, ցամաքային՝ լայն ճանապարհներ, լեռները իրարու միացնող կամուրջներ կամ լեռնանցումներ, շոգեկառքեր, հանրակառքեր, եւ այլն. ջրային՝ նաւեր, ծովերու եւ գետերու վրայ կամուրջներ, եւ այլն. իսկ օդային՝ օդանաւեր: Այս բոլորը միջոցներ են, որոնք կը ծառայեն մարդուն գործը դիւրացնելու եւ իր նպատակին հասնելու ամենէն կարճ եւ դիւրին միջոցով:

Նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ հոգիի՝ հոգեւոր կեանքի պարագային: Ո՛չ միայն նոյնը, այլեւ աւելին. որովհետեւ այդ աշխարհիկ միջոցները մեր այս անցաւոր կեանքն է, որ կը դիւրացնեն, սակայն մենք այս աշխարհին նման անցաւոր չենք, այլ՝ սահմանուած ենք յաւիտենապէս ապրելու: Յաւիտենապէս ապրիլն ալ ունի իր երկու տեսակները, յաւիտենական հանգիստ եւ ուրախութիւն՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, կամ յաւիտենական տանջանք ու տխրութիւն՝ սատանային եւ անոր գործակիցներուն հետ: Ընտրութիւնը կը մնայ մեզի:

Հոգեւոր կեանքը մարդուն առաջնորդն է դէպի յաւիտենականութիւն՝ դրական յաւիտենականութիւն: Իսկ առաջնորդ մը բնականաբար ունի իր միջոցները: Այդ միջոցներէն մէկն է աղօթքի կողքին՝ պահեցողութիւնը: Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Վարդան Այգեկցի Վարդապետը այսպէս կը նկարագրէ այդ միջոցներէն պահքը, կ՚ըսէ. «Պահքը ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է Աստուծոյ մօտ բարձրանալու համար։ Պահքը լայնատարած կամուրջ է, նաեւ ելքի ճանապարհ՝ դէպի երկինք տանող»: Ինչպէս որ այս աշխարհի վրայ ճանապարհներ կը փնտռենք ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ տեղ հասնելու համար, նոյնը ունինք նաեւ հոգեւոր ոլորտին մէջ, այսինքն՝ ունինք ճանապարհներ, որոնք մեզ խաղաղ նաւահանգիստ կը հասցնեն: Ատոնցմէ ամենէն կարեւորն է պահքը, ինչպէս կը ներկայացնէ Այգեկցի Վարդապետը, որ պահքը կը նմանցնէ «ամուր աշտարակ»ի եւ «լուսաւոր սանդուխ»ի. «ամուր աշտարակ»՝ չարէն եկած յարձակումներուն դէմ պաշտպանելու համար, իսկ «լուսաւոր սանդուխ», որպէսզի մեր քայլերը չշեղին, այլ՝ լոյսին մէջ քայլելով ուղիղ ընթանան դէպի խաղաղ նաւահանգիստ՝ դէպի յաւիտենականութիւն: Աւելին, Վարդան Վարդապետ պահքը կը նմանցնէ «լայնատարած կամուրջ»ի եւ «ելքի ճանապարհ»ի. «լայնատարած կամուրջ»՝ որ շինուած է մեր առաքինութիւններով եւ կատարած բարեգործութիւններով, հետեւաբար ինչքան առաքինի ու բարեգործ ըլլանք, այդքանով մեզ դէպի երկինք տանող կամուրջը կը լայննայ եւ մեր իյնալու կարելիութիւնը կը նուազի, իսկ «ելքի ճանապարհ»՝ որ Քրիստոս մեր Տէրն ու Փրկիչը Ի՛նքն է, որովհետեւ յիշենք մեր Տիրոջ խօսքը, թէ՝ «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6): Հետեւաբար, առանց պահեցողութեան՝ այսինքն «ամուր աշտարակ»ին, «լուսաւոր սանդուխ»ին, «լայնատարած կամուրջ»ին՝ մեր առաքինութիւններուն ու բարեգործութիւններուն, եւ «ելքի ճանապարհին»՝ Քրիստոսին, կարելի չէ դէպի երկինք բարձրանալ, դէպի յաւիտենականութիւն հասնիլ եւ վայելել Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութիւնը:

Երեսուներկրորդ օրուան մարտահրաւէր. դաստիարակենք մեր հոգիները, որպէսզի պահեցողութեան ընթացքին կարելի եղածին չափ ձեռք ձգենք առաքինութիւններ եւ բարեգործութիւններ, որոնք մեր գրաւականը պիտի ըլլան հանդերձեալին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022