ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, որուն կ՚ընկերանար փոխ-նախարար Արա Խզմալեան։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նախարարին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ այս մէկը պատեհ առիթ նկատելով տեղեկանալու համար կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներէն ներս առկայ խնդիրներուն ու ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ պատմական սրբավայրերու, սփիւռքի եւ Արցախի մէջ ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն վերաբերեալ։

Իր խօսքին մէջ նախարարը լուսաբանութիւններ տուաւ զանազան հարցերու առընչութեամբ՝ պատրաստակամութիւն արտայայտելով փոխառընչակից ոլորտներէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութեան, համատեղ ծրագրերու իրականացման եւ ի նպաստ զանազան խնդիրներու կարգաւորման ջանքերու եւ հնարաւորութիւններու մէկտեղման համար։ Ժաննա Անդրէասեան մասնաւորապէս անդրադարձ կատարեց պատմական վանքերու եւ եկեղեցիներու պահպանման ու վերականգնման հարցերուն, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն,  միջազգային հարթակներու վրայ իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս կատարուելիքներու եւ ձեռնարկուած քարոզչական աշխատանքներուն։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնեց եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի՝ յատկապէս «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկային առընչութեամբ։ Ան հաստատեց, որ պետութիւն-եկեղեցի երկարատեւ աշխատանքի արդիւնքով ներդրուած այս առարկային նպատակն է մատաղ սերունդին ապահովել հայեցի դաստիարակութիւն, ձեւաւորել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, կերտել արժեհամակարգ։ Այս բոլորը գիտելիքի հետ միասին կրնան ամուր հիմք կազմել մեր ժողովուրդի յառաջընթացին, ապահով ու բարօր կեանքին տեսակէտէ։ Այս իմաստով Վեհափառ Հայրապետը նկատեց, որ եկեղեցին կ՚ակնկալէ, որպէսզի վերսկսին ձեւաւորուած կրթութեան համատեղ յանձնախումբի աշխատանքները եւ առարկայի պահպանման հարցին մէջ գտնուին ընդունելի լուծումներ։

Այս առընչութեամբ նախարարը ներկայացուց հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի կազմման մեթոտաբանութիւնը։ Ան կարեւորեց դպրոցէ ներս արժէքային դաստիարակութեան բաղադրիչի պահպանումը, նաեւ ընդգծեց ազգային դպրոցի ձեւաւորման եւ կայացման գործին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ մեծ աւանդը։

Հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան նաեւ պատմական սրբավայրերու պահպանման ու վերականգնման ուղղութեամբ ընդհանուր սկզբունքները եւ փոխադարձ համաձայնեցուած գործողութիւնները, Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս Արցախի մշակութային ժառանգութեան անխաթար պահպանման վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ գործակցութիւնը նախարարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման գրասենեակին միջեւ, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններու պահպանութեան հարցերով համատեղ յանձնախումբի շրջանակներէն ներս։

Հանդիպման աւարտին նախարարը այցելեց Վեհարանի թանգարանը, նաեւ ծանօթացաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023