ԿՐՕՆԸ ԵՒ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Կրօնը եւ բնապահպանութիւնը» նիւթին ձօնուած հանդիպում-քննարկում մը։ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ կայացաւ հայ-իրանական այս համատեղ հանդիպում-քննարկումը։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինը եւ Երեւանի մօտ Իրաքի դեսպանութեան մշակութային կեդրոնը համագործակցած էին սոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։

Քննարկումներու բացման խօսքը արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որմէ վերջ ելոյթներ ունեցան նաեւ յիշեալ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեան եւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանութեան մշակութային կցորդ Մաճիտ Մեշքի։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս առթիւ կարեւորեց նման քննարկումները, որոնց նպատակն է նպաստել տարածքաշրջանէ ներս բնապահպանութեան մշակոյթի զարգացման եւ այս ոլորտէ ներս առկայ խնդիրներու արծարծման։ Նորին սրբազնութիւնը մտահոգութեամբ նշեց, որ մարդոց կողմէ բնութեան չարաշահումն ու շահագործումը եւ այս բոլորէն բխած հետեւանքները սահմաններ չեն ճանչնար։ Սոյն խնդիրները անհանգստութիւն կը յառաջացնեն տարածքաշրջանէն ներս, ներառեալ Հայաստանը։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան մասնաւորապէս ընդգծեց եւ հաստատեց այն իրողութիւնը, թէ բոլոր կրօնները կը պարտաւորեցնեն իրենց հետեւորդները պահպանել բնութիւնը՝ իբրեւ Աստուծոյ արարչագործութիւն։

Աշխատանքներու ծիրէն ներս Հայաստանէն եւ Իրանէն մասնագէտներ հանդէս եկան զեկուցումներով՝ արծարծուած նիւթի զանազան երեսակներուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017