ՆԵՐՇՆՉԵԼ ՀԱՒԱՏ ԵՒ ՅՈՅՍ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Վեհարանի երդիքին տակ հիւրընկալեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այն միաբանները, որոնք վերջերս քահանայ ձեռնադրուեցան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան։ Հարկ է նշել, որ նորաօծ երեք քահանաները արդէն աւարտած են իրենց քառասնօրեայ պատրաստութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը։
Վեհափառ Հայրապետը քահանայական կոչման արժանացած նորաօծներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ զանոնք շնորհաւորեց հովուական ծառայութեան անցնելու առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց նաեւ իր հայրական պատգամներն ու յորդորները։ Ան շեշտեց, որ երիտասարդ քահանաները հոգեւոր սպասաւորութեան կը սկսին հայ ժողովուրդի համար բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ առաւել կը կարեւորուի հայ եկեղեցականի ամբողջական ու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ հաւատ, յոյս ներշնչելու համար հայորդիներուն այս դժուարին փորձութիւններու ընդմէջէն անցնելու ժամանակ, զօրացնելու նպատակով անոնց հաւատքն ու սէրը առ Աստուած։ Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ քահանաներուն յորդորեց նաեւ իրենց կարողութիւնները լաւագոյնս ի սպաս դնել հոգեւոր ծառայութեան մէջ՝ բարձր պահելու համար Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարի համբաւը։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց քահանայ հայրերը՝ անոնց ընծայելով «Մաշտոց» ծիսարաններ, ձեռաց խաչեր եւ Սուրբ Հաղորդութեան մասնատուփեր։