ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

«Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ, ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդէն եղած էր»։ (Ժողովողի 1։9-10)

Մարդ շարունակ բարին ու լաւը կ՚ակնկալէ։

Մեր մաղթանքներն ու ակնկալութիւնները միշտ լաւի, ուրախութեան, երջանկութեան առողջութեան վրայ կը հիմնուին՝ մանաւանդ նոր սկիզբներու սեմին։

Օրուան կը սկսինք բարի մաղթանքով մը՝ «բարի լոյս» ըսելով։ Մեր բարեկամը երբ նոր հագուստ մը կամ իր մը առած է «բարի օրերու գործածութիւն» կը մաղթենք։ Եթէ ամուսնացող մէկն է նոյնպէս «երջանիկ ու բարի կեանք» կամ նման բարեմաղթութիւն կ՚ունենանք։ Նաեւ կ՚ուզենք, որ մեզի ալ նոյնը մաղթեն։ Մոռնալով որ անցեալ տարիներն ալ նոյնպէս երջանկութեան մաղթանքներով դիմաւորած էինք՝ կը պատրաստուինք այս նոր տարին եւս դիմաւորելու։ Որքան ալ մեր իղձերը բարիի ու լաւի եւ երջանկութեան վրայ հիմնուին, կեանքը տարօրինակ ձեւով շարունակ մեզի կը յիշեցնէ բոլոր իր հակադրութիւնը։ Նկատի պէտք է ունենանք, որ աշխարհ որքան բարի, նոյնքան թերեւս աւելի լեցուն է չարութեամբ։

Միւս կողմէ, մեզի համար չար բան մը ուրիշի մը համար բարի ալ կրնայ նկատուիլ, ուրեմն ի՞նչ է բարին կամ չարը։ Մեծամասնութեան համար չար նկատուած բաները ուրկէ՞ յառաջ կու գան, երբ մարդ արարածը միշտ բարի բաներու կը կարօտի ու բարի բաներ կը մաղթէ։ Իսկ կան ոմանք, որոնք միայն իրենց եւ իրենց սիրելիներուն բարիքը կ՚ուզեն եւ ոչ աւելին։ Բայց Յիսուս կըսէ. «Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկինքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ 11։13)։

Ուրեմն մարդ բարիէ աւելի չարութեան հակամէտ է, տարօրինակ հակասութիւն մը, որ ամէնքս շատ մը ատեն կ՚ապրինք։ Պօղոս առաքեալ եւս կ՚անդրադառնայ նոյն իրողութեան. «Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ՚ուզեմ, զայն կ՚ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ՚ընեմ» (Հռովմ 7։19)։ 

Ինչպէ՞ս մէկը չար ըլլալով հանդերձ, լաւ բան մը կու տայ իր զաւկին եւ կ՚անտեսէ ուրիշի մը զաւակը՝ չխորհելով, որ ան ալ իր ընտանիքին սիրելին է։ Այս պատճառով է, որ դարձեալ Յիսուս կըսէ. «Ինչպէս կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Ղուկ 6։31)։

Այստեղ պէտք է յիշել, որ Յիսուսի այս խօսքը շատերու կողմէ տարբեր մեկնաբանութեամբ կը հրամցուի մարդոց՝ իբրեւ հեշտ խօսք։ Այսպէս, «ինչ որ չես ուզեր քեզի ընեն, դուն ալ մի՛ ըներ ուրիշին»։ Մինչդեռ այս ասութիւնը ո՛չ թէ գործօն, այլ, ընդհակառակն, կրաւորական բնոյթ ունի։ Անշուշտ, այս խօսքերով մեր նպատակը յուսախաբութիւն ստեղծել չէ։ Պէտք է գիտնալ, թէ ամէն նոր տարի պիտի ունենայ իր լաւ ու վատ օրերն ու դէպքերը։ Այս իրականութեան վառ օրինակը համավարակն է, որ միլիոններու վրայ ազդեց, նոյնպէս միլիոններ իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Շատեր տնտեսական ճգնաժամէ վնասուեցան ու թշուառ վիճակի մատնուեցան, շատեր ալ իրենց հարստութեան վրայ հարստութիւն դիզեցին։ Ոմանք ամուսնանալով ընտանիք կազմեցին, ոմանք բաժնուեցան։ Ոմանք զաւակ ունեցան, ոմանք դեռ եւս կ՚աղօթեն զաւակի մը տիրանալու համար։

Այս շարքը կրնանք երկարել բազում օրինակներով։

Միթէ ճի՞շդ է ըսել, որ բախտաւորներ են անոնք, որոնք դրական բաներ ապրած են, իսկ անբախտ՝ անոնք, որոնք ժխտական պայմաններու տակ կը գտնուին։ Այո՛, նայած վիճակին։ Բայց վիճակը աւելի լաւ հասկնալու համար դարձեալ դիմենք Աւետարանին. «Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ Վասն զի Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ» (Մատթ 16։26-27)։

Այնուամենայնիւ, կ՚արժէ կեանքը ապրիլ իր բոլոր երեսակներով՝ ոչ միայն պայմանաւորելով զայն լոկ շահերով եւ կամ ուզածը ձեռք ձգած ըլլալու վրայ։ Ո՞վ կ՚ուզէ վատ բաներ ապրիլ, բայց, կան վատ բաներ եւ դժբախտաբար ըլլալ պիտի շարունակեն։ Յիսուս մեզի այս պայմաններէն փրկելու եկաւ, որպէսզի մեզի հաստատէ այն աւետեաց երկիրը, որու պատրաստութեան գնաց։ «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։  Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ «Հիմա կ՚երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ»։  Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։  Ո՛ւր որ ես կ՚երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք» (Յովհ 14։1-2)։

2022 թուականին եւս ոմանք իրենց ակնկալածներուն պիտի տիրանան, ոմանք ոչ։ Բայց եւ այնպէս, խոստովանինք, որ անցեալ երկու տարիները իրապէս ո՛չ միայն մեր անձերուն կամ երկրին բնակչութեան, այլեւ բոլոր աշխարի մարդկութեան համար զանազան դժուարութիւններով լեցուն անցան։ Կը մաղթեմ, որ նոր տարին ունենայ իր մէջ բազում լաւ օրեր։ Իսկ մեր տէրը Յիսուս կըսէ՝ Ես այս աշխարհին յաղթեցի։ «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։

Ինչպէ՞ս յաղթեց մեր Տէրը՝ խաչի համբերութեամբ։ Մենք ալ նոյն օրինակին պէտք է հետեւինք եւ ոչ թէ բախտի ետեւէն վազենք։ Այո՛, նեղութիւններ ու անձկութիւններ կան ու պիտի ըլլան, բայց մենք քաջասի՛րտ պէտք է ըլլանք։

Բոլորին քաջառողջ ու Տիրոջ խօսքով լեցուն օրեր կը մաղթեմ։ Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021