ԱՐԹՆՆԱԼ ԵՒ ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼ

«Զարթիք նոր ժողովուրդք նոր
երգս առեալ նորոգողին. ալէլուիա»
(Ժամագիրք)

Ամանոր է։ Բարդ բառ մը, բառական թարգմանութիւնը՝ հայոց տոմարական թուականի առաջին ամսոյն, նաւասարդին։ Ամանորի կամ նոր տարիի իմաստին կիզակէտն է նորոգութեան գաղափարը։ Նորոգուիլը կ՚իրականանայ, երբ կամքը կայ նորոգելու։ Նորոգելու կամքը կը դրսեւորուի, երբ դժգոհութիւն կը յայտնուի հինցածէն, հնամաշ դարձածէն եւ կամ աւերուածէն։ Ֆիզիքական նորոգութիւնը երբեմն կրնայ արագ կերպով իրականանալ եւ կամ երբեմն՝ ընդհակառակն երկար ժամանակի կարօտիլ։ Ամանորը տարբեր է այս բոլորէն։ Մեր ապրած տարին մեզի գոհունակութիւն առթած ըլլայ կամ ոչ, կու գայ ժամանակը եւ ակնթարթի մը մէջ իր 365 կամ 366 օրերով պատմութեան կ՚անցնի եւ օրացոյցները կ՚ողջունեն նոր տարիի մը արշալոյսը։

Կը յիշենք նաեւ օրինակը այլ նորոգութեան մը, որուն իրականացումը կախեալ չէ մեր կամքէն, այլ՝ Աստուածադիր դրութենէն, որ ի զօրու կը մնայ այնքան ատեն, երբ կը շարունակենք վայելել Աստուծոյ պարգեւը, որ է կեանքը։ Որքան ատեն որ կ՚ապրինք, մեր մարմնին բջիջները կը վերանորոգուին։ Սա Աստուածադիր դրութեան կամքն է, որպէսզի շարունակենք ապրիլ։ Մենք չենք զգար անգամ, թէ մեր երակներուն մէջ շրջող արեան գնդիկները կը վերանորոգուին։

Աստուած կատարեալ է եւ իր պատկերին նմանութեամբը ստեղծած է մարդը։ Եւ ուրախ ու երջանիկ կեանք վարելու կոչուած մարդը իր իսկ անհնազանդութեամբ դուռ բացած է որ կատարեալ Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած մարդ արարածի մաքրամաքուր տիպարը եղծանի, ծանրապէս վիրաւորուի։ Մարդը, ըստ սատանայական թելադրութեան կ՚երազէր, որ «իր աչքերը պիտի բացուէին եւ բարին ու չարը գիտնալով աստուածներու պէս պիտի ըլլար» (Ծննդոց, 3.5)։ Երբ երազներու թմբիրէն արթնցաւ, տեսաւ իր վիրաւոր վիճակը։ Սակայն Աստուծոյ բարութիւնն էր, որ հասաւ վիրաւոր մարդուն՝ որպէս զօրաւոր օժանդակութիւն, դուռը բանալով վերանորոգուելու, դարմանուելու եւ մանաւանդ վերանորոգելու այն փրթած կապը իր իսկ խոստումով. «Պիտի բնակիմ անոնց մէջ եւ պիտի քալեմ անոնց մէջէն. Աստուած պիտի ըլլամ անոնց, եւ անոնք ժողովուրդ պիտի ըլլան ինծի։ Ուստի, ելէք անոնց մէջէն եւ հեռու մնացէք, կ՚ըսէ Տէրը. եւ մի՛ դպչիք պիղծ բաներու. եւ ես պիտի ընդունիմ ձեզ. եւ ես պիտի ըլլամ ձեզի հայր. եւ դուք ինծի համար որդիներ եւ դուստրեր» (Բ. Կորնթացիս, 6.16-18)։

Քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքները կը հրաւիրեն սիրոյ վրայ հաստատուած «նոր պատուիրանը ստանալու» (Յովհաննէս, 13.34), «նոր սրտի մը տիրանալու շնորհին արժանանալու» (Եզեկիէլ, 36.26), «նոր ուխտի Արեամբ մեղքի ծառայութենէն ազատագրուելու» (Ա. Պետրոս, 1.19-20), «նոր արարած ըլլալու» (Գաղատացիս, 6.15), այսինքն «հին մարդը՝ խաբեպատիր ցանկութիւններով ապականուածը հեռու վանելու, մտքով եւ հոգիով նորոգուելու ու նոր մարդը հագնելու որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ՝ արդարութեամբ եւ ճշմարտութեան սրբութեամբ» (Եփեսացիս, 4.23-24)։

Հռոմկլայեցի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, որուն վախճանման 850-ամեակը պիտի նշուի այս տարի մեծ շուքով, ըստ Կիրակոս Գանձակեցի պատմիչին, կաթողիկոսարանի պահակ զինուորները պարապ եղանակներէ հեռու պահելու առաջադրութեամբ գրի առած է «Յիշեսցուք ի գիշերի զանուն քո Տէր» երգը եւ սորվեցուցած անոնց։ Այս հոգեւոր երգը ցայսօր կ՚երգուի գիշերային ժամերգութեան ընթացքին՝ որպէս ժամագիրքի անշարժ երգերէն մին։ Այս հոգեւոր երգին մէջ կը հանդիպինք «զարթնուլ» բայի հրամայականին. «Զարթիք». երկվանկ բառ մը, որ հրաւէր է արթննալու, արթուն մնալու։

Հռոմկլայեցի Սուրբ Հայրապետը «Զարթիք նոր ժողովուրդք նոր երգս առեալ նորոգողին. ալէլուիա» բառերով կը դիմէ Քրիստոսի Արեամբ նորոգուելով նոր ժողովուրդ՝ եկեղեցի դարձած հաւաքականութեան։ Երուսաղէմի միաբան հայրերէն հոգելոյս Մկրտիչ Վարդապետ Արծրունեան «Բացատրութիւն» խորագրեալ աշխատասիրութեանը մէջ այս տողերուն մասին կը գրէ. «Ո՜վ նոր ժողովուրդներ, նորոգուած՝ մեղքի հնութենէն, եկէ՛ք, մեր բերաններէն նոր օրհնութեամբ նոր երգեր արտաբերենք, երգելու՝ տիեզերքի Նորոգողին, հին Ադամի մեղքի հնութենէն մեզ Փրկողին փառքը։ Եւ կամ վերստին տեսնելով քու փրկութիւնդ, դարձեալ գոհանալով նոր երգեր երգենք քեզի՝ նորոգողիդ Քրիստոսի, որ նորոգեցիր մեզ հոգւով. որովհետեւ փրկութիւնը առիթ է գոհութեան եւ շնորհակալութեան»։

Տասներկրորդ դարուն, զինուորներու համար գրի առնուած այս հոգեւոր երգը մերօրեայ պայմաններուն մէջ ունի զարթուցիչ ժամացոյցի եւ կամ ահազանգի հանգամանք՝ արթնցնելու համար բոլոր անոնք, որոնք հոգեւոր խոր քունի մէջ կը գտնուին։ Այս քունի վիճակը երբեմն ցուցիչն է այն դժբախտ վիճակին, որուն մատնուողներու համար մոռացութեան տրուած եւ կամ անտեսուած կ՚ըլլայ Քրիստոսի շնորհիւ Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին արժանացած ըլլալու անգին արժէքը։

Քրիստոս երբ կը խօսէր Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս առաքեալներուն հետ, տաճարի կործանման, իր երկրորդ գալուստին եւ աշխարհի վախճանին մասին՝ զանոնք կը հրաւիրէր, որ «հսկեն, աղօթեն եւ արթուն կենան» (Մարկոս, 13.33)։ Երբ կը շարունակենք կարդալ Սուրբ Աւետարանի այս բաժինը, բացայայտօրէն կը տեսնենք, թէ առաքեալներուն եղած ազդարարութիւնը տարածուած է բոլորիս վրայ։ Քրիստոս իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն կը խօսի մեզի. «Բայց ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ՝ ամէնուն կ՚ըսեմ. արթուն կեցէք» (Մարկոս, 13.37)։ Պետրոս Առաքեալ, որ այս խօսքերը լսած էր, իր կարգին ազդարարած է, որ հաւատացեալները ուշադիր ըլլան եւ հեռու մնան սատանայէն ու անոր չար պաշտօնեաներէն, միանգամայն զանոնք հրաւիրելով արթնութեան. «Արթուն կեցէք, հսկեցէք, քանի ձեր ոսոխը՝ սատանան, կը մռնչէ առիւծի մը նման, կը շրջի եւ կը փնտռէ, թէ զով կ՚ըլլէ» (Ա. Պետրոս, 5.8)։

Ժամանակը անվերադարձ կ՚անցնի կ՚երթայ։ Զինուորներու պարապոյ ժամերը արժեւորելու առաջադրութեամբ գրիչ շարժած Սուրբ Հայրապետին բառերը այսօր եւս ի զօրու կը մնան մերօրեայ մարդուն համար։ Շատ անգամներ հարցականի տակ կը դրուի աստուածպաշտութեան, Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանելու, անոր պարգեւած շնորհներուն փոխարէն երախտապարտ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք իրենց հանգիստին, հաճոյքին, ընկերային հաւաքոյթներու ուրախութեան համար զոհողութիւններ յանձն կ՚առնեն, ծախսեր կ՚ընեն, սակայն կ՚ալարին իրենց ժամանակը տրամադրելու աստուածպաշտութեան, Տիրոջ ներկայութեան գալու համար։ Եւ աշխարհիկ հոսանքներէն տարուած՝ որպէս թէ «արթուն»ները, իսկութեան մէջ հոգեւոր առումով քունի մէջ են եւ կարիքը ունին արթննալու։ Երանի թէ մեր ծառայական կեցուածքը առաջի Աստուծոյ ըլլայ անընդհատ եւ ընդմիշտ. բան մը, որ կը պարտադրէ որդեգրել ընդմիշտ արթուն մնալու հարկաւորութիւնը։ Անառակի առակը լաւ օրինակ է բոլորիս համար։ Իր կամքին ուղղութեամբ ընթացած եւ հօրենական օճախէն բաժնուած անառակ որդին որքան ատեն որ ունէր հարստութիւն մը, կը գտնուէր հոգեւոր քունի մէջ։ Երբ չքաւորութեան մատնուեցաւ, այն ատեն արթնցաւ եւ մտաբերեց իր հօրը արժէքը եւ այդ արթնութիւնը իրեն առիթ ընծայեց ընտանեկան յարկին ներքեւ իր եւ հօրը միջեւ եղծանած կապը վերանորոգելու։

Կեանքի ցաւառիթ եւ ուրախառիթ պայմանները միշտ եղած են եւ միշտ ալ պիտի ըլլան։ Պէտք է արթուն գտնուիլ, որպէսզի ցաւառիթ պարագաներուն չըլլանք յոռետես եւ չապստամբինք մեր Երկնաւոր Հօր դէմ։ Իսկ ուրախառիթ պարագաներուն ալ չմոռնանք բարիքներ շնորհող Տէրը։ Չարտօնենք, որ այս աշխարհի իշխանը՝ սատանան գնացնէ մեզ, օգտագործելով մեր ուրախ եւ տխուր պահերը։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ արթնութիւն, որպէսզի թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ տխուր պահերուն միշտ կարենանք ըսել. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուծոյ կամքը»։ Նաեւ կարենանք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին բառերով փառք տալ Աստուծոյ. «Փա՜ռք քեզ Աստուած, փա՜ռք քեզ. յաղագս ամենայնի Տէր. փա՜ռք քեզ»։

Լսենք բառերը ապաշխարութեան գեղեցիկ շարականին, որ ո՛չ միայն արթնութեան կը հրաւիրէ, այլեւ կը հրաւիրէ մեզ փրկող եւ ազատող Աստուծոյ փառքը երգելու. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք մեր Տէր Աստուծոյն։ Երգել եւ սաղմոս ըսել մեր Տէր Աստուծոյն։ Որովհետեւ ան է մեր Տէր Աստուածը, որ մեզ կը փրկէ եւ կ՚ազատէ»։

Երբ կը պատրաստուինք Նոր տարին դիմաւորելու, ունկնդրենք ժամագիրքէն ցոլացող հրաւէրը. «Արթուն միտքով եւ անշփոթ խորհուրդով՝ միաբան աղօթքի կենանք մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, …որպէսզի մարդասէր եւ բարերար Աստուած բոլոր սուրբերուն աղօթքովն ու բարեխօսութեամբը բոլորիս շնորհէ առաքինութեամբ ապրիլ մեր անձերուն փրկութեան եւ իր կենդանարար անուան փառքին եւ պատիւին համար»։

Մեր խնդրանքները կ՚առաքենք առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի շնորհէ արթնութեամբ եւ իմաստութեամբ պսակուած մշտանորոգ կեանքի օրեր։ Հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լի օրեր մաղթելով կ՚ըսենք. շնորհաւոր Նոր տարի բոլորիս։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

(Գատըգիւղ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022