ԲԱՐԻԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Ահաւասիկ, տարի մը եւս մեր ետին թողած՝ կը պատրաստուինք դիմաւորելու 2023 թուականը։ Պատրաստութեան այս ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս, գոյութիւն ունի ուրախ միջավայր։ Նոր տարուան գալուստը մեզ կը տոգորէ խանդավարութեամբ ու նոր յոյսերով։ Մեր հարազատներուն, ընկերներուն, գործակիցներուն ու մեզի համար սիրելի եւ յարգելի անձանց Նոր տարուայ մեր մաղթանքները կը փոխանձենք։

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ այս Նոր տարուան մեր ընդհանրական մաղթանքը՝ նկատի ունենալով անցեալ տարուան ընթացքին պատահած համաշխարային եւ մեր ազգային աղէտալի ու չափազանց վտանգաւոր երեւոյթներն ու եղելութիւնները։ Կրնանք հետեւեալը մաղթել.

«Յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկաս Բ:14):

«Խաղաղութիւն երկրի վրայ ու հաշտութիւն մարդոց միջեւ»։

Աստուծոյ մարդեղութեան խորհուրդը յայտարարած հրեշտակներու այս աւետիսը թող ըլլայ մեր այս Նոր տարուան մաղթանքը։ Աշխարհը եւ մասնաւորապէս՝ հայոց աշխարհը կարիքն ունին խաղաղութեան։ Խաղաղութիւնը, ըստ հրեշտակներու աւետիսին, կարելի է իրականացնել միայն իրարու նկատմամբ բարի կամեցողութեամբ։ Այդ բարի կամեցողութիւնն է, որ պիտի իրականացնէ մեր ազգային միասնականութիւնը։ Մեր մտածելու կամ գործելու տարբեր մօտեցումները պատճառ պիտի չըլլան բաժանման, ընդհակառակն, բարի կամեցողութեամբ պիտի կարողանանք դառնալ ամբողջական եւ հզօր։ Իրարու նկատմամբ մեր ունեցած բարիկամեցողութիւնը մեզի պիտի յիշեցնէ, որ մեզ միացնող ազդակները բազում են՝ քան մեզ բաժնողները։ Ապահովելով մեր միասնականութիւնը կրնանք անդրադառնալ, թէ մեր տարբերութիւնները կամ զանազան մտածելակերպերը միայն կրնան մեզ հարստացնել եւ հզօրացնել։ Առանց ներքին խաղաղութեան կարելի չէ արտաքինը իրականացնել։ 

Մեր այս Նոր տարուան մաղթանքն է, որ բոլորին համար լսելի ու իրագործելի դառնայ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը աւետած հրեշտակներու ձայնը.

«Յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022