ԲԱՐԻ ԵԿԱՐ, ՀԱԶԱՐ ԲԱՐՈՎ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

«Ո՜վ Տէր, սորվեցուր ինծի Քու ճամբադ, որպէսզի Քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ…» (ՍԱՂՄ. ԶԶ 11)

Սիրելի՜ բարեկամներ, ով գիտէ քանիերորդ անգամ մը եւս մեր առջեւ նոր ճամբայ մը կը բացուի ահաւասիկ։ Շատեր անցան հին ճամբայէն՝ երբեմն զուարթ, երբեմն տխուր, երբեմն լուսաւոր, երբեմն խաւար, երբեմն գոհացած, երբեմն կարօտալի՝ միշտ տարբեր տրամադրութիւններու, տարբեր վիճակներու մէջ։

Բայց միշտ փափաքեցանք լաւը, կատարեալը, անթերին եւ զօրաւորը ունենալ։ Կարելի՞ է ասիկա։ Թէեւ յայտնի է պատասխանը, ո՛չ։ Հին ճամբուն վրայ երբ կը քալէր հիւանդը՝ յոյսն էր անոր առողջութիւնը, երբ կը քալէր ձախողածը՝ յոյսն էր յաջողութիւնը, երբ խաւարի մէջ էր մէկը՝ յոյսն էր լոյսը, երբ մէկը կորսնցուցած էր՝ յոյսն էր գտնել իր կորսնցուցածը… եւ ահաւասիկ այս սպասուած յոյսին լոյսը ա՛յսօր է. նոր տարին, նոր ճամբան, նոր կեանքը թերեւս…

Նոր տարին, նոր ճամբան, նոր կեանքը պիտի կարենա՞ն փոխել ամէն բան, հաւանաբար ո՛չ, սիրելիներ, բայց փոխելու համար ջանք թափել մարդուս առաջնակարգ պարտականութիւնն է, նաեւ կոչո՛ւմը։ Եւ ահաւասիկ յոյսը իրապէս «յո՛յս» է, երբ մարդ աշխատի իր փափաքին տիրանալու։ Այս իմաստով յոյսը, չէզոք զգացում մը չէ, այլ՝ գործ պահանջող, շարժում ուզող դրական հոգեվիճակ մըն է։ Ուստի, չի բաւեր անշարժ եւ անգործ սպասել «յոյս»ին իրականացման, պէ՛տք է յոյսը հետապնդել, յոյսին ուղեկից ըլլալ, եւ այն ատեն է, որ յոյսը կ՚իրականանայ։

Մարդ, ամէն «նոր» բանէ նոր յոյսեր կ՚ունենայ, ինչպէս «նոր տարի»էն ալ շա՜տ բան կը սպասէ. առողջութիւն, յաջողութիւն, երջանկութիւն, խաղաղութիւն, հարստութիւն, դիրք եւ աստիճան։ Բայց եթէ անոնց իրականացման համար ոչինչ կ՚ընէ, ի զուր կը սպասէ, քանի որ յոյսը չի գար, մարդ պէտք է, որ ինք յոյսին երթայ, յոյսը շարժման անցընէ։

Առանց յուսալու կեանք գոյութիւն չ՚ունենար, բայց բան մը գոյացնելու համար «գործ» պէտք է՝ իմաստութիւն, խելահասութիւն եւ հոգեւոր փորձառութիւն պէտք է։ Խաւարէն ելլելու եւ լոյսը տեսնելու համար ջանք պէտք է ընէ մարդ։

Այսպէս ալ, «նոր տարի»ն չէ՛ որ մեզի նոր բան մը պիտի տայ, մե՛նք պիտի առնենք նոր տարիէն այն ամէնը՝ որ կ՚ուզենք, կը փափաքինք, կարօտը ունինք։ Աստուած ալ երբ տիեզերքը ստեղծեց, «թող ըլլա՛յ» ըսաւ, այսինքն «բան»ը իրականացուց, կամքը յայտնեց՝ ըրա՛ւ։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, անշուշտ, որ նոր տարին հանգրուան մը, առիթ մըն է, քանի որ, ըստ էութեան, «նոր» է, բայց այդ նորը «նոր» ըլլալու եւ «նոր» մնալու համար մե՛նք ալ պէտք է նորոգուինք, մենք ալ պէտք է «հին»ը, ամէն հինը, որ մեզի վնաս կը պատճառէ այլեւս, պէտք է թօթափենք, եւ «նոր մարդ» ըլլալու աշխատինք։ Արդարեւ, «նոր»ին համակերպելու համար չի բաւեր անոր ներբողներ հիւսել, գովասանքներ ընել, գովերգել, այլ պէտք է անոր քայլ յարմարցնել, զայն ընդունիլ եւ «համաձայնիլ» անոր։

«Նոր տարի», «Կաղանդ», «Ամանոր». բոլոր այս բառերը մեզ կը յիշեցնեն, թէ պէտք է նորոգուինք, «նոր մարդ» ըլլանք, բայց ասիկա միայն խորհելով, խօսելով չ՚ըլլար. պէտք է իրապէս նորոգուի՛նք, խաւարէն դէպի լոյս յառաջանանք, լուսաւորուինք թէ՛ մտապէս, թէ՛ հոգեպէս։

Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Սորվեցուր ինծի Քու կամքդ ընեմ, քանի որ Դուն ես իմ Աստուածս, թող Քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ» (ՍԱՂՄ. ՃԽԳ 10)։

Իրապէս «նոր»ը գտնելու եւ նորին համակերպելու՝ նորոգուելու համար Աստուծոյ օգնութեան կը կարօտինք։ Ուրեմն, սիրելի՜ներ, նորոգուելու ճամբան կը սկսի մեր հաւատքը նորոգելէն, զայն ամրացնելէն։ Հաւատքն է, որ յոյսը կ՚իրականացնէ։

«Ճառագայթ փառաց, ճանապարհ ինձ ցոյց, ճեպել ի յերկինս։ Միածինդ Հօր, մոյծ զիս յառագաստ, մաքուր հարսանեացդ։

«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրս, յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։ (Երգ Աղօթական, Տիառն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի)։

Մեր առջեւ բացուած «նոր» ճանապարհներէն անվտանգ եւ ապահով քալելու համար Աստուծոյ կը կարօտինք, ինչպէս՝ նորոգուելու համար։

Ուրեմն առանց Աստուծոյ կարելի չէ նորոգուիլ եւ անվտանգ քալել մեր առջեւ բացուած ճամբուն վրայ։ Արդարեւ, «նոր տարի»ն ալ մեր առջեւ նոր ճամբայ մը կը բանայ եւ մեզ կը հրաւիրէ նորոգուելու։ Բայց պէտք է գիտնանք, որ այդ ճամբան անվտանգ քալելու համար մեր միակ ապաւէնն է Աստուած եւ մեզ միակ նորոգողը Ան է։

«Հին»ին թշնամին «նոր»ը չէ, այլ նոյնինքն՝ հինը, որ չ՚ուզեր որ հինը նորոգուի։ Եւ այս պատճառով է, որ հինէն կառչած մնալ մարդուս ոչ մէկ օգուտ կ՚ապահովէ, այլ՝ միա՛յն վնաս։

Նորոգուելու համար նախ ետ նայինք, որովհետեւ յառաջ ցատկելու համար պէտք է նախ մի քանի քայլ ետ երթալ եւ յետոյ յաջող կերպով ոստնուլ, յառաջանալ։ Նայինք, թէ մեր անցուցած «հին» տարուան մէջ բարեբեր ի՞նչ ըրինք։ Կրցի՞նք վայելել Աստուծոյ անթիւ բարերարութիւնները։ Կրցի՞նք անդրադառնալ, թէ մեզի պատահած ամէն բարիք Աստուծմէ է, թէ ոչ այդ բոլորը մեր անձին վերագրեցինք։ Յաջողութիւններու հեղինակը «ես»ը՞ ճանչցանք, թէ Աստուած։

Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ դարձեալ. «Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, եւ Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար» (ՍԱՂՄ. ՃԳ 2)։

Հին տարուան մէջ, Աստուած՝ մեր երկնաւոր Հայրը, բազմաթիւ հոգեւոր, մտաւոր եւ մարմնական-նիւթական օրհնութիւններ շնորհեց մեզի։ Անոր ամենազօր եւ ամենակարող կամքը մեզի հովանի եղաւ աներեւոյթ փորձանքներու մէջ եւ թերեւս մենք չանդրադարձանք նոյնիսկ։ Ան մեզ ազատեց հիւանդութիւններէ, անյաջողութիւններէ եւ մահուան սպառնալիքներէ փրկեց։ Յայտնեցի՞նք մեր երախտապարտութիւնը Աստուծոյ, թէ ոչ այդ բոլորը ընդունեցինք՝ որպէս դիպուած։

«Շնորհակալութիւն մատուցանողը զԻս կը փառաւորէ», կ՚ըսէ աստուածային իմաստութիւնը (ՍԱՂՄ. Ծ 23)։

Եւ դարձեալ ետ՝ «հին»ին նայինք եւ տեսնենք մեր սայթաքումները, անկումները, մոլորում եւ գայթումները, ձախողանքները, հոգեւոր կորուստները, պարտութիւնները, հոգեւոր նահանջը, սկզբունքային շեղումները… Թերեւս ինկանք աշխարհասիրութեան մէջ, դարուս ոգիին համակերպեցանք, մոռցանք զԱստուած, թոյլ եւ անտարբեր հոգեւոր կեանք մը ունեցանք, շատ անգամ չաղօթեցինք՝ խորհելով, թէ մենք մեզի ինքնաբաւ ենք եւ աղօթելու պէտք չունինք, քիչ սիրեցինք, քիչ ծառայեցինք։

Թերեւս ունեցանք փորձութիւններ, գործեցինք սխալներ, ունեցանք թերութիւններ, վշտացուցինք մեր շուրջինները եւ փոխանակ զղջալու եւ անոնք Աստուծոյ ներկայացնելու՝ մենք մեզի յուսահատութեան մատնեցինք։ Եւ «չար»ը առիթը օգտագործելով մեր հաւատքը խախտել, տկարացնել փորձեց։ Եւ այսպէս, անգիտակցաբար «չար»ին գործակից եղանք, փոխանակ «բարի»ին հետամուտ ըլլալու։ Եղանք թերահաւատ եւ կասկածամիտ հաւատացեալներ՝ չըսելու համար «անհաւատներ»։

Հին տարին ապրուեցաւ նաեւ «հոգեւոր յաջողութիւններ», անշուշտ։ Հին տարին լեցուն չէր, անշուշտ, անկումներով եւ հոգեւոր ձախողութիւններով։ Ունեցանք նաեւ հոգեւոր նուաճումներ, գործեցինք աստուածահաճոյ գործեր, թերեւս ատեն ատեն զոհեցինք մեր ժամանակը Աստուծոյ գործին համար, աղօթեցինք, օգնեցինք կարօտեալներուն, ցաւակից եւ վշտակից եղանք դժբախտներու, անդրադարձանք մեր աստուածային էական կոչումին՝ իրերօգնութեան կարեկից եղանք, ողորմած եղանք, մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն տուինք կարօտ անձերու, ուրախացուցինք եւ մասամբ թեթեւցուցինք անոնց ցաւերը։ Աստուծոյ կենսատու խօսքը փոխանցեցինք տարակուսանքի մատնուածներուն։ Բայց, եթէ ըրինք այս բոլորը կամ մէկ մասը, անիկա մեր հոգեւոր պարտքն էր, որ վճարեցինք, մեր քրիստոնեայի բնական պարտականութիւնն էր, որ կատարեցինք, ապա ուրեմն երբեք պէտք չէ մեզ սնապարծութեան եւ հպարտութեան մղեն այդ գործերը։ Եթէ ըրինք, Աստուծոյ փառք տալու ենք, որ այդ առիթը տրուեցաւ մեզի եւ կրցինք անդրադառնալ մեր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան։

«Առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել», կ՚ըսէ Յիսուս (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կը խոստովանի. «Ամէն բանի կարող իմ Անով՝ որ զիս զօրացուց» (ՓԻԼ. Դ 13)։

Ուստի, պէտք է աւելի առատանան առաքինութիւնները, բարեգործութիւնները, աստուածահաճոյ գործերը մեր կեանքին մէջ։ Եւ ահաւասի՛կ «Նոր տարի»ն լաւագոյն առիթն է անոնց մասին մտածելու եւ գործադրելու առանց յապաղումի, առանց տարուելու աշխարհասիրութեան մոլորումէն։ Կարեւորը իյնալը չէ՛, այլ իյնալէն ետք կանգնիլն է։ Ուրեմն, ջանանք չկրկնել մեր սխալները, որոնք անցեալ տարի գործեցինք, իսկ բարեգործութիւններու մէջ աճինք։ Ա՛յս է Նոր տարիէն սպասուածը՝ անդրադառնալ ճշմարտութեան, նուազիլ չարութեան մէջ եւ ճոխանալ բարիքի մէջ։

Եւ երբ կայ սէր, ապա ինչո՞ւ ատելութիւն։

Երբ կայ խաղաղութիւն, ինչո՞ւ խռովութիւն…

Սիրելի՜ներ, Նոր տարին առի՛թն է վե՛ր նայելու։ Որովհետեւ «Ամէն բարի տուրք եւ ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է, եւ լոյսի Հօրմէն կ՚իջնէ» (ՅԱԿ. Ա 17)։ Բայց, ուշադրութի՛ւն. մարդ երբ վեր նայի, հոն երբեք պէտք չէ ինքզինք տեսնել փորձէ կամ իր «ես»ը տեսնել ուզէ, քանի որ «վեր»ը միայն Աստուծոյ է եւ վերը ինքզինք տեսնել, գուցէ ենթական ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան, ինքնիրմով հպարտութեան ինքնախաբէութեան կը մատնէ։

Ուրեմն, տեսնենք, թէ «վար»ը ի՞նչ կայ։

Նոր տարին առիթ մըն է նաեւ «վար նայելու»։ «Վար» նայինք, որովհետեւ մեր շուրջը գտնուողները թող «տեսնեն մեր բարի գործերը, եւ փառաւորեն մեր Հայրը որ երկինքն է» (ՄԱՏԹ. Ե 16)։ Ուստի վար նայինք եւ խոնարհութեամբ ապրինք մեր կեանքը, երբեք չկարծենք, թէ մենք մեր նմաններէն աւելի վեր ենք, վար նայիլ մեզի ցոյց կու տայ մեր հաւասարութիւնը մեր նմաններուն հետ, քանի որ Աստուծոյ առջեւ ամէն անհատ հաւասար է։ Ուրիշը ստորադասել Աստուծոյ հանդէպ ըմբոստութիւն, ապստամբութիւն է, քանի որ բոլոր մարդիկ անխտիր Հօր Աստուծոյ որդիներն են… Նոր տարին մեզի առիթ կու տայ անգամ մը եւս անդրադառնալու այս ճշմարտութեան։ Ուստի զգուշութեամբ եւ առաքինութիւններու մէջ բծախնդրութեամբ ապրինք Նոր տարին իր բարիքներով։

Արդարեւ Նոր տարուոյ առաջին օրը՝ Ամանորը հաճոյքով դիմաւորելը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է՝ ժամանակը նորոգել գիտցող մարդոց կողմէ հաստատուած։ Բայց պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ ան հետզհետէ վերածուած է «ծառ»ի մը խորհուրդին եւ կորսնցուցած է իր իմաստը եւ նպատակը։ Ուստի «այս տարի պիտի փոխուիմ» ըսել չի՛ բաւեր։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պիտի փոխուի մարդ. սա է կարեւորը։ Անշուշտ, ամէն մարդ աւելի լաւը կ՚ուզէ, բայց ո՞րն է «լաւ»ը՝ անիկա գիտնալն է կարեւորը։

Ի՞նչ կ՚ուզեն մարդիկ. հարստութիւն, յաջողութիւն, համբաւ, լաւ անուն, վարկ, դիրք «ծառ»ի մը շուրջ, թէ՝ խաղաղութիւն, երանութիւն, հաշտութիւն եւ անպայմա՛ն սէր։

Արդարեւ, ի՛նչ որ չի նորոգուիր, մեռնելու դատապարտուած է եւ ահաւասիկ նորոգուելու ազդանշան մը, առիթ մը, բայց պէտք է գիտակցութիւնը ունենալ նորոգուելու նպատակին, թէ դէպի ո՞ւր կը նորոգուինք. դէպի լա՞ւը, դէպի բարի՞ն, թէ դէպի վատը, դէպի չարը եւ դէպի վնասակարը։ Նոր տարին այս որոշումը կը սպասէ մեզմէ ահաւասիկ։

Շնորհաւոր Նոր տարի, սիրելի՜ներ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

(Իսթանպուլ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022