ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Համայն հայութիւնը 2023 թուականը կ՚ողջունէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման ակնկալութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը երկար տարիներէ ի վեր պաշտամունքի փակ է, որովհետեւ ամրակայման ու հիմնանորոգման աշխատանքները տեւած են շատ երկար։ Յամենայնդէպս, կ՚ակնկալուի, որ այս տարի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը օծուի ու վերաբացուի պաշտամունքի։

Համայն հայութեան Սրբութիւն Սրբոցին օծման զուգահեռ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս տարի կը նախատեսուին նաեւ՝ յետաձգուած Միւռոնօրհնութիւնն ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Արարողութիւնները կը նախատեսուին աշնան։

Եթէ այժմու կանխատեսումները արդարանան, ապա յառաջիկայ աշնան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած արարողութիւնները իսկապէս հոգեւոր մեծ տօնախմբութեան մը համազօր պիտի ըլլան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներուն տեսակէտէ։ Մայր Տաճարի օծման խորհուրդի պայմանաւորելիք մթնոլորտին մէջ պիտի օծուի Միւռոնը եւ այդ նոր օծուելիք միւռոնով ալ պիտի ձեռնադրուին նոր սրբազաններ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022