ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ…

Դարերու ու հազարամեակներու ընթացքին, գիրի ու գրականութեան մարդիկ, իմաստասէրներ, ինչպէս նաեւ սովորական մարդիկ յաճախ իրենց համար սովորական բաներու նմանցուցին կեանք կոչուած ժամանակաշրջանը։

Այդ նմանութիւններէն ամենածանօթներէն մէկը ճամբորդութիւնն է կարծէք, մարդ արարածին ծնունդով սկսած ճամբորդութիւն մը։

Նախ այդ ճամբորդութեան սկիզբը տանինք կարծուածէն քիչ մը աւելի ետ։ Ծնունդէն առաջ, երբ մօր որովայնին մէջ կազմաւորուելու սկսած է մարդը, սկսած պէտք է նկատենք նաեւ ճամբորդութիւնը։

Կու գան ժամանակներ, երբ վայրկեանները մեզի համար շատ երկար կը թուին, կու գան ալ ժամանակներ, որոնք հովի պէս կ՚անցնին։ Կեանքի Տուիչը միայն գիտէ, թէ իւրաքանչիւրիս աշխարհի ճամբորդութիւնը որքան երկար պիտի տեւէ։

Այս ճամբորդութիւնը կը սկսի լալով։ Երեխային առաջին լացի ձայնը ուրախութիւն մը կը պատճառէ զինք սպասողներուն։ Եւ օր մը՝ սիրողներ, նոյն այդ անձին համար պիտի լան, քանի ան այս անցաւոր աշխարհէն ֆիզիքապէս կը մեկնի, այլ խօսքով կ՚աւարտէ այս ճամբորդութիւնը։ Այս երկու դրուագներուն միջեւ երկարած շրջանն է, որ մենք կեանք կը կոչենք։

Երբեմն ուրախ, երբեմն տխուր, երբեմն յուզումնալից, երբեմն ալ սովորական ժամերու, օրերու, տարիներու շղթայ մը ըլլայ կարծես պարզապէս։

Այդ շրջանը արժեւորել մեզմէ իւրաքանչիւրիս թողուած է։

*

Մարդ արարածը միշտ սիրած է ժամանակը մասերու բաժնելով դիւրըմբռնելի դարձնել զայն։ Ու մեր աշխարհ կոչուած մոլորակին արեւու շուրջ մէկ անգամ դարձած շրջանը կոչեր են տարի։ Եւ տարիներու իրարմէ ունեցած սահմանը կոչեր ենք «Կաղանդ» ու յաջորդը՝ «Նոր տարի» կամ «Ամանոր»։

Իւրաքանչիւրիս համար նոր բան չէ, թէ տարւոյն 365-րդ օրը՝ վերջին ու յաջորդ օրը՝ Նոր տարիի առաջին օր կոչելը մեծ բան չէ։ Սակայն, այդ մէկը «մեծ բան» դարձաւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, երբ մանուկներ էինք։ «Մանկութիւն չունեցող» սերունդի ներկայացուցիչները զանց առնելով, ո՞վ կրնայ ըսել, որ կարեւոր օր չէ Կաղանդը եւ կարեւոր մարդ չէ Կաղանդ պապուկը։

Յիշենք, սիրելիներ, որ Շիրակի մեծ ու ահաւոր երկրաշարժի յաջորդ օրերուն իսկ, այդտեղի մանուկները Նոր տարիով ոգեւորուած էին։

*

«Ճամբորդութիւն» կամ «ուղեւորութիւն» գեղեցիկ բառեր են մեր մայրենիի բառամթերքին մէջ։ Սակայն, դարձեալ մարդուն, յատկապէս հաւատացեալ մարդուն թողուած է այդ ժամանակահատուածը փոխակերպել «ուխտագնացութեան»։

«Ուխտագնացութիւն» կը նշանակէ սրբավայր մը երթալ երկրպագելու, կը նշանակէ նաեւ ուխտ մը կատարելու համար երթալ հեռաւոր սրբավայր մը կամ վանք մը ու եկեղեցի մը։

Ինչպէս վերը նշեցինք, մարդ արարածի կեանքին սկիզբը ծնած պահը չէ։ Եւ եթէ մարդ հաւատացեալ է ու կը հաւատայ Աստուծոյ եւ հանդերձեալ կեանքին, այն ատեն իր կեանք կոչուած շրջանին վերջակէտը ՉԷ՛ մահը, այլ՝ ան պարզապէս ստորակէտ մըն է միայն։ Եւ եթէ այդպէս է ու մենք կը հաւատանք, այն ատեն իւրաքանչիւրիս կեանքը է՛ կամ պէ՛տք է ըլլայ ուխտագնացութիւն մը։

Հայ երաժշտութիւնը ի՜նչ գեղեցիկ յօրինուածք ունի ուխտագնացութեան մասին, ուր կը պատկերացնէ ուխտաւորներ, որոնք ուխտի կ՚երթան Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին։ Յիշենք Բարսեղ Կանաչեանի «Նանոր»ը՝ երկարաշունչ ու սքանչելի այդ համանուագը։ Մերթ յուզումնալի, մերթ ուրախ այդ օրաթորիոն, որ ուխտագնացութեան ձայնային պատկերացումն է։

Կեանքի ճամբորդութիւնը ուխտաւորութիւն է եւ ուխտաւորութիւնը ճամբորդութիւն մը։ Եւ երբ տարուան այս վերջին օրերուն ճամբորդութեան մասին կը մտածենք, յիշենք եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մէկը՝ Ս. Նիկողայոսը։ Ան ո՛չ միայն մանուկներու Կաղանդ պապուկն է, այլեւ՝ ճամբորդներու պաշտպան սուրբը։ Պոլիսէն դէպի արեւմուտք գացողներու կայանն էր քաղաքի այդ ծայրամասի եկեղեցին՝ Թոփգաբու թաղի Ս. Նիկողայոսը, իսկ դէպի արեւելք գացողներու քաղաքի վերջին աղօթատեղին էր Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին։

Ուղեւորութեան աղօթքներու առընթեր, ուխտագնացութեան համար Աստուածաշունչ մատեանի մէջ կայ յատուկ սաղմոս մը, «ուխտաւորներու երգ» ենթախորագիրով.

«Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս, ի տուն Տեառն երթիցուք մեք»
(Ուրախացայ, երբ ըսին ինծի «Տիրոջ տունը երթանք»)։
(Սաղմոս 121.1)

Եկէ՛ք, սիրելիներ, այս տարուան վերջին օրերուն ու ժամերուն՝ երբ կ՚ընթանանք մեր կեանք կոչուած ուխտագնացութեան ճանապարհին, օրացուցային փոփոխութեան հետ թող փոխուին մեր անձերը, թող մեր տկարութիւնները Տիրոջմով զօրութեան բարեփոխուին, որպէսզի քիչ մը աւելի պատրաստ ըլլանք մեր ներկայութիւնը ապահովելու Տիրոջ Տան մէջ եւ բաժնեկից դառնալու Անոր՝ մեզի համար սարքած խնջոյքին։

*

Տիրոջ սէրն ու շնորհքները, Անոր Շնորհաց 2023 թուականին առաւել եւս մեզ բոլորիս հետ ըլլան. ամէն։

ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022