ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Ամանորի սեմին համայն մարդկութիւնը կը միանայ այս բարեմաղթութեան եւ կը սպասէ, որ Նոր տարին բերէ իրենց սրտի իղձերը ու փափաքները, եթէ ոչ գոնէ Նոր տարուան օրերը լեցուն ըլլան շնորհներով ու երջանկութեամբ։

Ինչպէս կարելի է չմիանալ այս փափաքներուն ու աղօթքներուն։ Բայց հետաքրքրականը այն է, որ միշտ նոյն բանը կը կրկնուի եւ շարունակ մարդոց մեծամասնութիւնը կը մոռնայ, որ անցեալ տարիներու վերջաւորութեան ալ նոյն ու նման ուրախութիւնն ու ցանկութիւնները ունեցած էր։

Աստուած գիտէ՝ 2023 տարուան օրերու ընթացքին եւս մեր խնդրանքները պիտի իրականան կամ ոչ, բայց միւս կողմէ հաստատ գիտենք, որ Աստուած իրմէ խնդրողին կու տայ բոլոր բարի նուէրները, ըստ իր կամքին եւ մեր կարիքներուն համաձայն։

«Ուստի, եթէ դուք, որ չար էք, ձեր զաւակներուն լաւ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը, որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց, որ իրմէ կը խնդրեն» (Մատթ 7-9)։

Կը խորհիմ, որ մեզի վիճակած երջանկութեան եւ նուէրներու մեծագոյն բաժիններէն մէկը, Աստուծոյ հրամանով, առողջութեամբ եւ ընտանիքի բոլոր անդամներով միասին, Նոր տարի մը եւս դիմաւորելն է։ Քանի, ինչպէս ըսինք, մնացեալ բոլորը նոյնն է եւ յաւէտ նոյնն ալ պիտի մնայ։

Ժողովողի հեղինակը Սուրբ գիրքի մէջ այսպէս կ՚ըսէ.

«Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ
Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։
Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ»։

Ինչո՞ւ ուրեմն նորի կը սպասենք, ի՞նչ է նորին զօրութիւնը, նորը ուրկէ՞ կը ստանայ իր այս մեծ ձգողական ուժը եւ ինչո՞ւ դարձեալ միշտ հինը կը փնտռուի։ Մեր կեանքի տեւողութեամբ շարունակ հին ու անցեալ օրերուն երանի կու տանք, հին ապրումները միշտ յարգի կը նկատենք, մեր աչքերը կը լեցուին՝ մանաւանդ այն հին օրերը յիշատակելու ժամանակ, երբ դեռ մեր սիրելիներէն շատեր մեզմէ յաւէտ չէին բաժնուած։

Չէ՞ որ, ժողովրդական առածն ալ նոյնը կըսէ. «Եկողը կը կարօտեցնէ անցեալը»։

Մենք՝ իբրեւ մարդ արարած, ժամանակի, այսինքն անցեալի, ներկայի եւ ապագայի կոչուած ժամանակամիջոցի մը մէջ կը սաւառնինք։

Իրականութեան մէջ, մեր անցեալ կոչածը ստեղծագործութեան ժամանակ Աստուծոյ հետ անմահ եւ յաւիտեան ապրելու մեր այն երանելի օրերն են։

Ձեւով մը մարդկային կեանքի պատմութեան դարասկիզբն է։ Ներկան մեր ամէն մէկ ապրած օրն է, որ կ՚անցնի եւ կ՚աւելնայ մեր այն հին, երանելի օրերուն վրայ, իսկ ապագան այն ժամանակն է, որուն կը կարօտինք՝ դարձեալ մեր արարչին, Աստուծոյ հետ ըլլալու համար։

Ուրեմն, մեր այս վերիվայրումներու ու նորի դէմ ձգտումի պատճառը մեր հոգիին Աստուծոյ հանդէպ ունեցած կարօտէն զատ բան մը չէ։ Անգիտակից մարդիկ կեանքի մէջ կը վազ նորի, նորութեան ու նորաձեւութեան ետեւէն։

Այսպիսիներ երբեք պիտի չյագենան, պարապի շուարած տարիներ պիտի անցընեն՝ ինչպէս Իսրայէլի ժողովուրդը քառասուն տարիներ անցուց անապատի մէջ եւ ամբողջ ժողովուրդ մը փճացաւ՝ առանց իրեն աւետուած երկիրը տեսնելու։

Եկե՛ք, սիրելիներ, այս սուրբ օրերուն, երբ կը պատրաստուինք Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը դիմաւորելու, հաշուեյարդարի նստինք եւ մեր կեանքերը հաշուի առնենք ո՛չ միայն անցեալ տարուան, այլեւ մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան գործուածներու համար։ Կեանքը հաշուեյարդար կը պահանջէ եւ եթէ մէկը չնստիր ու իր կեանքը հաշուի չենթարկէր, դժբախտ վիճակ է։ Իւրաքանչիւր նոր տարի կամ շրջան մարդոց առջեւ դրուած միջոցներ են, որոնք սրբագրութեան առիթ ու դիւրութիւն կ՚ընծայեն։

Հիմա անցեալն եւ ապագան միասին ապրելու ժամանակն է, այսինքն կարօտելով մեր հին երանելի օրերը եւ յուսալով մեզի խոստացուած յաւիտենական կեանքը, որ ճշմարիտ Աստուածատուր նորութիւնը պիտի ըլլայ մեր բոլորին։

«Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին Ու երկրին երեսը կը նորոգես» (Սաղմ. 104-30)

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022