ԱՊԱԳԱՆ ԴԱՌՆԱՅ ՆԵՐԿԱՅ, ՆԵՐԿԱՆ ԴԱՌՆԱՅ ԱՆՑԵԱԼ
«Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ
կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝
ձեր հաւատքին համաձայն» (Հռովմ. 15.13)
Ամանորը հասած է եւ աշխարհի վրայ չկայ անձ մը, որ կաղանդի ծառի կանաչը տեսնելով չհմայուի եւ իր յոյսը չդնէ գալիք տարուան վրայ։ Անժամանակ Աստուծոյ մարդոց մօտ դրած ժամանակացոյցի խաղալիքը կրկին անգամ կ՚աշխատի եւ մարդիկ Ամանոր բառին առընթեր կը վերյիշեն յոյսի եւ բարեմաղթանքներու գաղափարները։ Կարծէք իւրաքանչիւր անհատի ուշադրութիւնը կեդրոնացած ըլլար կաղանդի ծառի մօտ դրուած ժամացոյցին վրայ եւ սլաքներու շարժումները առաւել եւս հրճուողական ձայնով հմայէր յուսադրեալներու ականջները։ Ահա, հասած է նոր տարուան մեր ծրագիրները պատմութեան էջերուն ներկայացնելու փուլը՝ առանց գիտնալու նոյնիսկ յաջորդ օրուան անսպասելի խաղերը։
Ինչո՞ւ մարդ արարածը կարող չէ եղած ապագան իմանալու՝ որքան որ գիտէ ներկայի եւ անցեալի մասին։ Իրաւ է, թէ Հին կտակարանի եւ Նոր կտակարանի մէջ օրինակները շատ են այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ զօրակցութեամբ ստացած են շնորհքը, նոյնինքն ամենահեռաւոր ապագայի մասին խօսելու եւ մարգարէութիւններ ընելու։ Աստուծոյ կամքով մարգարէութեան շնորհք կրնայ ունենալ նոյնինքն իւրաքանչիւր հաւատացեալ. բան մը, որ աստուածամերձ մարդկանց, մարգարէից եւ առաքելոց մօտ յաճախակիօրէն տեսանելի դարձած է։ Բոլոր դէպքերուն մէջ, սակայն, մարգարէացողը խորապէս համոզուած է, թէ իր միջոցով կը գործէ նոյնինքն Աստուած։ Ի տես այս իրողութեան, ըստ Ս. Գրքի՝ իւրաքանչիւր մարդուն չէ տրուած ապագայատեսութեան շնորհքը, վասն զի անձինքն կրնան վնասել իրենց ներկային եւ կրնան վնասել իրենք զիրենք։ Այդ պատճառաւ է, որ մարդ արարածը ընդհանրապէս զուրկ կը ծնի այդ կարողութենէն։
Ուրեմն մարդ արարածը ի՞նչ բանի պէտք է հետամուտ ըլլայ. ի ձեռին ունեցած անցեալին եւ ներկայի՞ն, թէ անյայտ ու խորհրդաւոր ապագային։ «Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ՚ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։ Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ» (Երեմիա, 29.11-12)։
Անցեալը, ներկան ու ապագան անտարակոյս աղերսուած են իրարու։ Մարդկութիւնը՝ որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութեան մասնիկ, իր անցեալով կ՚ուղղուի դէպի առօրեան՝ այն ժամանակահատուածը, որ անցեալին անյայտ ապագայ մը որակուած էր։ Իսկ մերօրեայ ժամանակները արդէն քանի մը ժամ յետոյ դարձած պիտի ըլլան անցեալ։
Ուստի, Տէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին ժամանակ տուած է, լաւապէս արժեւորելու՝ այնպէս մը, որ երբ անխուսափելի վերջակէտը հասնի, ամբարած ըլլանք հարուստ անցեալ մը։ Մարդկային միտքը ի ծնէ հաշտ է բնութենական այս կարգաւորումով, սակայն, բաւ է, որ հաշտուած ըլլայ իր մարդկային կարողութիւններով ու ապագային հանդէպ իր ակնկալիքներով։
Մարդկութեան երջանկութիւնը կախուած է շօշափելի ու զգալի տարրերու օգտագործումէն՝ յուսադրուիլ Տիրոջմով, այն Արարչով, որ Տէրն է նաեւ մեր անցեալին ու ապագային։ Առաւել եւս կարեւոր է, որ ներկան օգտագործելով՝ մենք կարողութիւն ունենանք ազդել ապագայի վրայ, որովհետեւ մենք կը հնձենք այն, ինչ որ կը ցանենք։ Մեր ուղղահայեացքով կարող ենք հարթել վատ անցեալը՝ զգալով դրականի զօրութիւնը եւ կամ լաւ անցեալ մը աղաւաղել՝ ճաշակելով վատութեան դառնութիւնը։
Ի մտի ունենանք, որ Աստուծոյ սէրը կը գործէ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ անընդհատօրէն եւ կը գործածէ մեր բանականութիւնը։ Մեր խղճին մէջ կատարելի հաշուեյարդարի հիմնական սկզբնաղբիւրն է Արարիչը եւ ահա՛, 2025-ի տարեմուտին կը կանչուինք զգալ Արարչին նախախնամութիւնը հանդէպ մարդկութեան, կշռել մեր անցեալ տարին կշիռքովը արդար Արարչին եւ յոյս դնել վստահութեամբ ապագայի տուիչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ։
Ի՞նչ ուրախութիւն կը պատճառէր ընտանիքի երէց անդամներուն, որոնք շրջապատուած ըլլային իրենց զուարթ հարազատներով եւ տեսնէին, որ իրենց կեանքը այս տարի դատապարտուած ըլլար գերեզմանին։ Կամ ի՞նչ մխիթարութիւն կը բերէ Բանին Կենաց քարոզչին, եթէ ժամանակէն առաջ գիտնայ, թէ իր խօսքերը որեւէ ազդեցութիւն պիտի ունենան ժողովուրդին սրտերուն մէջ։ Կամ ինչպէ՞ս կրթութիւն ջամբէ կրթական մշակ մը՝ գիտնալով, որ որեւէ ձեւով օգուտ պիտի չունենայ իր աշխատութիւնը ապագայ կերտելու համար։ Կամ ի՞նչ օգուտ գիտնականի մը կանխատեսել, որ իր գիտական աշխատութիւնը առանց աւարտելու պիտի ամայանայ։ Արդեօք պիտի ունենա՞ն այն սկզբնապատճառը, երբ գիտնան, թէ իրենց բոլոր աշխատութիւնները ապարդիւն պիտի մնան եւ կամ իրենց ակնկալածէն շատ նուազ արդիւնքներ պիտի արտադրեն։ Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին, այս բոլոր եւ նման դէպքերուն մէջ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար չգիտնալ ապագան, որպէսզի ապագայի հանդէպ ունենանք ստեղծագործելու կորով։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եկէ՛ք, այս Ամանորին փորձենք տեսնել Աստուծոյ ողորմութիւնը հանդէպ մարդկութեան։ Ապագան տեսնելու եւ զանազան գուշակութիւններ ընելու փորձերէ ձերբազատուինք պահ մը, որպէսզի անիմանալին իմանալու փորձերով չտանջենք մեր ներկան ու էութիւնը։ Պէսպիսի խռովութիւններու եւ ձախողումներու մատնուած աշխարհի իրականութեան մէջ դոյզն յոյսի նշոյլ մը իսկ ուրկէ՞ պիտի գտնենք։
Եկէ՛ք, օգտագործենք այն, որ տրուած է մեզի՝ անցեալն ու ներկան ու նոր կեանքի օրերուն դէպի լոյս ուղղուելու համար փորձենք լաւագոյնս օգտագործել մեր ներկան՝ իր նիւթականով ու բարոյականով։ Միանալով 100-ամեայ բանաստեղծ Զահրատի տողերուն՝ յոյս ունենանք, թէ աղուոր բաներ կը պատահին. «կը նայինք լոյս հորիզոնին ու պատրաստ ենք վերապրելու մեր կեանքը հին։ Աղուոր բաներ երբ պատահին, աղուոր բաներ կը պատահին»։
Մեզի տրուածը այնպէս մը օգտագործենք, որ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ ողորմութեամբ ուղղուինք դէպի ապագայ եւ դիմաւորենք մեր ցանկացած բարին։ Դէպի ապագայ ճանապարհորդութեան մէջ, եթէ նոյնիսկ ըլլան դժբախտութիւններ, վստահելով Աստուծոյ առաջնորդութեան՝ մենք դիմանանք եւ մեր ուղին դարձնենք դէպի յաւիտենական բարիին հետ ճանապարհորդութեան։ Իսկ նոյնիսկ մահուան հրեշտակը ինքը թակէ մեր դռները, այդ իսկ թող գտնէ հաւատքով եւ սիրով վառած մշտավառ կանթեղը հաւատացեալին։
«Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը» (Հռով. 15.13)։
Շնորհաւոր Նոր տարի։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ