ԿԱՂԱՆԴ

Աւազի ժամացոյցի սահող հատիկներուն նման՝ ամիսներ իրար յաջորդեցին ու անգամ մը եւս նոր տարուան մը սեմին հասանք՝ Կաղանդ է։

Ի՞նչ կը նշանակէ Կաղանդը, որ շատերու համար նոր տարուան մը առաջին օրն է։ Երբ բառարանին կը դիմենք, ապա կը տեսնենք, որ Կաղանդը ո՛չ միայն նոր տարուան մը, այլեւ յոգնակիով «կաղանդք», իւրաքանչիւր ամսի առաջին օրը կը նշանակէ։ Ամսագլուխ, ամսամուտ, լատիներէն նոյն բառէն ծանօթ է «calendea»։ Բայց, սովորութիւն եղած է՝ Կաղանդ բառը վերապահել միայն նոր տարուան մը համար։ Տարեմուտի գիշերը ընտանեկան սեղաններ կը բացուին ու միասնաբար կը դիմաւորուի Նոր տարին։

Անշուշտ, տարեմուտին մարդիկ նաեւ իրարու նուէրներ կու տան։ Ուրեմն «կաղանդել» բառն ալ մեր բառապաշարին վրայ կու գայ աւելնալ՝ իբրեւ նոր, շատ գեղեցիկ բառ մը, որ կը նշանակէ Կաղանդի առթիւ նուիրել։ Ընդհանրապէս, աւելի ծանօթ է «կաղանդչէք» բառը, որ նման իմաստ մը կը կրէ։

Կը յուսամ ու կը մաղթեմ՝ այս տարի եւս մեզի «կաղանդուին» գեղեցիկ «կաղանդչէքներ»։

Այո՛, ամէն մարդ ծննդեան, ամուսնութեան եւ այլ տարեդարձներու առթիւ կը սպասէ նուէրներու, որպէսզի այդ մէկը ուրախ օրուան խորհրդանիշի մը վերածուի։

Կաղանդը շատ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ մանաւանդ բանաստեղծներ բազում թռիչքներ ունեցած են անոր խորհուրդին վրայ։ Անոնցմէ մին է Զահրատը, որու ծննդեան 100-ամեակն էր։ Որքա՜ն դիպուկ է իր «Կաղանդի գիշեր» բանաստեղծութիւնը։ Ըստ իրեն՝ Կաղանդը թէեւ նոր սկիզբ մը, տօնական օր մըն է, բայց կրկին պիտի վերածուի հինի։ Իսկ Քրիստոս կ՚ըսէ, թէ իմաստուն է այն կրօնի ուսուցիչը, որ իր քսակէն կրնայ հանել նոր ու հին արժէքներ (Մատ. 13։52)։

Զահրատ կ՚ըսէ, որ Կաղանդը մեր ներսիդին յուսոյ լոյսեր վառելու տօնն է, մեզ պիտի տաքցնէ, մեր հոգիները կրկին պիտի լուսաւորուին։ Իսկ Քրիստոս կ՚ըսէ, թէ «ձեր լոյսերը այնպէս մը փայլին, որ ձեր բարի գործերը ամէն մէկ տեսնողը փառաւորեն զԱստուած» (Մատ. 5։16)։

Զահրատ կ՚ըսէ, որ Կաղանդը վերջաւորութիւն մըն է, բայց ո՛չ յուսահատութեան արդիւնք, այլ թարմանալու եւ վերսկսելու։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս» (Կող. 3։10)։

Զահրատ կ՚ըսէ, որ Կաղանդը մեր անցեալի վրայ զղջալու փոխարէն մեր ապրումներով զօրանալու եւ նոր յոյսեր ունենալու օրն է։ Իր խօսքով՝ Կաղանդը երգել փորձելու գիշերն է, եթէ չենք մոռցած մեր պարմանութեան խանդոտ երգերը։ Նոյնը կ՚ըսէ նաեւ Սաղմոսերգու Դաւիթը. «Նոր երգ երգեցէ՛ք անոր, վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք՝ ցնծութեան ձայնով» (Սաղմոս 33։3)։

Եւ ի վերջոյ Զահրատ բանաստեղծութիւնը կ՚եզրափակէ՝ ըսելով, որ գոյատեւելու տօնն է այս գիշեր։

Այո՛, մենք՝ քրիստոնեաներս երբեք չենք յուսալքուիր եւ միշտ կը թարմանանք Աստուծոյ յոյսով։ «Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի» (Բ Կորնթ. 4։16)։

Բանաստեղծ Զահրատ եւ ազնիւ հոգիի տէր մարդիկ նման, բայց տարբեր լեզուներով կամ ոճով կը պատկերացնեն կեանքը, բոլոր երեւոյթներով։ Այսպէսով կարելի է հետեւիլ կեանքի լոյսին, որ Աստուած կը վառէ մարդուն մէջ։

Կաղանդ է այսօր ու մենք կը լեցուինք նոր յոյսերով, կը սպասենք նոր թէ՛ աստուածային եւ թէ մեր սիրելիներու նուէրներուն։ Աստուածային շնորհները անպակաս ըլլան մեր վրայէն։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024