ԿԱՆԳՆԱԾ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ
«Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին…»
Գամառ Քաթիպա
Տարեվերջի այս օրերուն, մեծ բանաստեղծ Գամառ Քաթիպայի (Ռաֆայէլ Պատկանեան) «Նոր տարի» բանաստեղծութեան առաջին տողը իր մէջ կ՚ամփոփէ այն բոլորը, որ մեր մտքին մէջ կը պատկերացնէ օրուան խորհուրդը. կու գայ նոր տարի մը եւ մարդիկ դարձեալ երնէկ տալով կը մաղթեն, թէ լաւ ու յաջող ըլլայ եկող նոր տարին:
«Երնէ՜կ» կամ աւելի ընդհանրացած տարբերակով «Երանի՜»: Բառեր, որոնցմով անձը կ՚արտայայտէ իր բարեացակամ զգացումները կամ իր ցանկութիւնը:
Մարդ նոր տարին առիթի կը վերածէ, որպէսզի իր բարեմաղթանքները արտայայտէ իր սիրածներուն, բարեկամներուն, մինչեւ իսկ իր ազգին, ողջ մարդկութեան եւ աշխարհին:
«Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին,
Չարը կորչեր ու բարին
Բուն դնէր մեր սրտերին»:
*
Տարուան վերջին այս օրերուն կարծես կը մտածենք երկու ուղղութեամբ. յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ նայիլ ապագային:
Ո՞վ չի գիտեր, որ յառաջիկայ օրը ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի 2024-ի ընթացքին մեր ապրած 366 օրերէն: Եւ յաջորդ օրը՝ 1 յունուարը ո՛չ մէկ տարբերութիւն պիտի ունենայ նախորդներէն: Աշխարհ կոչուած մեր ծերունազարդ մոլորակը ահա՛ անգամ մը եւս կը բոլորէ իր դարձը արեւու շուրջ: Ու վաղը՝ նոյն շրջանը անգամ մը եւս պիտի շարունակէ դառնալ: Եւ այս դարձը պիտի կոչենք «տարի» կամ քիչ մը աւելի հին անուանումով՝ «ամ»: Այսօր մանկական հոգեբանութեամբ կը սիրենք կարծել, թէ այս երկու բառերը ստեղծուած են կազմելու համար «Նոր տարի»ն կամ «Ամանոր»ը:
Ոմանք եկեղեցականը, եկեղեցին, աւելի յառաջ գացողներ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կամ զԱստուած կ՚որակեն նորութեանց եւ նորարարութեան դէմ: Սակայն, մեր Սուրբ Գիրքը՝ Աստուածաշունչ Մատեանը ունի այնքան ուշագրաւ խօսքեր ու պատուէրներ՝ նորութեան մասին:
Սաղմոսաց Գիրքի հեղինակը քանիցս կը պատուիրէ. «Նոր երգ երգեցէք Տիրոջ» (Սաղմոս 33.3, 96.1, 98.1, 144.9, 149.1):
Իսկ մեր կեանքը նոր դարձնելու համար եկէք յիշենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը, որոնք կը պատուիրեն նոր գինին հին տիկերու մէջ չդնել (Մատթէոս 9.17, Մարկոս 2.22, Ղուկաս 5.37-38):
Իսկ Տարսոնացի առաքեալը՝ Ս. Պօղոս Կորնթոսի հաւատացեալներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մաքրեցէ՛ք, մէկդի՛ նետեցէք հին խմորը, որպէսզի ըլլաք նոր զանգուած…» (Ա. Կորնթ. 5.7)։
Թէ՛ Հին Ուխտը եւ թէ Նոր Ուխտը բացայայտ կերպով մեզ կ՚ուսուցանեն նորը, նորին կարեւորութիւնը: Աստուած Ինք նորութեան, աւելի ճիշդը՝ նոր դառնալու կողմ է: Յովհաննու Յայտնութեան Գիրքին մէջ Աստուած կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ ամէն բան նոր կը դարձնեմ» (Յայտ. 21.5):
Եւ այս բոլորին համար Տէր Յիսուս Քրիստոս Խորհուրդի Վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն տուաւ «Նոր պատուիրան»ը. «Նոր պատուիրան կու տամ ձեզի, որ սիրէք զիրար» (Յովհ. 13.34):
Բացայայտ է նորութեան կարեւորութիւնը, կենսականութիւնը: Մարդ կը պարտի նորոգուիլ, նո՛ր մարդ ըլլալ:
Գիտակից մարդը միշտ ունեցաւ նոր մարդ ըլլալու փափաքը եւ ասոր համար գիտցաւ նորոգուելու կենսականութիւնը: Աւելի քան 850 տարիներ առաջ Հռոմկլայի Հայրապետանոցին մէջ Հայոց մեծանուն հայրապետը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալին այս գաղափարով երգեց.
«Նորոգող հնութեանց
Նորոգեա եւ զիս
Նորոգ զարդարեա»:
Որով Աստուած մեր արարիչն է, նաեւ ան «նորոգող»ն է տիեզերքին: Միթէ կարելի՞ է մոռնալ Հայ Եկեղեցւոյ ժամագիրքի այն հոգեւոր երգը, ուր կ՚ըսենք. «Նորոգող տիեզերաց, որ զգեցուցեր մեզ լոյս փառաց…»:
Իսկ Խաչատուր Տարօնացի Վարդապետ «Խորհուրդ խորին»ի մէջ կ՚ըսէ. «Չարչարանօք քո սուրբ Միածնիդ նորոգեցան արարածք ամենայն, եւ վերստին մարդն անմահացաւ՝ զարդարեալ ի զգեստ անկողոպտելի», այսինքն Քու սուրբ Միածնիդ չարչարանքովը բոլոր արարածները նորոգուեցան եւ մարդը անկողոպտելի զգեստով զարդարուելով վերստին անմահացաւ:
Նորի կարեւորութեան մասին խօսեցաւ նաեւ հայ գրողը: Մեծանուն բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան «Նաւասարդեան» բանաստեղծութեան վերջին քառեակին մէջ գրեց.
«Զի մենք, յանուն Սէրին, Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք
Նո՜ր Արշալոյս»։
*
Մեր կեանքին ընթացքին կը նորոգենք անթիւ անհամար բաներ. մեր հագուստ-կապուստը, մեր գործը, մեր տուները, մեր եկեղեցիները: Սակայն, երբեմն կը յամենանք մեր ապրելակերպը, այլ խօսքով՝ մենք զմեզ նորոգելու մէջ:
Սիրելիներ,
Տիրոջ 2025-րդ նոր տարւոյն սեմին մաղթանքս է, որ նորոգութեան փափաք արթննայ իւրաքանչիւրիս մէջ, նորոգութեան գիտակցութիւն ունենանք, որպէսզի նոր մարդ ըլլանք եւ նոր ժողովուրդ, որպէսզի ապրինք նոր արշալոյս:
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ