ՏԻՐՈՋ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Տէրը օրհնէ քեզ»
(Թուոց, 6.24)։
Ամանոր է այսօր։ Պահը՝ անգամ մը եւս անդրադառնալու, թէ ժամանակը որքան արագ կ՚ընթանայ։ Յիրաւի, անգամ մը եւս կը նշմարենք, թէ աշխարհի մատնուած թոհուբոհի վիճակին մէջ անզգալաբար որքա՛ն արագ սահեր են անցեալի օրերը եւ միացած՝ տիեզերքի պատմութեան։
Բազմադարեան մեր աշխարհը, ըստ ոմանց, ծերացած է եւ ամլացած։ Սակայն եւ այնպէս, հակառակ այս բոլորին՝ երբ մեր աչքերը կը սեւեռենք մերօրեայ ժամանակներուն, ապա անխուսափելիօրէն կը տեսնենք, թէ ծեր, ամուլ որակուած աշխարհի տարածքին որքա՜ն նորութիւններ, որքա՜ն զարգացումներ արձանագրուած են եւ կը շարունակուին արձանագրուիլ։ Գիտութիւնը սրընթաց զարգացման միջոցաւ նորութիւններ կը մատուցէ մարդկութեան։ Այս զարգացումներու առընթեր, կը լսուին նաեւ արտայայտութիւններ, ըստ որոնց՝ նորաստեղծ դրութիւնները կը ձգտին իրենցմով փոխանակելու տիրող աշխատանքի դրութիւնները, տակնուվրայ ընելով մարդոց աշխատանքի կարողութիւններն ու տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային կարգուսարքը։
Ամանոր է այսօր։ Կ՚ուզենք լաւ տրամադրութեամբ ականջ տալ Զահրատէն հասած քաղցրալուր ձայնին, որով հեղինակը Ամանորը կը բնութագրէ թուղթին յանձնած իր խոհերով.
«Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու
Ի վերջոյ նորէն այսպէս ըլլալու
Տօնն է այս գիշեր-
Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու
Տօնն է այս գիշեր-»։
Եւ որպէս վերջաբան կ՚ըսէ.
«…Գոյատեւելու տօնն է այս գիշեր»։
Ամանոր է այսօր այն բոլոր ժողովուրդներուն համար, որոնք կը պատրաստուին ողջունել Տիրոջ շնորհաց 2025 տարին։ Շնորհաց տարիներու շղթան իր սկիզբը կ՚առնէ Աստուածորդւոյն ծնունդով, որ է «Ծնունդ Տեառն»։ Տիեզերքի պատմութեան եզակի դէպքն է Քրիստոսի ծնունդը, որ դուռ բացած է պատմութեան երկփեղկումին. «Նախ Քան Քրիստոս» եւ «Յետ Քրիստոսի»։
Ամանոր է այսօր. պահը՝ յիշելու Շնորհաց Պարգեւողը՝ զԱստուած, որովհետեւ մեր կեանքի օրերը հարստացան 2024-ի օրերով, հոգ չէ թէ այդ օրերու ընթացքին կրնանք ունեցած ըլլալ թէ՛ ուրախութեան եւ թէ տրտմութեան պահեր։ Սակայն, կայ իրողութիւն մը, որուն կ՚անդրադառնանք ամէն Ամանորին մեր ետին թողած եւ իր շրջանը աւարտած տարւոյն մասին։ Այդ անուրանալի իրողութիւնը այն է, թէ տարիքով մեծնալու առընթեր՝ շարունակած ենք մնալ ի կեանս, շարունակած ենք շնչել, մեր սրտերը շարունակած են տրոփել եւ արեան շրջանը շարունակած է գործել կենսական նիւթերը փոխադրելով մեր բջիջներուն։ Նոյնը այս անգամ կը մտածենք, երբ 2024-ը կը ճամբուի պատմութեան մթերանոցը եւ այդ մտածումը իր հետ կը բերէ քաղցր պարտականութիւնը փառք տալու Արարչին եւ յայտնելու մեր գոհութիւնը՝ որպէս տրիտուր մեր ստացած շնորհներուն։
Շնորհ բառը բառարաններու մէջ կը բացատրուի՝ որպէս տուրք, պարգեւ, որ ձրի կը տրուի մէկուն՝ առանց որ ստացողը իրաւունք կամ արժանիք ունենայ, այլ՝ բարեացակամութեամբ,. նուէր, ընծայ։ Ըստ մեր եկեղեցական օրացոյցին՝ Ամանորը Սուրբ Ծննդեան տաղաւարի պահոց շրջանին մէջ կը գտնուի եւ այդ առումով լաւ առիթ է յիշելու Հօր Աստուծոյ պարգեւած մեծագոյն շնորհը, որուն մասին կը գրէ Պօղոս առաքեալ. «Երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ՝ Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ եւ մտաւ օրէնքի տակ, գնելու համար զանոնք՝ որ օրէնքի տակ էին, որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք» (Գաղատացիս, 4.4-5)։ Սա շնորհ մըն է, որ առաջին իսկ մէկ օրէն կը պահէ իր այժմէականութիւնը, անանց է եւ մնայուն «Զի Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր նոյն եւ յաւիտեան» (Եբրայեցիս, 13.3)։ Այս շնորհը ընկալելու, անոր մէջ առատանալու եւ պտղաբերելու նախապայմանն է ունենալ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով առլցուն սիրտ, հոգի եւ միտք. «Ով Իսրայէլ, մտիկ ըրէ, մեր Տէր Աստուածը միմիայն Տէր է։ Ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգւովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրես» (Բ. Օրինաց, 6.4-5)։
Աբրահամ արժանացաւ Աստուծմէ ընտրուելու շնորհին, երբ Աբրամ կը կոչուէր։ Այս շնորհը իր հետ բերաւ Աստուածային օրհնութիւնը, որ էր Աստուծոյ խոստումը. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ, ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս» (Ծննդոց, 12.2)։
Աստուծմէ շնորհ գտած Սուրբգրական դէմք մըն է Մարիամը, որ եղաւ օրհնեալ՝ կիներուն մէջ եւ օրհնեալ՝ Իր որովայնին պտուղը (Ղուկաս, 1.28 եւ 42)։ Մենք ալ՝ որպէս զաւակները մեր Երկնաւոր Հօր, կը կարօտինք Աստուածային շնորհներով պարգեւելի օրհնութեան։ Անոր համար է, որ Ամանորին անծանօթներով ծանրաբեռնուած 2025 տարւոյն համար ի Տեառնէ կը հայցենք, որ իր շնորհները առատացնէ եւ մեզ արժանացնէ Աստուածային օրհնութեանց՝ պարգեւելով առողջութիւն, իմաստութիւն եւ երջանկութիւն։
Աստուածային օրհնութեան արժանանալու մեր խնդրանքները ամէն առթիւ կը ներկայացնենք առ Աստուած՝ մանաւանդ Ամանորին, երբ զիրար կ՚ողջունենք աւանդական «Շնորհաւոր Նոր տարի» բառերով։ Նոյն Ամանորին պարտինք յիշել նաեւ, թէ ունինք պարտք մը, որն է մտաբերել մեր քաղցր պարտականութիւնը գոհութիւն եւ փառք մատուցանելու առ Աստուած առ ի շնորհակալութիւն այն բոլոր Աստուածային օրհնութեանց փոխարէն, զոր վայելած ենք մեր կեանքի օրերու ընթացքին։ Եւ այդ բանը կրնանք կատարել՝ յիշելով Սուրբ Գիրքէն օրինակներ, որոնց մէջ ցայտուն կերպով կը յայտնուին օրհներգութիւններ՝ որպէս շնորհակալութեան արտայայտութիւններ։
Մովսէս Մարգարէն եւ Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատուելէ եւ Կարմիր ծովէն անցնելէ յետոյ «օրհնութեան երգ երգեցին Տիրոջ»։ Այս օրհներգութեան թմբուկ ի ձեռին իր բաժինը բերաւ նաեւ Ահարոնի քոյրը Մարիամ մարգարէուհին, որուն ընկերացան կիներ թմբուկներով ու պարերով։ Մարիամ երգեց ըսելով. «Երգեցէք Տիրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց» (Ելից, 15.1 եւ 21-22)։ Այս օրհնութեան երգն էր, որ ծնունդ տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարան՝ Շարակնոցի աւագ օրհնութիւններուն Ստեփանոս Սիւնեցիի օրհնեալ գրիչով։ Եւ Հայ Եկեղեցւոյ օրհնութեան շարականները կը սկսին Սուրբ Գիրքէն բղխած «Օրհնեսցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ» բառերու երգեցողութեամբ։
Հնոց նետուած երեք մանկունք՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեթնագով միաբերան զԱստուած կ՚օրհնէին, կը գովէին եւ կը փառաւորէին։ Նաեւ իրենց օրհնութեան մէջ համայն ստեղծուածները կը հրաւիրէին Տէրը օրհնելու (Դանիէլ, 3.51-90)։ Այս օրհներգութիւնը տեղ գտած է Հայ Եկեղեցւոյ ժամագիրքի առաւօտեան ժամերգութեան բաժնի սկիզբին կատարուած արարողութեան մէջ։
Բեթղեհէմի հովիւները, որոնք արժանացած էին նորածին մանուկ Յիսուսը տեսնելու շնորհին, «վերադարձի ճանապարհին կը փառաւորէին ու կ՚օրհնէին զԱստուած այն բոլոր բաներուն համար, զոր լսեցին ու տեսան, ինչպէս պատմուած էր իրենց» (Ղուկաս, 2.20)։
Կ՚ուզե՞նք զԱստուած օրհնել, կրնանք դիմել Սաղմոսաց գիրքին, ուր հաւատացեալը կրնայ գտնել իրեն հարկաւոր աղօթքի բառեր, որոնք կ՚օժանդակեն գոհացում տալու զԱստուած օրհնելու տրամադրութեան։ Առ Աստուած գոհութիւն մատուցանելու, Աստուծոյ օրհնութիւն եւ փառք երգելու ուղղութեամբ Սաղմոսաց գիրքէն կը կարդանք. «Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը, եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար» (103.2)։ «Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ …Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն, որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք» (106.1,47)։ «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ …Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ» (107.1, 31)։
Պօղոս առաքեալ ժամանակը արժեւորելու մասին երբ կը զգուշացնէ հաւատացեալները, անոնց կը յիշեցնէ նաեւ, թէ չար ժամանակներու մէջ կը գտնուին եւ այդ առումով ալ կը թելադրէ անմտութենէ հեռու կենալ եւ իմաստութեամբ Տիրոջ կամքը հասկնալ։ Առաքեալի զգուշացումը մանաւանդ արժէք կը զգենու բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց ձեռքբերած յաջողութիւնները կը վերագրեն իրենց ունեցած շնորհներուն եւ կը մոռնան շնորհները պարգեւող Շնորհատուն՝ մեր Տէրը։ Այս առումով առաքեալը կը խրատէ շեշտը դնելով սաղմոսերգութեամբ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ. «…լեցուեցէք Հոգիո՛վ, որպէսզի ձեր սրտերուն մէջ խօսիք սաղմոսներով, օրհներգութիւններով ու հոգեւոր երգերով, որպէսզի երգէ՛ք եւ սաղմոս ըսէ՛ք Տիրոջ, ձեր սրտերուն մէջ։ Ամէն ժամ ամէն բանի համար գոհութիւն յայտնեցէք յանուն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հօր եւ Աստուծոյ» (Եփեսացիս, 5.15-20)։
Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին մարդկային կեանքի համար աստուածատուր շնորհ է Իր կենսապարգեւ խօսքով։ Այս շնորհը կը յայտնուի իր դրական զօրութեամբ։ Կը պարգեւէ իմաստութիւն, որ կը բանայ այլոց եւս օրինակ հանդիսանալու եւ ուսուցանելու ճանապարհը, հուսկ՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու քաղցրութիւնը (հմմտ. Կողոսացիս, 3.16)։
Աստուած Մովսէս Մարգարէի միջոցաւ Իր տնօրինութիւնը հաղորդած էր Ահարոնի եւ որդիներուն՝ ցոյց տալով անոնց Իսրայէլի որդիները օրհնելու բանաձեւը։ Ամանորին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուած կրկնենք Աստուծոյ հրամայած օրհնութեան բառերը ըսելով. «Տէրը օրհնէ մեզ եւ պահէ մեզ. Տէրը պայծառացնէ իր երեսը մեր վրայ ու ողորմի մեզի. Տէրը իր երեսը մեր վրայ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ մեզի» (հմմտ. Թուոց, 6.24)։
Շնորհաւոր եւ բարիքներով հարստացած Նոր տարի բոլորիս։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գնալը կղզի