ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Նոր տարին դիմաւորելու տօնական մթնոլորտի ատեն մեզմէ շատեր որոշ երեւոյթներու, արժէքներու եւ գաղափարներու մասին կը մտածեն։ Այլ խօսքով, բարեմաղթութիւններով չենք սահմանափակուիր, այլ կը փորձենք կեանքը լաւագոյն կերպով արժեւորելու ձգտումը ունենալ։ Ուստի, սիրելի ընթերցող, որպէս խորհրդածութեան նիւթ՝ Տիրոջ շնորհքով ուզեցի անդրադառնալ ժամանակի կարեւորութեան, որպէսզի կարենանք մեր խաւարախիտ օրերը լուսաշող ուղիի վերածել եւ իմաստութեամբ ժամանակը օգտագործել։ Հնարաւորութիւններ միշտ կան սիրով գործելու, սերտօրէն գործակցելու եւ վեհ նպատակներ իրագործելու համար։ Ժամանակը վատնելը կեանքի նկատմամբ անտարբերութեան նշան է։ Աստուած առիթներ կու տայ, որպէսզի մեր կեանքի ընթացքին ժամանակը ծառայեցնենք բարի ծրագիրներու կատարման։ Ժամանակը վատնելու շա՜տ հոսանքներ կան՝ երբեմն հրապուրիչ պատկերով կը ներկայանան, երբեմն ուշագրաւ երանգներով, երբեմն ալ հաճելի ձեւերով կը գայթակղեցնեն՝ ծածկելով իրենց կործանարար խորքը։
Հալէպի մէջ կար բարեհամբաւ բժիշկ մը։ Հմտացած էր մասնագիտութեամբ, մաքուր խղճմտանքին շնորհիւ շատե՜րու վստահութիւնը շահած էր։ Իմ հօրս բժիշկն էր։ Օր մը Աստուծոյ կամքով եւ իր ճիգերով հայրս մահուան ստոյգ վտանգէն ազատեցաւ։ Բժիշկին վաղահաս մահով 2013-ին գաղութը կորսնցուց վաստակաշատ անձնաւորութիւն մը։ Ցաւակցութեան ժամանակ խօսք առաւ հանգուցեալ բժիշկի բարեկամներէն մէկը՝ ըսելով, որ առիթով մը բժիշկին առաջարկած էին, որ հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնել, սակայն, մերժած էր։ Յայտնած էր, որ ինք ծանրաբեռնուած էր եւ ժողովական կեանքի ժամանակ յատկացնելու պատեհութիւն չունէր։ Ապա խօսողը եզրակացուց. «Մեր բժիշկը նուիրուած էր, սէրն էր մղիչ ուժը իր գործին»։
Այս խօսքը զիս տպաւորած է։ Ժամանակը օգտագործելու առումով կարեւոր է վերադասաւորել կեանքի առաջնահերթութիւնը, որպէսզի որեւէ գործ ըլլայ բարենպաստ եւ արդիւնաբեր։
Մենք՝ եկեղեցականներս, յաճախ աշխարհականներու օգտաշատ արտայայտութիւններէն սորվելու եւ մեր մտապաշարը հարստացնելու կարելիութիւնը ունինք։ Ահա՛, այս իրողութեան ապացոյցներէն էր բժիշկի բարեկամին արտասանած շահեկան խօսքը։
Ինքնախաբէութիւն է կարծել, թէ շատ պաշտօնները բարեյաջող երթի երաշխիքն են։ Հանգուցեալ բժիշկին ըմբռնումով՝ իր ծառայութիւնը կեանքի միակ ուղին էր, որով կրցաւ ժամանակը լաւապէս օգտագործել եւ ուխտապահութեամբ իր կոչումը արժեւորել մինչեւ իր կեանքի վերջին րոպէն։
Ժամանակի նեղ շրջագիծը աւելի կը սահմանափակուի երբ մարդ արարածը ապրի աննպատակ, ինքնանպատակ, պատեհապաշտ, առանց ծառայութեան կամ առաքելութեան։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են»։ Ժամանակը պիտի օգտագործենք…
1- Աշխատասիրութեամբ. առաքինութիւն մը, որուն ճամբով կարելի է կառչիլ բարիին, ձգտիլ գեղեցիկին, պայքարիլ անսպառ կամքով եւ գործի լծուիլ աննահանջ երթով։ Աշխատասէրը իր ներաշխարհի մէջ թաքուն շնորհքները յայտնաբերելու յատկութիւնը չունի։
«Ծոյլը իր որսը չ՚եփեր, բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է» (Առ. 12.27)։
Աշխատասիրութիւնը վկայութիւնն է կենսունակ հաւատքի եւ լուսաշող ճանապարհն է հրաշալի ձեռքբերումներու։
Աշխատանքը բարոյական դրամագլուխ մըն է, որով մարդը իր եսի պատեանէն դուրս կու գայ, մտահորիզոնը կը պայծառանայ, հոգեկան գոհունակութիւն կ՚ունենայ եւ գործնապէս իր շահած փորձառութեան թարգմանը կը հանդիսանայ։
Առանց աշխատասիրութեան, մարդը կեանքի թատերաբեմէն հեռու մնալով՝ միայն հանդիսատեսի դիրքը կ՚ունենայ, ձեռնածալ ըլլալով ո՛չ կը ցանէ եւ ո՛չ ալ կը հնձէ։ Այսինքն, ինքնամփոփ ըլլալով՝ իր եսին ստրուկը կը դառնայ։ Նմանօրինակ մօտեցումով ապրողը մարդկային կեանքը կը խեղճացնէ։
Ծոյլը չարիքներու գործարան է, հոգեքանդ մոլութիւններու ենթակայ, ուստի, չարաչար կը վատնէ ժամանակը։ Ճակտի արդար քրտինքով հաց վաստկիլը ամէն մարդու նուիրական պարտականութիւնն է։ Ահա, թէ ինչո՛ւ առաքեալը կ՚ըսէ. «Չաշխատողը թող չուտէ»։
Որքա՜ն գեղեցիկ եւ դիպուկ են իմաստունի հետեւեալ խօսքերը. «Ծոյլ մարդու արտին քովէն ու պակասամիտ մարդու այգիին քովէն անցայ։ Ամէնուն մէջ փուշեր բուսեր էին»։
2- Բարեգործութիւն. բարի գործը բարեպաշտական ձեւ մըն է, որ կը նպաստէ զԱստուած փառաւորելու։ Բարին սերմանելը հաւատքի վաւերական արտայայտութիւնն է։
Բարիք է ներելը, երբ անոխակալ հոգեվիճակով պատրաստ կ՚ըլլանք մոռնալու խնդիրներու յոգնեցուցիչ եւ բարդ մանրամասնութիւնները, որոնք կը խոչընդոտեն հաշտութեան փորձերը եւ կը խանգարեն համերաշխութեան յանգեցնող գործելաձեւերը։ Հետեւաբար, բարութիւն տարածելու համար հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, որովհետեւ «…շրջեցաւ՝ բարիք գործելով» (Գրծ. 10.38)։
Պօղոս առաքեալ կը յորդորէ. «Որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն»։
Ողորմութիւն ցուցաբերել կը նշանակէ սիրոյ հարազատ թարգմանը հանդիսանալ։ Եկեղեցականի մը բացատրութեամբ՝ ողորմութիւնը բացայայտումն է մարդու թաքուն սիրոյ։
3- Իմաստութիւն. իմաստունը խորաթափանց ակնարկով կը փորձէ ընտրել լաւը, բարին, գեղեցիկը, հոգեշահը եւ վայելուչը։
Իմաստունը նաեւ կը նախապատկերացնէ արարքներուն հետեւանքները, ուստի, երկա՜ր կը մտածէ, բայց, շուտով գործի կը լծուի՝ առանց վարանելու կամ երկմտելու։ Իմաստունը նաեւ ողջամիտ մարդոց բարի խորհուրդին ուշադրութիւնը կը դարձնէ։ Դասեր քաղելու, գիտելիք ամբարելու եւ առաքինի վարքով ընթանալու մշտապէս պատրաստ է։ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Երբ խելացի էի, կ՚ուզէի աշխարհը փոխել, երբ իմաստուն եղայ, ուզեցի փոխուիլ»։
Մակերեսային դատողութենէ եւ գզացական տրամադրութենէ խուսափելով՝ իմաստունը մաքուր խղճմտանքով եւ խոր հաւատքով իր կեանքը կ՚իմաստաւորէ։ Իմաստունը նաեւ աստուածահաճոյ ընթացքով կը դիմադրէ կեանքի նեղութիւններուն ու չարի փորձութիւններուն։
Յակոբոս առաքեալ հոգեւոր իմաստութեան մասին կ՚ըսէ. «Ձեր մէջ իմաստուն եւ խելացի մարդ կա՞յ. թող ցոյց տայ՝ իր օրինակելի կեանքով եւ հեզութեան ու իմաստութեան արտայայտութիւնը եղող գործերով»։
4- Ապաշխարութիւն. նոր տարուայ առիթով, ընդհանրապէս, մարդիկ բարեփոխուած աշխարհ մը տեսնելու սպասումով եւ ակնկալութեամբ կ՚ապրին։ Բայց, կարեւորն է մարդուս ներաշխարհին բարեփոխուիլը, այսինքն մտքի նորոգութիւնը։ Սա իրականութիւն կը դառնայ ապաշխարտութեամբ։ Աստուած մեզի ժամանակ կու տայ, որպէսզի մեր մեղքերը յիշենք, զղջանք, խոստովանինք եւ Տիրոջ հետ հաշտուինք։ Ապաշխարութեան անմիջական կարիքը ունինք։ Չկայ քրիստոսակեդրոն կեանք՝ առանց ապաշխարութեան։ Մեղքէն հրաժարելու մեր որոշումը խորքային է, երբ Քրիստոսին կը դիմենք ու իր փրկարար շնորհքով մեր ուխտը կը վերանորոգենք։
Աստուծոյ մարդասիրութեան պերճախօս վկան է եկեղեցին. փրկութեան հրաւէրը կը փոխանցէ, Տիրոջ ձայնը լսելի կը դարձնէ, ապաշխարութեան ուղին ցոյց կու տայ եւ հոգեւորապէս կը դաստիարակէ, աղօթքի տուն է։ Եկեղեցին մայրական անխարդախ կաթով կը սնուցանէ, բարոյական արժէքներով կը հարստացնէ եւ հաւատքի ճշմարտութիւնները կը մեկնաբանէ՝ որպէս քրիստոսապատկան կառոյց։
Պատարագիչ եկեղեցականը, նախքան խորան բարձրանալը, ժողովուրդին կ՚ըսէ. «Աստուած… տացէ ժամանակ ապաշխարելոյ եւ գործելոյ զբարիս»։ Աշխարհաբարը. «Աստուած տայ ժամանակ ապաշխարելու եւ բարիքներ գործելու»։
Ժամանակը օգտագործելու լաւագոյն առիթն է եկեղեցւոյ հովանիով ապաշխաւորել, որպէսզի դէպի երկինք մեր ճանապարհորդութիւնը ըլլայ անսայթաք։ Ժամանակը օգտագործելով մեր կոչումը արժեւորած կ՚ըլլանք։ Փառք Աստուծոյ, տակաւին ժամանակ կայ…
Ուրեմն, գործի լծուինք ի խնդիր մարդավայել կեանքի։
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Հայաստան