ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կը շարունակէ շնորհաւորական այցելութիւններ տալ քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ, որ զինքը հիւրընկալեց անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին փոխանակուեցան բարեմաղթութիւններ։ Ֆէնէրէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները ուխտի աղօթք մըն ալ կատարեցին տեղւոյն Ս. Գէորգ Պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մըն ալ տուին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին։ Սաքըզաղաճըի Առաջնորդարանի դահլիճի երդիքին տակ բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023