ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ըն­դու­նեց այն նո­րաօծ տաս­ներ­կու քա­հա­նա­նե­րը, ո­րոնք ձեռ­նադ­րուած էին Ս. Ղե­ւոն­դեանց տօ­նին օ­րը։ Նո­րապ­սակ քա­հա­նա­նե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան եւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռո­շեան, որ ե­ղած էր ա­նոր հո­գե­ւոր ծնո­ղը։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նո­րապ­սակ քա­հա­նա­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւ­նը։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց շար­քե­րը հա­մալ­րուած են եւս տաս­ներ­կու սպա­սա­ւոր­նե­րով։ Ըստ ի­րեն, ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու կա­րի­քը մեծ է, հե­տե­ւա­բար նո­րա­ձեռ­նադ­րեալ­նե­րը ծանր բայց քաղցր լուծ մը պի­տի ու­նե­նան ի­րենց ու­սե­րուն վրայ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն մաղ­թեց բա­րի օ­րի­նակ ըլ­լալ եւ ի­րենց նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թեամբ ու­րա­խաց­նել հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Ան պատ­գա­մեց, որ մշտա­պէս ապ­րին ու գոր­ծեն հա­ւատ­քով, ինչ որ պի­տի դառ­նայ յոյս, լոյս եւ սէր հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­պաշտ զա­ւակ­նե­րուն հա­մար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016