ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին այ­սօր կը նշէ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նը։ Սրբոց Վար­դա­նանց յի­շա­տա­կու­թիւ­նը հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի։ «Վասն հա­ւա­տոյ վասն հայ­րե­նեաց» կար­գա­խօ­սով ա­ռաջ­նոր­դուե­լով հա­յու­թիւ­նը դա­րեր շա­րու­նակ պահ­պա­նած է իր ինք­նու­թիւ­նը, հայ-քրիս­տո­նեայ դի­մա­գի­ծը։ Դա­րե­րու քննու­թե­նէն ան­ցած այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը այ­սօր վէմն է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ, ո­րու զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն զուարթ ու յաղ­թա­կան։

Այ­սօր, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօնն է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ընդ­հան­րա­կան Հայ­րա­պե­տին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Սրբազ­նա­գոյն Վե­հա­փառ Կա­թո­ղի­կո­սին։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ եւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րու հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք տե­ղի կ՚ու­նե­նայ՝ Նո­րին Սրբու­թեան ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հա­ւա­տա­ցեալ հա­յոր­դի­նե­րը ա­ղօթք կը բարձ­րաց­նեն առ Աս­տուած՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­րեւ­շա­տու­թեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար։

Սրբոց Վար­դա­նանց զօ­րա­վա­րաց ո­գին ու վկա­յու­թիւ­նը այ­սօր եւս լոյս կը սփռէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ճա­նա­պար­հին վրայ։ Որ­քան լու­սա­ւոր, այն­քան ալ դժուա­րին ճա­նա­պարհ մըն է այդ մէ­կը։ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, ո­րու ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօնն է այ­սօր, այդ ճա­նա­պար­հին վրայ իր հօ­տը կը գլխա­ւո­րէ՝ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ վե­րար­ժե­ւո­րե­լով Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ հա­մա­խումբ պա­հե­լով ա­նոր աշ­խար­հաց­րիւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս դա­րեր անց՝ այ­սօր ալ կը մարմ­նա­ւո­րէ Ս. Վար­դա­նանց ո­գին, որ­մէ բխած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րով ուղ­ղու­թիւն կու տայ Հա­յոց Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ՝ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար հա­մայն հա­յու­թեան հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան հո­վուա­կան իր անկրկ­նե­լի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով կը յա­ջո­ղի հայ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հա­մա­խումբ պա­հել Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հան­րա­կան ու գե­րա­կայ լու­սա­բե­ւեռ կեդ­րո­նին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի շուրջ։

Ս. Վար­դա­նանց տօ­նին օ­րով, որ­դիա­կան խո­րին ակ­նա­ծան­քով կը շնոր­հա­ւո­րենք Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը՝ մաղ­թե­լով ի­րեն ա­րեւ­շա­տու­թիւն, ծաղ­կուն գա­ւա­զան ու գա­հա­կա­լու­թեան բա­զում տա­րի­ներ։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016