ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին հրատապ ձեւով արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ստեղծուած իրավիճակին եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներուն։
Շաբաթ, երբ տակաւին բախումները կը շարունակուէին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի սահմանի երկայնքով իրականացուած նախայարձակ գործողութիւնները, որոնք ուղղուած էին նաեւ բնակավայրերու եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ։ «Մեր աղօթքը եւ զօրակցութիւնը կը բերենք Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին, պաշտպանութեան բանակի քաջարի հրամանատարներուն ու զինուորներուն։ Կը յորդորենք աննուազ արիութեամբ ու աներեր հաւատքով դիմակայել հայրենիքի անկախութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան դէմ ուղղուած թշնամական յարձակումներուն։ Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքներն ու ռազմական գործողութիւնները կը խաթարեն կայունութիւնը տարածքաշրջանէն ներս եւ ի չիք կը դարձնեն հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան, ի մասնաւորի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներգրաւուած երկիրներուն՝ կասեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի չդադրող ոտնձգութիւնները։ Կ՚աղօթենք, որ Տէրը երկինքի լուսե ղէն յարկերուն մէջ հանգստութիւն պարգեւէ զոհուածներուն հոգիներուն, մխիթարութիւն՝ հարազատներուն, շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներուն։ Թող Աստուած զօրակից ու պահապան լինի խաղաղութեան պաշտպանութեան հայոց բանակին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը իր յայտարարութեան մէջ։ Իսկ երէկ, Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ հայոց աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, եպիսկոպոսներու ուղեկցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանը, ուր ուղղեց իր պատգամը ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին։ Այս առթիւ ան ըսաւ.
«Աղօթքի կանգնած ենք այսօր բոլորս, սակայն խռովուած է ազգի իւրաքանչիւր զաւկի հոգին, որովհետեւ, ինչպէս տեղեկացանք, երէկ գիշեր ազգիս զաւակունք վերստին հարկադրուած եղան իրենց կեանքով պաշտպանելու մեր հայրենիքի սահմաններու խաղաղութիւնը եւ մեր ժողովուրդի ազատ կեանքը։ Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին այսօր եւս։ Մեր զինուորները քաջաբար, արիասիրտ կերպով կը պաշտպանեն մեր սահմանները։ Կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդի զաւակունք, ազգս հայոց իր հոգիի խռովքն ու ընդվզումը պիտի վերածէ ակունքի նոր ուժականութեան, արիութեան ոգիի եւ արժանի հարուած տայ հակառակորդին՝ վերահաստատելով մեր սահմաններու խաղաղութիւնը։
«Մենք յարութեան լուծապայծառ օրեր կ՚ապրինք, մեր կեանքը լուսաւորուած է յարութեան հաւատքով։ Այս ոգիով մենք յաղթահարած ենք մեր կեանքի բոլոր փորձութիւնները, մղած ենք մեր կեանքի, պատմութեան բոլոր ճակատամարտերը եւ Աստուած յաղթութիւն պարգեւած է մեր ժողովուրդին, շնորհ տուած կերտելու իր պետականութիւնը եւ զօրութիւն՝ պաշտպանելու իր ազատ կեանքը։ Մենք կը հաւատանք, որ այս նոյն ոգիով՝ միաբան ու միասնական, յարութեան յաղթական հաւատքով մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ կերտել իր խաղաղ կեանքը, շէնացնել իր երկիրը, անվտանգ ու ապահով պահպանել երկրի սահմանները», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Միեւնոյն ժամանակ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ժողովուրդին յանձնառութեան ոգիով գօտեպնդել երկրի սահմաններուն վրայ իրենց նուիրական պարտքը կատարող հայորդիները, որպէսզի անոնք նոյն արիութեամբ շարունակեն իրենց սրբազան ծառայութիւնը ի սէր հայրենիքի եւ ի սէր ժողովուրդի։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հրաւիրեց բոլորը աղօթք բարձացնելու առ Աստուած երկրի զօրութեան ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ հայոց զոհուած զաւակներուն եւ վիրաւորներուն համար։
Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Տէրը իր ամենազօր Աջը հովանի դարձնէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ ու անխռով պահելով ժողովուրդի կեանքը՝ համայն հայութիւնը մշտապէս առաջնորդէ յաղթութեան ուղիով։
Արարողութեան ընթացքին՝ Սուրբ Գրային ընթերցումներէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը ծնրադիր ընթերցեց «Գոհանամք զքէն» աղօթքը՝ հայցելով Աստուծմէ անսասանութիւն, պայծառութիւն ու բարօրութիւն հայոց աշխարհին եւ երկնառաք օրհնութիւն՝ համայն հայոց ազգին համար։
Հանրապետական մաղթանքէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց մարտական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգըս-տութեան համար։
Այսօր երեկոյեան ժամերուն ալ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ միասնական աղօթք տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ հայրենիքի եւ հայրենեաց պաշտպան զինուորներուն համար։
Միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ Արցախի բախումներուն անմիջապէս արձագանգեց շաբաթավերջին։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ՝ յայտնելով իր ամբողջական աջակցութիւնը։ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ, երէկ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Արցախի ճակատին վրայ զոհուած զինուորներուն համար։