ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՄԷՋ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Վոսփորի ափի այս գողտրիկ եկեղեցին հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ միշտ եղած է սրտամօտիկ ուխտավայր մը, որու հիմնադրութեան 334-րդ տարեդարձը նշուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով։
Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսալ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ասատուր Սարկաւագ Էօզտէմիրճի եւ Արտէն Կիսասարկաւագ Տիքմէ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կոմիտաս Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հրաչ Օհանեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց Ալֆա Օհանեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր իր սպասարկութիւնը կը բերէ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ բացօթեայ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ եւ այս առթիւ տօնակատարութիւններուն մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Մինչ այդ, Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը պատուեց Նորին Սրբազնութիւնը, որ օրհնեց պատմական այս թաղէն ներս տարուած աշխատանքը, գնահատեց եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղութեամբ թաղականներուն կողմէ գործադրուած ջանքերը ու մաղթեց յարատեւութիւն։