ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԽՈՉԸՆԴՈՏ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իրանի Իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան ղեկավար Մուհամմէտ Մեհտի Իմանիփուրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ անդրադարձաւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններուն ու սերտ համագործակցութեան։ Ան շեշտեց, որ այդ բոլորը այսօր եւս կ՚ունենան իրենց դրսեւորումները՝ մինչ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ դժուարին ժամանակներ։

Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին պարտադրուած զիջումներուն եւ հայկական ինքնիշխան տարածքներու դէմ շարունակական ոտնձգութիւններուն առընչութեամբ։ Իր խօսքով՝ այս բոլորը կը խոչընդոտեն տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգային միջավայրի հաստատման ուղղեալ գործընթացները։ Վեհափառ Հայրապետը նոյն առթիւ կանգ առաւ Արցախի հայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ՝ հերթական անգամ արծարծելով նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024