Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հաւաքը։ 235 հոգեւորականներու մասնակցութեամբ ժողովը գումարուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։ Ներքին թեմերու առընթեր հաւաքին մասնակցեցան Արցախի, Վրաստանի, Աւստրալիոյ եւ Իրաքի թեմերէն ներկայացուցիչներ։
Ծրագրով նախատեսուած զեկուցումներէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց օրհնութեան խօսք մը եւ հաւաքը եզրափակուեցաւ յայտարարութեան մը հրապարակումով։
Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015