ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Վաղը Հայաստանի մէջ պիտի սկսի «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 10-ը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս երիտասարդական ուխտագնացութիւնը։ Վերջին տարիներուն երիտասարդական այս ուխտագնացութիւններով արդէն ստեղծուած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։ Ուրեմն այս տարի այդ աւանդութիւնը կը շարունակուի եւ հերթական ուխտագնացութեան պահը հասած է։ ՀԵՀԵՄ, որ կը կազմակերպէ այս ուխտագնացութիւնները, կը գործէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ։

Աւանդական դարձած ուխտագնացութեան մասնակցութիւն կը բերեն Հայաստանէն, Արցախէն, սփիւռքէն բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, որոնց կը միանան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ հոգեւոր հայրեր։ Ուխտագնացութեան օրերուն ուխտաւոր երիտասարդները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը ստանան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Կը կազմակերպուին այցելութիւններ դէպի Սուրբ Հռիփսիմէ, Սուրբ Գայիանէ եւ Սուրբ Շողակաթ վանքերը, որոնք կը գտնուին Էջմիածին քաղաքին մէջ։ Երիտասարդները կ՚այցելեն նաեւ Խոր Վիրապի վանքն ու Զուարթնոցի պատմական հոյակերտ տաճարը։ Ուխտագնացութեան վերջին օրը ուխտաւորները Կոտայքի թեմէն ներս կը մասնակցին Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակին կողմէ մշակուած երիտասարդական աշխատանքի կազմակերպման երկօրեայ կրթական դասընթացն ալ այս անգամ կը կրէ «Թուային քրիստոնէական երիտասարդական աշխատանք» վերնագիրը։ Կրթական առաջադրանքները ուղղուած կ՚ըլլան թուային աշխարհէ ներս երիտասարդներու գործունէութեան աշխուժացման։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023