ԱՐԱՄ Ա. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Եգիպտոս։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին ան կը նախագահէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ գահակալ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս Եգիպտոսէն Անթիլիաս պիտի վերադառնայ վաղը։ Հարկ է նշել, որ այս այցելութեան ընդառաջ ան տեսակցեցաւ Լիբանանի Մարոնիտներու Ռայի Պատրիարքի փոխանորդ Փոլ Արք. Սայեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուած էին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ կարգ մը միջեկեղեցական հարցեր։ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտած էր քրիստոնեայ համայնքներու գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ յատկապէս ընդհանրական բնոյթ ներկայացնող խնդիրներու շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած էին նաեւ Եգիպտոսի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող ժողովի օրակարգին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024