ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէքը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էտուար Շարմազանով։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Նկատի ունենալով, որ անցեալ ամիս Փրակի Արքեպիսկոպոս Տոմինիք Տուքա Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանեայց Առաքելական եւ Չեխիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն, որոնք առաւել կը զօրանան գործնական նախաձեռնութիւններով։ Նորին Սրբութիւնը Չեխիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ արտայայտեց իր մասնաւոր գնահատանքը՝ տեղւոյն հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքին համար։ Ան գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ չեխահայութեան հոգեւոր կեանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման համար Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ հայ համայնքին եկեղեցի մը տրամադրուած է Փրակի մէջ։ Նորին Սրբութեան համոզմամբ փոխադարձ այցելութիւններու շնորհիւ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ կապերը ա՛լ աւելի կ՚ընդլայնուին ու կը խորանան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց նաեւ, որ երկու երկիրներու արժեհամակարգին մէջ կան մեծ ընդհանրութիւններ՝ խարսխուած քրիստոնէական արժէքներուն վրայ, ինչ որ պարարտ հող կը ստեղծէ համագործակցութեան համար։
Եան Համաչէք ուրախութիւն յայտնեց սոյն հանդիպման առթիւ եւ անդրադարձաւ Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ հայ-չեխական գործակցութեան զանազան ոլորտներէ ներս։ Համաչէք աւելի վերջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Չեխիոյ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին եւ երկրէն ներս եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց հարցի լուծման ուղղութեամբ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ գործադրուած ջանքերը։ Ըստ Համաչէքի, հայ եւ չեխ ժողովուրդները անցեալի մէջ ունեցած են բազում ողբերգական էջեր ու լաւ գիտեն խաղաղութեան արժէքը։