ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր մասնակցութիւն բերաւ Թաքսիմի «Grand Hyatt» պանդոկին մէջ, Յունաց Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած գիտական-միջեկեղեցական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, 1920 թուականին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սինոդին կողմէ հրապարակուած շրջաբերականի եւ համապատասխան հայրապետական կոնդակի 100-ամեակին առթիւ՝ որպէս յոբելենական ձեռնարկ կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որու բացման լիագումար նիստի պատուոյ հիւրերու շարքին էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ «The Patriarchal and Synodal Encyclical of 1920: 100 Years of Exceptional Influence» խորագրեալ այս համաժողովի բացման Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, որ միեւնոյն ժամանակ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն է։

100 տարի առաջ հրապարակուած հայրապետական կոնդակի դարադարձին եւ համաքրիստոնէական նշանակութեան տեսակէտէ էքիւմենիք արժեւորման մը առիթ հանդիսացաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Վատիկանէն մասնաւոր պատուիրակութիւն մը։ Համաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ելոյթով։

Ինչպէս հաղորդած էինք, այս համաժողովին առթիւ քաղաքս հրաւիրուած էր եւ զեկուցում մը պիտի ներկայացնէր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ վերջին պահուն առողջական պատճառներով ակամայ պարտաւորուած էր ջնջել իր ժամանումը։ Իր բացակայութեան պայմաններով, Նորին Սրբազնութեան կողմէ գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուելիք զեկոյցը ընթերցուեցաւ Յոյն Եկեղեցւոյ երիտասարդ սարկաւագներէն մէկուն կողմէ։ Այդ զեկուցումը կը բանաձեւէր յիշեալ կոնդակի եւ շրջաբերականի վերաբերեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մօտեցումները։

Գիտաժողովի աշխատանքները տեւեցին ամբողջ օր մը եւ աւարտին հասան Քաղկեդոնի Էմմանուէլ Մետրապոլիտի վերջաբանով։

Թաքսիմի «Grand Hyatt» պանդոկէն հրաժեշտ առնելու ատեն Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին հետ, որուն փոխանցեց բարեմաղթութիւններ եւ ուրախութիւն յայտնեց մասնակցած ըլլալով լաւ կազմակերպուած այս համաժողովին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021