ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան հանդիսութիւններուն։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի օրուան պատգամը տուաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Ան անդրադարձաւ Ենիգաբուի գողտրիկ եկեղեցւոյ պատմականին եւ առաքելութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ապա անդրադառնալով Ենիգաբուի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան՝ ըսաւ, թէ Հայ Եկեղեցին կը նշէ տօնը իր առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու, որոնց քարոզութեամբ հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ դարձաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ երկու առաքեալները հայ ժողովուրդին եկան ո՛չ հարստութեամբ եւ ոչ ալ զօրքերով։ Անոնք ունէին միայն հաւատք եւ Բանին Կենաց քարոզութիւնը, որոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը դարձուցին նոր լոյս հաւատքին։ «Մենք ամէն նիւթի մասին կը խօսինք, սակայն հաւատքի եւ Ս. Գիրքի մասին ո՛չ կը խօսինք եւ ոչ ալ կը խորհրդածենք։ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները Բանին Կենաց քարոզութիւնը խառնեցին մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին։ Մենք ալ պէտք է խառնենք, որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, թէ որպէսզի հողը բերք տայ, նախ պէտք է տակն ու վրայ ընել զայն։ Աստուած իր խօսքով ստեղծեց տիեզերքը։ Եւ Տէր Յիսուս մարմին առած Աստուծոյ խօսքն է ու Աստուած է։ Այս խօսքը իր հրաշքները գործեց, երբ խօսուեցաւ ընտանիքներու մէջ։ Ընտանիքն է, որ մեր նոր սերունդը նախ կը կրթէ, մեր հաւատքն ալ մարդէ մարդ կը փոխանցուի խօսքով։ Խօսքը մարդը կը փոխէ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր պատգամի աւարտին գնահատեց Ենիգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Քահրամանի։

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ եկեղեցւոյ բոլոր բարերարներուն ու սատարողներուն։ Կատարուեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ «Շնորհք Պատրիարք» սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023