ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԵՑ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց հայոց առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները։ 2015 թուականէն ի վեր այս տօնը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուած է՝ աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։ Այս տարի եւս հաւատացեալներու օրհնութեան ու երկրպագութեան համար դուրս բերուեցաւ այս համաքրիստոնէական սրբութիւնը, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Շնորհառատ տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ օրուան պատարագիչն էր Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էին թեմակալ առաջնորդներ, բազմաթիւ սրբազաններ, միաբաններ եւ ուխտաւորներ։

Ս. Պատարագի ընթացքին, եկեղեցական թափօրի առաջնորդութեամբ, Նորին Սրբութիւնը մատուռ-մկրտարան վերաբերեց աստուածամուխ Ս. Գեղարդը՝ օրհնելով ժողովուրդը։

Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ հայր սուրբը անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին։ Ան ընդգծեց, որ առաքեալներու տօնը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ մեր սէրն ու հաւատարմութիւնը վերարտայայտելու ու մեր հայրերու թողած ժառանգութեան, բարոյական արժէքներուն հաւատարիմ մնալու ուխտի օրն է։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023