ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՀՐԵՇՏԱԿԱՑ

​Յոր վեցթեւեան սրովբէքն
ոչ իշխէին հայել ի քո աստուածութիւնդ,
տեսանելով ի գիրկս կուսին,
զարմացեալք օրհնէին զքեզ։
(Շարական Գ. Աւուր Ծննդեան)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Նոր Տարիի սեմէն մուտք գործելէ անմիջապէս յետոյ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Քրիստոսի մարդեղութեան եւ իբրեւ Փրկիչ համայն մարդկութեան յայտնութեան աւետիսը մեր սրտերը հոգեւոր ուրախութեամբ կը պարուրէ։ Յիրաւի կ՚ապրինք տօնական ուրախութիւնն ու հրճուանքը, առանց անտեսելու մերօրեայ կեանքի պայմանները, որոնք ցուցանիշներն են, թէ մարդկութիւնը իր առօրեան կը շարունակէ ապրիլ աշխարհի վրայ տիրող թոհուբոհին մէջ։ Համավարակի փորձանքը կը շարունակէ իր այլազան երեսակներով սպառնալ մարդոց խաղաղ կեցութեան, զանոնք մատնելով հոգեկան տագնապալի վիճակի։ Մեր ալեհեր աշխարհի բնակիչները զգացած են ու տակաւին կը շարունակեն զգալ վարակման հաւանականութեան առթած երկիւղը։ Բաց աստի, ազգամիջեան քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային վերիվայրումները, բաղխումները, խաղաղութեան խախտումները վտանգ կը սպառնան մարդկութեան խաղաղ կեցութեան։ Այս բոլորով հանդերձ, Աստուածայայտնութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը, կը հրաւիրէ պահ մը հեռանալ ժխտականութեանց ազդեցութենէն ու կը թելադրէ, զգալ փորձել ու մխիթարուիլ իր յուսադրիչ ու ներքին խաղաղութիւն պարգեւող զօրութեամբ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Հայ Եկեղեցւոյ «Շարակնոց»ը գեղեցկօրէն կը նկարագրէ Աստուածայայտնութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը, թարգման հանդիսանալով Աւետարանական ճշմարտութեանց։

Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք, Եսայի մարգարէի մարգարէութեան պաշտօնի կոչումը նկարագրող գեղեցիկ հատուած մը։ Եսայի մարգարէ տեսիլքի մէջ կը տեսնէ Տէրը, նստած՝ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ։ «Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։ Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։ Եւ փոփոխակի կ՚աղաղակէին ու կ՚ըսէին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։ Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ»։ Եսայի ի տես այս տեսիլքին կը զարհուրի։ Մահուան սարսուռը կը պատէ զինքը ըսելով. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան» (Եսայի, 6.1-5)։

Սուրբ Գրական այս հատուածին մէջ կը տեսնենք զԱստուած տեսնելու համարձակութիւն չունեցող վեցթեւեան սերովբէները եւ զԱստուած տեսած ըլլալով մահուան երկիւղի մատնուած Եսային։ Երկու պարագային ալ զգալի է, զԱստուած տեսնելու անկարելիութիւնը։ Նման վախ մը ունեցած էր նաեւ Մովսէս, երբ Աստուած կրակի բոցով այրող բայց չսպառող մորենիին ընդմէջէն ազդարարած էր չմօտենալ, քանի որ այդ հողը սուրբ էր։ Նաեւ յայտնելէ յետոյ իր ինքնութիւնը, Մովսէս իր երեսը ծածկած էր, որովհետեւ վախցած էր Աստուծոյ նայելու (Ելից, 3.1-6)։

Շարականագիրը ակնարկելով Եսայի մարգարէի այս հատուածին, զուգահեռաբար կը ներկայացնէ վեցթեւեան սերովբէներու դիրքաւորումը Աստուծոյ փառքին առջեւ։ Անոնք թէեւ համարձակութիւն չէին ունենար իրենց աչքերը սեւեռելու դէպի Աստուածային փառքը, սակայն անդադար կը փառերգէին ընդմիշտ յայտարարելով Աստուծոյ սրբութիւնը եւ այս առումով ալ կոչուած՝ սրբասաց սերովբէներ։ Սակայն, նոյն հրեշտակները այս անգամ Սուրբ Կոյս Մարիամի գրկած Քրիստոսը տեսնելով Աստուծոյ փառքը կ՚երգէին, զարմանքի մատնուած։

Քրիստոս՝ Փրկիչ աշխարհի կը յայտնուէր համեստ ու խոնարհ պայմաններու մէջ։ Արքայական կամ իշխանական եւ կամ հանրածանօթ ընտանիքներու մօտ իրականացած ծննդաբերութիւն մը առիթ կը դառնար, որ մեծաձայն յայտարարութիւններով ծանուցուէր։ Ի տարբերութիւն մեծատուններու ի լուր ժողովրդեան առաքած մունետիկներու, Քրիստոսի ծննդեան մունետիկը եղաւ անմարմին եւ հոգեղէն էակ մը, որ էր երկնային զօրքերէն Տիրոջ հրեշտակը։ Անուս եւ իրենց օրապահիկը ճարելու մտահոգութեամբ գործող հովիւներուն ուղղեալ յայտարարութեանը մէջ զգալի կը դառնար սրտապնդիչ բառ մը, երբ կը ձայնէր ըսելով, «Մի վախնաք»։ Այս բառերուն կը յաջորդէր աւետիսը. «Ահաւասիկ ձեզի կ՚աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդինը պիտի ըլլայ» (Ղուկաս, 2.10)։ Հրեշտակը իր յայտարարութեան շարունակութեանը մէջ կը բացայայտէր, թէ ինչո՞ւ այս աւետիսը ժողովուրդին ուրախութեան առիթ պիտի ըլլար։ Այդ ուրախառիթ էր ժողովուրդին համար, որովհետեւ Դաւիթի քաղաք՝ Բեթղեհէմի մէջ Փրկիչ մը ծնած էր, օծեալ Տէրը, Մեսիան, որուն կ՚ակնկալէին։ Հրեշտակը ապա իր խօսքերը կը շարունակէր, որ կերպով մը առաջին հրաւէրն էր ուղղուած մարդկութեան, որուն ներկայացուցիչները ըլլալու կանչուած էին ընկերութեան հասարակ նկատուած, գուցէ արհամարհուած դասակարգի մարդիկ՝ հովիւներ, որպէսզի այցելեն եւ տեսնեն նորածին Մանուկը, «խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։

Տիրոջ հրեշտակը ունեցաւ իրեն հետեւորդ երկնային զօրքերը, որոնք երկինքի մէջ զԱստուած կը փառաբանէին, այս անգամ իրենց փառատրութեան հաղորդ կը դարձնէին աշխարհը. «Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։

Հրեշտակներ արդարեւ ուրախացան, որովհետեւ մեղաւոր ու կորսուելու դատապարտուած մարդը փրկելու առաքելութեամբ օժտուած Փրկիչ մը կու գար աշխարհ, որով մարդիկ առիթը պիտի ունենային ուղղակի հանդիպելու եւ մօտենալու Անոր, նաեւ սեղանակից ունենալու զԱյն, լսելու իր Աստուածային պատգամները եւ վայելելու Աստուածային ներկայութիւնը։ Ուրախացան, որովհետեւ «երկինքն ու երկիրը որ անբաւարար կը մնար զայն պարփակելու, խանձարուրի մէջ փաթթուած եւ առանց Հօրմէն բաժնուելու սուրբ այրին մէջ բազմած էր» (հմմտ. Շարական Ս. Ծննդեան)։ Հրեշտակներու ուրախութիւնը գուցէ նախատօնակն էր այն ուրախութեան «որ պիտի ըլլար մէկ մեղաւորի համար, որ կ՚ապաշխարէր» (Ղուկաս, 15.10)։

Քրիստոսի յայտնութեան կիզակէտն է Աստուծոյ անսահման սէրը, նկատմամբ՝ իր իսկ ստեղծած եւ մեղքով ինկած մարդկութեան։ Հետեւելով Պօղոս առաքեալի, կը կարդանք, թէ «Աստուած իր Որդին ղրկեց մեղանչական մարմնի նմանութեամբ ու մեղքի համար եւ մեղքը դատապարտելու այն մարմնին մէջ»։ Տարսոնացի առաքեալը նաեւ կը յիշեցնէ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուելու օրհնութիւնը. «Անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ՚առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ Քանզի անոնք ծառայութեան հոգին չառին կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առին, որ անով կը կանչեն Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (Հռովմայեցիս, 8.3, 14-16)։

Ուրեմն երանի մեզի, որ մենք զմեզ Աստուծոյ ներկայութենէն ծածկելու կարիքը չունինք, քանի Աստուած Հայր է մեզի համար։ Աստուծոյ հայրական սէրը յայտնի եղաւ անոր համար որ «Ան իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք» (Ա.Յովհաննէս, 4.9)։

Ի փոխարէն Սուրբ Գիրքի մէջ տրուած Եսայի եւ Մովսէս մարգարէներու ի ներկայութեան Աստուծոյ զգացած վախին, Յովհաննէս Աստուածաբան աւետարանիչ կարեւորութեամբ կ՚անդրադառնայ, թէ «Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ» (Ա.Յովհաննէս, 4.18)։

Հրեշտակներու ուրախութեամբ երգած Աստուծոյ փառերգը, եկեղեցին կը պատկերացնէ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Աւետարանի ընթերցման պահուն։ Պատրիարքական Աթոռի երբեմնի միաբաններէն հոգելոյս Ասատուր Վարդապետէն լսած էի եկեղեցւոյ դպիրներու համար գործածած ածականը, որ էր «հրեշտակապաշտօն»։ Առաջին անգամ իրմէ լսած ու իրմէ սորված էի այս ածականի գործածութեան նպատակը։ Բացատրած էր, թէ այն ինչ որ երկինքի մէջ անմարմին հրեշտակները կը փառերգէին, անոնց պարտականութիւնը երկրի վրայ կը փոխանակ-ւէր եկեղեցւոյ երգեցիկ դպիրներով։

Գոհութիւն եւ փառք կու տամ, որ ապրած եմ այդ գեղեցկութիւնը Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Երբ այսօր յետադարձ ակնարկով կը յիշեմ այդ երանելի օրերը՝ ես ինծի կ՚ըսեմ. «յիրաւի հրեշտակներու նմանողութեամբ կ՚երգէինք»։ Հրեշտակներու նմանողութեամբ տղաք իրենց հասկցած չափով կը կատարէին երգեցողութիւնները, անոր համար որ իրենց ընտանեկան յարկերուն տակ ունէին հրեշտակներու նմանողութեամբ գործող ծնողներ։ Անոնք որպէս պահապան հրեշտակներ կը հսկէին իրենց հոգեհատորներուն, որպէսզի սորվէին Աստուծոյ Տան՝ եկեղեցւոյ ճամբան։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին կը յիշենք Պոլսոյ երանաշնորհ Յակոբ Նալեան Պատրիարքին կարեւոր խրատը, ուղղեալ ծնողներուն. «Ով զաւակներ ունեցող ծնողներ, մշտապէս արթուն եղէք եւ ջանք ու եռանդ մի՛ խնայէք ձեր զաւակները կրթելու համար եւ հասկցէք, որ Աստուած ձեզ անոնց վրայ երկրորդ արարիչ կարգած է. եւ ինչպէս Ան կը կրթէ ձեզ Իրեն հանդէպ երկիւղի, բարեպաշտութեան եւ սուրբ ու անբիծ օրէնքներու միջոցաւ (քանի որ Տիրոջ օրէնքներն անբիծ են), այնպէս ալ ձեզմէ կը պահանջէ նոյնը ուսուցանել, եւ նենգաւոր վիճակի մէջ չգտնռւիլ Իր կողմէ ձեր խնամքին յանձնուած զաւակներուն նկատմամբ» (Գանձարան ծանուցմանց երկասիրութենէն)։

Սուրբ Ծննդեան աւետիսը հետաքրքրութիւն առթեց հովիւներու մօտ եւ անոնք ազդուած հրեշտակային փառերգէն փնտռեցին ու գտան նորածին Մանուկը։ Այս տաղաւարին նոյն հրեշտակային աւետիսը թող առիթ ըլլայ բոլորիս, որպէսզի անգամ մը եւս գիտակցինք Յիսուսի Քրիստոսի շնորհիւ մեր արժանացած պատուանուններու արժէքին։ Անոր շնորհիւ է, որ Աստուած մեզի Հայր է եղած եւ մենք Աստուծոյ անունը արտասանելու եւ Իր անունին փառք երգելու համար որեւէ վախ մը չունինք, ինչպէս որ Հին ուխտի հաւատացեալներ ունէին։ Հրեշտակներու ուրախութեան բաժնեկից ըլլանք ի խորոց սրտի մեր արտասանած աղօթքներով։ Մենք մեզի օրինակ ընտրենք հրեշտակները, հովիւները եւ մոգերը եւ հեռու մնանք արիւնարբու Հերովդէսի ոչ ցանկալի օրինակէն, որուն զանազան ձեւերով ու միջոցներով հետեւողները անպակաս են մերօրեայ ժամանակներուն բարոյական գետնի վրայ, միշտ պատրաստ հակադրելու եկեղեցւոյ առողջ գոյատեւման։

Սրտագին մաղթանքներով ու աղօթքով կը բաժնենք ուրախառիթ աւետիսը.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գատըգիւղ

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022