ԱՐԵՒԱՇՈՂ ՄՍՈՒՐԻՆ ՄՕՏ ԵՐԳ ՄԸ ԵՐԳԵՆՔ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ

«Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ
ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։
(Ղկս. 2.14)

Կրկին անգամ հասած է Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը եւ եկեղեցւոյ զանգակները կրկին անգամ կը սկսին ղօղանջել ամենաբարձր մակարդակով՝ աւետելու համար, թէ Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Բարի կամքի տէր հազարաւոր անձինք նեղութեան ճահիճին մէջ մխրճուած խաղաղատենչ քանի քանի անձերու կու գան աւետելու, թէ ծնած է մանուկ մը, որ պիտի դառնայ Աստուծոյ եւ մարդկանց, երկրի եւ երկնքի միջեւ հաշտութեան միջոց։ Քանի տասնեակ տարիներ նոյն աւետիսը հնչեց աշխարհի չորս ծագերուն, ոմանք հետեւեցան իր կանչին ու միացան լոյսին՝ Յիսուսին, իսկ ոմանք մերժելով լոյսը՝ շարունակեցին ծառայել այս աշխարհի խաւարասէր իշխանին։ Սակայն Ս. Ծննդեան պատգամը եւ կանչը մնաց եւ կը մնայ շնչող ու ներշնչող։

Հասարակ հովիւներու հետ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անձ Տիրոջ Ծննդեան տարեկան տօնախմբութեան առթիւ կը քալէ դէպի լուսընկալ մսուրը, ուր կը փայլի որպէս «Լոյս ի Լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած» հռչակեալ մանուկ մը։ Ուղեւորութիւն մըն է սա դէպի Յիսուս, տեսնելու համար աւետեալ փրկիչը. «Մանո՛ւկ մը ծնաւ, որդի՛ մը տրուեցաւ մեզի. Անոր ուսերուն վրայ դրուեցաւ իշխանութիւնը. Ան պիտի կոչուի Իշխան խաղաղութեան» (Ես. 9.6):

Դարեր շարունակ անցեալէն մինչեւ այսօր իրարմէ տարբեր աւանդութիւններով տարբեր ազգեր եւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ կը փորձեն միանալ հովիւներու ճանապարհին, որ կ՚ուղղուի դէպի մսուր մը։ Իրարմէ տարբեր հաւաքականութիւններ, տարբեր գունաւորումներով կը փորձեն Սուրբգրային պատկերին մասնիկները դառնալ։ Ծնած մանուկը գէթ կը նկարուի Արեւմտեան ժողովուրդի մը անդամի տեսքով, գէթ կը նկարուի Ափրիկէի մանկան մը տեսքով։ Հարիւրաւոր տարբեր ժողովուրդներ իրենց հասկացողութեամբ կը կարդան Ս. Գիրքը եւ կը փորձեն նոյնացնել մանուկ Յիսուսը իրենց հետ։ Իսկ միատեղ կատարուած այս ուղեւորութիւնն ու սրբազան նպատակը կը միացնէ լեզուով ու սովորութիւններով բոլորովին տարբերած հաւաքականութիւնները, քանի որ աւետեալ փրկիչն է խնդրոյ առարկան, որ Աստուածային սիրոյ որպէս հաւաստիքը մարմնացաւ մարդոց մէջ։ «Յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից» հաւատոյ հռչակումն է, որ կը տարածուի Յիսուսի ծննդավայր դարձած այս մսուրէն եւ շարականի խօսքերով «Լոյս ի Լուսոյ՝ ի Հօրէ առաքեցար եւ մարմնացար ի սուրբ Կուսէն, զի վերստին նորոգեսցես զապականեալն Ադամ»: (Օրհ., Ը Օր Ս. Ծննդեան) «Լոյսէն լոյս Հօրմէ ղրկուեցար եւ սուրբ կոյսէն մարմնացար որպէսզի ապականած Ադամը վերստին նորոգես» (Աշխարհաբար)։ Այլապէս Յիսուս Մանուկի շուրջ գունազարդուած Ս. Ծննդեան խորհուրդը ունի միաւորելու կարողութիւնը։ Եկէ՛ք, ընդառաջենք միաւորելու կամքով յայտնուած Աստուածորդիի հրաւէրին։

Հովիւները ուղեւորուեցան դէպի մսուր, որովհետեւ. «որ Էն ի յաթոռ փառաց՝ անտես վերնոցն, ի յայրին իջեւանի եւ ի մսուր անբանից բազմեալ» (Ողրմ., Ա Օր Ս. Ծննդեան)։ «Փառաց աթոռին վրայ նստողը՝ հրեշտակներէն անտեսանելին, այրին մէջ կ՚իջեւանի եւ անբաններու մսուրը կը բազմի» (Աշխարհաբար)։

Հրեշտակին պատգամով դղրդաց հովիւներու էութիւնը եւ իրենց ցրտաբեկ ոտքերը սկսան ուղղուիլ դէպի մսուր։ Տիրոջ փառքին արժանացած համեստները, ահա այս տեսարանին մէջ կը վերածուէին քահանաներու՝ Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը Սուրբ Սեղանին վրայ տեսնելու կամքը ունեցողներու, երգչախումբի անդամներու՝ Տիրոջ անունը հրեշտականման երգեցողութեամբ փառաբանելու պաշտօն ստանձնածներու, հաւատացեալներու՝ Տիրոջ առջեւ ծունկի գալով երկրպագութիւն մատուցանելու իղձով զարդարուածներու։

Իսկ ինչքա՜ն այժմէական է հովիւներու այս ուղեւորութիւնը, երբ աշխարհը առաւել եւս անհրաժեշտութիւնը ունի այս լոյսին։ Այսօրուան աշխարհը, որ կը շարժի իր հիմքերէն անվստահութեան եւ կասկածի, անմիաբանութեան եւ անձնասիրութեան, խարդախութեան եւ զրպարտութեան մթագնութեան պատճառաւ եւ երբեմն մարդիկ կը խաւարացնեն իրենց սիրտերն ու խորհուրդները անկեալներ դառնալով աշխարհէն, ստուերով կը պատուի մարդկութիւնը եւ կաթիլ առ կաթիլ, շիթ առ շիթ լոյսին կարիքը զգալի կը դառնայ աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ։ Կարիքը զգալի է, սակայն որո՞նց համար։ Իսկ մենք կը տեսնե՞նք, թէ կարիքաւոր ենք։

Բնականաբար խաւարակուռ աչքեր պիտի չտեսնեն հովիւներուն տեսածները եւ պիտի չլսեն հովիւներուն տրուած աւետիսը։ Իսկ քրիստոնէական ձայնն է, որ այսօր Ս. Ծննդեան հովիւներու ձայնին կը խառնէ այս անհրաժեշտութեան կանչը, երբ շատեր չեն գիտեր, թէ ծնաւ Փրկիչ մը այս կարիքը յագեցնելու համար։ Եկեղեցին է այսօր կրկին անգամ քարոզողը եւ կը միանայ հովիւներու ձայնին եւ իր հօտին կը թելադրէ. Աշխարհը խաւար է, իսկ մսուրը՝ լոյս։ Խաւարէն տուժողը թող հեռանայ խաւարէն եւ ուղղուի դէպի լոյս՝ մսուր։ Եկէ՛ք, այսօր բանանք մեր ականջները եւ լսենք առ մեզ ուղղուած փրկութեան աւետիսը։

Հետեւաբար Քրիստոսի փրկելու եւ բժշկելու իշխանութեան յայտարարուած տեսարանին մէջ, աղերսական ոգիով հաւատացեալներ զիրար կը շնորհաւորեն ո՛չ միայն սոսկ աւանդութիւն մը յարգած ըլլալու համար, այլ՝ ապրող եւ շնչող լոյսի աղբիւրէն Աստուածային իշխանութեամբ առ մարդ հասանելի օրհնութիւնները ձեռք բերելու ակնկալութեամբ։ Աղօթենք, որ Ս. Աստուածամօր մայրական հոգածութեան ներքեւ գտնուող այս Մանուկը մեր անձերու եւ ապա մեր շրջակայքի խաւարը յաղթահարէ՝ մեր իսկ հաւատքին եւ աղօթքին նուէրը դառնալով։ Ատելութեան եւ ոխակալութեան ուժերուն դիմաց, սիրոյ եւ ողորմութեան զօրութիւնը հրաւիրենք մեր մօտ ու վայելենք անկասկած Աստուածային յաղթանակը։

Մեզի համար, որ կը տօնենք Աստուածորդիի մարմնաւորման մեծ յիշատակութիւնը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը դառնայ շնորհաբաշխ Աստուծմէ օրհնութիւն աղերսելու կարեւոր առիթ մը։ Բեթղեհէմին մէջ ծնած եւ մսուրի մէջ հանգչած Տէրը թող լսէ իր երկրպագուներուն աղաչանքը եւ զինքը փառաբանելու եւ իրմով ուրախանալու շնորհքը պարգեւէ առհասարակ բոլորիս։ Բարերար եւ բազումողորմ Աստուածը Իր անմոռաց գիտութեամբ եւ անբաւ մարդիսիրութեամբը յիշէ բոլոր իրեն հաւատացողներս եւ ողորմէ՝ բոլորիս։ Խաղաղութեան Իշխանը թող օգնէ եւ փրկէ մեզ ամէն տեսակի վտանգներէ եւ փորձութիւններէ։ Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

(Ս. Ներսէս Ճեմարան, ԱՄՆ)

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2023