ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԱՍՆ ՀԱՒԱՏՈՅ…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ ոգեկոչեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակը։ Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ աւանդական շուքով արարողութիւններ տեղի ունեցան մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» վկայութեան մը մերօրեայ վերարժեւորումով, Վարդանանց տօնակատարութիւնները անցան հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան, որ օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Վարդանանց նահատակներու տօնի խորհուրդին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ քանի որ Ս. Վարդանանց տօնին օրը կը նշուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը։ Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանքը, որու ընթացքին եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալները միասնական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան ու պայծառութեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։
Օրուան տեւողութեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն եւս նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։
Պոլսոյ մեր եկեղեցիներուն մէջ ալ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Պատարագիչն էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։