ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Ար­ցա­խի են­թար­կուած յար­ձա­կում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ հո­գե­ւոր միաս­նա­կա­նու­թեան մէջ կը պա­հէ իր հօ­տը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միաս­նա­կան ա­ղօթք մը՝ հա­զա­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Հայ­րե­նի­քի եւ հայ­րե­նեաց պաշտ­պան զի­նուոր­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած միաս­նա­կան ա­ղօթ­քին ներ­կայ գտնուե­ցան ներ­քին թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կա­ռոյց­նե­րուն մօտ պաշ­տօ­նա­վա­րող ե­պիս­կո­պոս­ներ ու միա­բան­ներ, ո­րոնց կազ­մած թա­փօ­րին մէջ ընդգր­կուած էին նաեւ զի­նուո­րա­կան­ներ։ «Հրա­շա­փառ»ի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ տա­ճար մուտք գոր­ծեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, որ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ դէ­պի խո­րան։ Այ­նու­հե­տեւ կա­տա­րուե­ցաւ մաղ­թանք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­սա­սա­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Ա­ւագ խո­րա­նին առ­ջեւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­ղօ­թեց ծնրա­դիր՝ հայ­ցե­լով Երկ­նա­ւո­րէն. «Եւ արդ՝ մենք ա­մե­նե­քեան խո­նար­հեալ ան­կա­նիմք ա­ռա­ջի Քո եւ հայ­ցեմք յա­մե­նա­ռատ ո­ղոր­մու­թե­նէդ Քում­մէ, Տէր Աս­տուած մեր, զի պա­հես­ցես եւ պահ­պա­նես­ցես զՀան­րա­պե­տու­թիւնք Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ աշ­խար­հաց ի խա­ղա­ղու­թեան, ի բա­րօ­րու­թեան եւ յան­սա­սա­նու­թեան…»։

­Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը նաեւ առ Աս­տուած ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց մար­տե­րու ըն­թաց­քին եւ սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ զո­հուած նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րու հանգս­տու­թեան հա­մար։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ. «Այ­սօր հա­մախմ­բուած ենք միաս­նա­բար ա­ղօթք բարձ­րաց­նե­լու մեր երկ­րի ու մեր ժո­ղո­վուր­դի խա­ղաղ ու ա­պա­հով կեան­քի, հայ­րե­նեաց սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող հա­յոց բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար­նե­րու եւ զի­նուոր­նե­րու անվ­տանգ ու յաղ­թա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­մար»։­

Ան ը­սաւ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ժո­ղո­վուր­դը հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ ազ­գա­սի­րու­թեան զօ­րեղ զգա­ցու­մով ինք­նա­բուխ զօ­րա­շար­ժի մը ան­ցած է։

«Մենք քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ ենք, հե­տե­ւորդ աս­տուա­ծա­պա­տուէր խա­ղա­ղու­թեան ու հա­մե­րաշ­խու­թեան, նա­խան­ձախն­դիր՝ աս­տուա­ծաշ­նորհ ա­զա­տու­թեան։ Հայ­րե­նի­քի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ազ­գի ա­զատ կեան­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւն է մե­զի հա­մար։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին օր­հա­սա­կան վտանգ­նե­րու դէմ հա­մա­խումբ, իր հա­ւատ­քի ու­ժով եւ ո­գիի ա­րիու­թեամբ բա­զում յաղ­թա­նակ­ներ կեր­տած է, այ­սօր եւս նոյն յանձ­նա­ռու­թեամբ հե­րո­սա­բար կանգ­նած է ընդ­դէմ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու ու բռնու­թիւն­նե­րու, ընդ­դէմ պար­տադ­րուած պա­տե­րազ­մի՝ վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար խա­ղա­ղու­թիւ­նը», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ իր ա­ղօթ­քը, օրհ­նու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, հրա­մա­նա­տար­նե­րուն եւ զի­նուոր­նե­րուն հա­մար։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ղօթք ա­ռա­քեց առ Աս­տուած աշ­խար­հի եւ հա­յոց հայ­րե­նի­քի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

Մինչ այդ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լու­թեան փու­թաց այն վի­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րուն, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ են­թար­կուած են դար­մա­նու­մի։

Միւս կող­մէ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ ե­րէկ դար­ձեալ կապ հաս­տա­տեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նշեց, թէ ամ­բողջ Սփիւռ­քը զօ­րա­կո­չի են­թար­կուած է Ար­ցա­խի կող­քին ու պատ­րաստ է օ­ժան­դա­կե­լու՝ միա­կամ ո­գիով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016