«ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Այս ծրագրի պատասխանատուն է Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան։ Վերջերս Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Համբար ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաձեռնութեան շրջանակէն ներս կազմակերպուած համաժողով մը, որ ունեցաւ աւելի քան 80 մասնակից։ Թէեւ զանազան տարիքային խումբերէ մասնակիցներ եղան, սակայն, ըստ էութեան, կը գերակշռէին 25-30 տարեկան երիտասարդները։

Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին հաղորդումներով, այս համաժողովը աննախադէպ էր իր ձեւին ու բովանդակութեան մէջ, որովհետեւ իբրեւ քննարկման նիւթ՝ առաջին անգամ օրակարգի վրայ եկան այսօրուայ երիտասարդը առաւել չափով յուզող եւ առօրեայ կեանքին առաւել չափով մօտ ու առընչակից հարցեր։

Հաւաքոյթի հանդիսավարն էր Տիգրան Սրկ. Յարութիւնեան։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին երիտասարդներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց մերօրեայ ժամանակներուն նկատուած բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու գահավիժման վրայ։ «Աստուծոյ խօսքը պէտք է իր առաջնահերթ տեղը ունենայ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի կեանքէն ներս, որպէսզի ան Աստուծոյ խօսքին ներկայութեամբ ու կիրառմամբ ապրի եւ արարէ իրեն բաժին հասած այս կեանքը», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022