ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄՆ ԱՅՑԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի 2015-ի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պի­տի փո­խան­ցէ նաեւ օրհ­նու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի տա­րե­կան Թե­մա­կան-պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ։

Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կ՚ըն­կե­րա­նան Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չա-տը­րեան, գա­ւա­զա­նա­կիր Տ. Ա­նա­նիա Ա­բե­ղայ Ծա­տու­րեան, Կա­թո­ղի­կո­սա­կան գրա­սե­նեա­կի քար­տու­ղար Տ. Խո­րէն Քհնյ. Կի­րա­կո­սեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի բա­րե­րա­րնե­րէն Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան։

Միւս կող­մէ, նոյն ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ ԱՄՆ-ի ծե­րա­կոյ­տէն ներս, նաեւ կը մէկ­տե­ղուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ուոր­լի­քի հետ։ Իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան կ՚այ­ցե­լէ Հո­լո­քոս­տի թան­գա­րան, նաեւ ԱՄՆ-ի գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նէն ներս կը ծա­նօ­թա­նայ այն­տեղ ի պահ դրուած հայ­կա­կան ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն։ Սերժ Սարգ­սեան «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ» թեր­թի խմբագ­րա­տան մէջ ալ կը հիւ­րըն­կա­լուի՝ հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լով խմբագ­րա­կան խոր­հուր­դին հետ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին Ո­ւա­շինկ­թընի մէջ Սերժ Սարգսեան տե­սակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նայ ա­մե­րի­կա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ո­ւա­շին­թը­նի ազ­գա­յին մայր տա­ճա­րին մէջ ան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ 2015-ի տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած միջ-կը­րօ­նա­կան ա­ղօթ­քին, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս կու գայ նաեւ ե­լոյ­թով մը։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի շփում­նե­րուն ա­ւար­տին, Սերժ Սարգ­սեան Մա­յի­սի 8-ին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ռուսաստանի մայրաքա-ղաքը՝ Մոս­կուա։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015