ԱՐՑԱԽԻՆ ՄԻՇՏ ՍԱՏԱՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքերու կողմէ՝ ներառեալ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի։ Վեհափառ Հայրապետը, ի դէմս նախագահի, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց Արցախի ժողովուրդին՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ Հայաստանի ու Արցախի տեսակէտէ ներկայ ծանր ու պատասխանատու ժամանակաշրջանին առկայ բոլոր դժուարութիւնները կը դիմագրաւուին համազգային միասնութեամբ ու հայ ժողովուրդին բնորոշ արիութեան ու տոկունութեան ոգիով։ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Արցախին մշտապէս սատար հանդիսանալու համար։ Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, արցախահայութիւնը ճակատագրական ժամանակներ կ՚ապրի եւ առկայ փորձութիւններու յաղթահարման տեսակէտէ շատ կարեւոր են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ հոգեւոր դասու անդամներու աղօթքը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ քայլերուն եւ անվտանգութեան խնդիրներուն։ Մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն եւ հայատեաց քաղաքականութեան կապակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետն ու Արայիկ Յարութիւնեան կարեւորեցին բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան հետեւողական աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Արցախի զօրացման եւ ապահով ու անվտանգ կեանքի կերտման։

Զրոյցի տեւողութեան առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախի թեմի գործունէութիւնը, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային, պատմական ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրները։

Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ֆրանսայի Ծերակոյտի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ժիլպէր-Լիւք տը Վինազ։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022