ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն, Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի անդամներէն բաղկացած էր խումբը, որու գլուխը կը գտնուէր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2022