ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորինը, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքին, ծաւալապաշտ նկրտումներուն, Միջազգային արդարադատութեան ատեանի՝ Բերձորի միջանցքին վերաբերեալ վճռի անտեսման եւ Կարմիր խաչի մարդասիրական առաքելութեան խոչընդոտման։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԵՄ-ի ջանքերը, նաեւ ողջունեց Հայաստանի մէջ զանազան ոլորտներէ ներս իրականացուած ծրագրերը։ Խօսակցութեան ընթացքին կողմերը կանգ առին Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ անվտանգային խնդիրներու յաղթահարման ուղիներուն վրայ։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետ երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Ֆիլատելֆիայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեանի։

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023