ՏԻԹՐՈՅԻԹԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Տիթրոյիթի ծուխէն ներս, վերջին օրերուն հրաժեշտի յուզումնախառն արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի տնօրինութեամբ՝ Տիթրոյիթի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի Ֆիլատելֆիայի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ՝ նոյնպէս իբրեւ հոգեւոր հովիւ։

Տիթրոյիթի ծուխի հաւատացեալները ջերմ զգացումներով հրաժեշտ տուին իրենց հոգեւոր հովիւին, որուն Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցած վերջին Ս. Պատարագը դարձաւ բացառիկ։ Իր խրատականին մէջ ան յայտնեց, որ այլեւս պիտի ուղեւորուէր դէպի Ֆիլատելֆիա։ Տիթրոյիթի ծառայութեան շրջանը ամփոփ արժեւորելով՝ ան նշեց, որ այդ տարիները իրեն համար ալ ուսուցողական եղած էին։ Մինչ ան վերջին անգամ օրհնութիւնը տուաւ հաւատացեալներուն, ծուխին կողմէ ալ իրեն նուիրուեցաւ ձեռաց խաչ մը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանի եւ իր ընտանիքին ի պատիւ ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Այս փուլին ալ տէր հայրը շրջապատուեցաւ ծխական վարչութեան անդամներուն, եկեղեցւոյ պատգամաւորներուն եւ յարակից բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023