ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԴԱՒԱՆԱԿԻՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Հոկտեմբերի 1-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը արդէն հետզհետէ կը բնորոշէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։ Միւռոնօրհնութիւնը պիտի համախմբէ նաեւ համաքրիստոնէական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Ղպտի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցւոյ պատրիարքին կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցին Միւռոնօրհնութեան արարողութեան։

Վերջին օրերուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան եւ Գահիրէի մօտ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան այցելութիւն մը տուին Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին։ Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Արցախի պաշարման հարցը։ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը կոչ ուղղեց, որպէսզի վերաբացուի Լաչինի միջանցքը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ խաղաղութիւն կը հաստատուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Ղպտի եկեղեցւոյ պետը խոստացաւ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան համար պատուիրակութիւն մը ուղարկել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023