ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հռոմի Արեւելագիտութեան քահանայապետական կաճառէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին ձօնուած միջազգային գիտաժողով մը՝ 30 նոյեմբեր-1 դեկտեմբեր թուականներուն։ «Առաքեալ երկնաւոր շնորհացն՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի» կարգախօսով կազմակերպուեցաւ գիտաժողովը, որու ընթացքին հեղինակաւոր դէմքեր ներկայացուցին շահեկան զեկուցումներ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու համագործակցութեամբ այս յատկանշական տարելիցին առթիւ մշակուած էր համատեղ ծրագիր մը, որու գործադրութիւնը յետաձգուած էր՝ Արցախի ողբերգական իրադարձութիւններուն հետեւանքով։ Այս գիտաժողովը յետաձգուած այդ նախագծին մաս կը կազմէր եւ հակառակ այդ որոշումին՝ յարմար նկատուած է առանձնացնել եւ զայն իրականացնել։

Երկօրեայ գիտաժողովին զանազան երկիրներէ յառաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ մասնակցութիւն բերին։

Միւս կողմէ, Վատիկանի կողմէ դրոշմաթուղթ մըն ալ թողարկուած է՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի յիշատակման համար։ Նամականիշը ներկայացուած է գրութիւնով մը, որու մէջ նշուած է, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալի կը պատկանի նշանաւոր իշխաններու եւ հայ ականաւոր եկեղեցականներու ընտանիքի մը, եղած է վանական, եպիսկոպոս ու վերջապէս կաթողիկոս, որ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գերագոյն արժանապատուութիւնն է։ «Շնորհալի եղաւ աստուածաբան եւ ինքնատիպ հոգեւոր հեղինակ մը՝ իր եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն լիակատար նուիրումով», նշուած է գրութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023