ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՄՆ-ԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն պատուիրակութիւն մը։ Թեմի հոգեւորականաց դասէն քահանայ հայրերու առընթեր, պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիլեան։

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամներուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Արցախի հայրենազրկուած հայոց առկայ ծանր կացութեան։ Ան ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած աջակցութեան ծրագրերը՝ կարեւորելով նաեւ սփիւռքահայութեան հետեւողական մասնակցութիւնը։ Ան պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախէն բռնի տեղահանեալներու ծանր կացութեան եւ անոնց աջակցութեան համար ձեռնարկուած ծրագրերու ընդլայնման։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023