ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ալֆոնսօ տի Ռիցոն, որ դիւանագիտական առաքելութիւնը կ՚աւարտէ Հայաստանէ ներս։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեփահառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայց. Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը իտալացի դեսպանին նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ապագայ գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024