ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս այս շաբթուան առաջին օրերուն ապրուեցան յատկանշական իրադարձութիւններ։ Գործադրուած ծրագիրը ձօնուած էր թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին։ Լոս Անճելըսի ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ եզակի իրադարձութիւն մըն էր կազմակերպուած խորհրդաժողովը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի պարգեւատրումը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կապակցութեամբ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
*
Փետրուարի 2-3 թուականներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90-ամեակին առիթով, Պըրպենքի Առաջնորդարանի դահլիճներէն մէկուն մէջ՝ տեղի ունեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով (conference) մը՝ թեմի մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականներու ներկայութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ:
Փետրուար 2-ը տօնն էր «Ղեւոնդեանք» կոչուած այն նահատակ հոգեւորականներուն, որոնք 5-րդ դարուն գիտակցական մեծ նուիրուածութեամբ պաշտպանեցին քրիստոնէական հաւատքը, եկեղեցին եւ հայրենիքը:
Առաւօտեան Առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք-ժամերգութիւն՝ թեմի եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, նահատակներու բարեխօսութեամբ Աստուծմէ խնդրելով Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքի համար հաւատքի ամրութիւն, քրիստոնէական բարձր գիտակցութիւն եւ մխիթարութիւն մեր համայն ժողովուրդին:
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողովը, 2016 թուականի առաջին եկեղեցական մեծ հաւաքը: Խորհրդաժողովին կը նախագահէր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ հանգամանալից կերպով ներկայացուց խորհրդաժողովին հիմնական նպատակը, ներկայացուելիք զեկոյցներուն կարեւորութիւնը, քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը եւ հովուական աշխատանքներու առաւել լարումը՝ միշտ եկեղեցական եւ հովուական մակարդակներու վրայ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թեմի հաստատման 90-ամեակի ծիրին շրջագծով անդրադարձաւ նաեւ թեմէն ներս տեղի ունեցող եկեղեցիներու շինարարական իրագործումներու մասին. օրինակ՝ Արիզոնա, Սան Տիեկօ, Լաս Վեկաս, Լա Քրեսենթա եւ Հոլիվուտ: Ան հերթաբար անդրադարձաւ թեմի վերջին տասը տարիներու պատմութեան նուիրուած եւ պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող հրատարակութեան մասին, իննսուն օրինակելի զոյգեր գնահատելու ծրագրին, թեմական յատուկ «Թերթ»ի մը հրատարակութեան, երիտասարդներու համար մատուցուելիք Ս. Պատարագի մը, քահանայութեան նոր թեկնածուներու, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւններու, սուրիահայութեան, Հայաստանէ ներս զանազան ծրագիրներու մասին, եւայլն…:
Երկօրեայ խորհրդաժողովը մասնայատուկ կերպով մշակած էր եկեղեցական եւ հովուական բովանդակալից ծրագիր մը՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արժեւորելու քրիստոնէական, կրօնական եւ ազգային բազմաթիւ հարթակներու վրայ: Թեմի հաստատման 90-ամեակին եկեղեցական, կրօնական, հովուական նշումը եւ զանազան ձեռնարկներու կազմակերպումը 2016-ին՝ հիմնական մեկնակէտ մը ունի, եւ Արեւմտեան Թեմէն ներս ստեղծել, խթանել եւ ուժեղացնել «հոգեւոր-կրօնական նոր զարթօնք» մը: Ա՛յս էր խորհրդաժողովին կեդրոնական առաջադրանքը:
Խորհրդաժողովին հետապնդած ծրագիր-առաջադրանքը կը բխէր նոր ժամանակներու կրօնական, հոգեւոր, ընկերային եւ բարոյական ըմբռնումներէն եւ արժէքներու անկումէն, որոնք կը պարտադրեն նոր մղում եւ նոր աշխուժութիւն տալու եկեղեցւոյ «աւետարանչական առաքելութեան»:
Այս իմաստով, խորհրդաժողովին ծրագիրը ամիսներ առաջ մշակուած էր լուրջ մերձեցումով: Երկու օրերու տեւողութեան ընթացքին հոգեւորականներու կողմէ ներկայացուեցան եկեղեցական, աստուածաբանական, ընկերային եւ բարոյական նիւթերով ու հարցերով ուսումնասիրուած զեկոյցներ, որոնք հերթաբար արծարծեցին, զարգացուցին՝ առիթ տալով խորագոյն քննարկումներու եւ եզրակացութիւններու: Ներկայացուած նիւթերը գործնականապէս պիտի նպաստեն հաւատացեալներու կրօնական դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կեանքի զարգացումին եւ զօրացումին:
Արեւմտեան Թեմը, իր Հոգեւոր Առաջնորդով, վճռած է զօրացնել իր առաքելութեան «այժմէութիւնը» եւ «կենսունակութիւնը»՝ լուսաւորիչ ուղղութիւն եւ հոգեւոր բաւարարութիւն տալու համար իր հաւատացեալներուն: Եկեղեցին կը փորձէ վերարժեւորել եւ վերասահմանել իր կրօնական-եկեղեցական սկզբունքները եւ արժէքները:
Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակի առաջին խորհրդաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան եւ քննարկումի արժանացան հետեւեալ կարեւոր նիւթերը.
1.- «Երիտասարդներու «գործօն» մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս» (Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ):
2.- «Ոչ-Ուղղափառ կամ կրօնական տարբեր հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու «այլասերում»ի վնասակար դերը մեր ժողովուրդին մէջ» (Տ. Եղիա Քհնյ. Եսայեան):
3.- «Բարեպաշտութիւնը եւ ծիսական պաշտամունքը քրիստոնեայի «հոգեւոր կեանք»ին իբր աղբիւր» (Տ. Զաւէն Քհնյ. Մարկոսեան):
4.- «Փնտռտուք եկեղեցւոյ իսկական ակունքներուն» (Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան):
5.- «Եկեղեցին ինչպէ՞ս դարձնել ժամանակակից» (Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան):
6.- «Եկեղեցին սուրբերու խումբ չէ, այլ ապաշխարող հաւատացեալներու» (Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տեմիրճեան):
7.- «Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ» (Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան):
8.- «Քրիստոնէական հաւատքին պաշտպանութիւնը» (Տ. Վարդան Ա. Քհնյ. Գասպարեան):
9.- «Հայ Եկեղեցին 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն,- հոգեւոր եւ մշակութային զարթօնք» (Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան):
10.- «Ս. Պատարագի «Ողջոյն»ը կամ «Սիրոյ համբոյր»ը եւ անոր աստուածաբանական բովանդակութեան դիտաւորութիւնը» (Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան):
Խորհրդաժողովը յատուկ կերպով քննարկեց նաեւ հետեւեալ կարեւոր նիւթերը. «Աշխարհական հաւատացեալներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը ծուխերու կրօնական կեանքէն ներս», «Հաւատացեալներու քրիստոնէական ինքնութիւնը եւ եկեղեցւոյ պատկանելու հարցը», «Քրիստոնէական վկայութիւնը նոր ժամանակներու մէջ», ինչպէս նաեւ «Ս. Պատարագին ներգործութիւնը հաւատացեալներու կեանքին մէջ»:
Ժողովականներու եզրակացումը եղաւ, որ քրիստոնէութեան մարդկային եւ ընկերային արժէքներուն փնտռտուքը, զարգացումը, հզօրացումը եւ պահպանումը կենսական երեւոյթներ եւ պայմաններ են եկեղեցւոյ յաջող առաքելութեան համար: Ի վերջոյ «եկեղեցին»՝ մարդս յաւիտենական կեանքին տանող ճամբան է:
Եկեղեցական այս աննախընթաց խորհրդաժողովը յատուկ դիտաւորութեամբ փորձեց վերատեսութեան ենթարկել եւ վերարժեւորել իր եկեղեցական առաքելութեան պատասխանատուութիւնը եւ անոր համաձայն իր ճիգերը տասնապատկել՝ լաւապէս բաւարարելու համար հաւատացեալ ժողովուրդը:
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «Ս. ՍԱՀԱԿ-Ս. ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ Տ. ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻՆ
Արեւմտեան Թեմէն ներս յարգելի աւանդութիւն մը դարձած է Ս. Պատարագ մատուցանել Սրբոց Ղեւոնդեանց մարտիրոս հոգեւորականներու տօնին առիթով: Այս տարի, այդ տօնակատարութիւնը կը հանդիպէր Երեքշաբթի, Փետրուարի 2-ին: Այդ օր, Արեւմտեան Թեմի բոլոր հոգեւորականները խմբուեր էին Պըրպենքի Առաջնորդարանի երդիքին տակ, երկու օրերու վրայ երկարող կարեւոր խորհրդաժողովին համար:
Երեկոյեան, Առաջնորդարանի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական Ս. Պատարագը՝ ներկայութեամբ բոլոր հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան մը: Պատարագիչն էր Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, որուն ձեռնադրութեան եւ օծման 45-ամեակը կը զուգադիպէր 2015-ի Դեկտեմբերին:
Այս առիթով՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խնդրանքով եւ միջոցով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայր Սուրբը կը պատուէր «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով եւ Սրբատառ յատուկ կոնդակով մը՝ գնահատելով Հայր Սուրբին երկար տարիներու եկեղեցական ծառայութիւնն ու գրական վաստակը:
Ս. Պատարագի ընթացքին, «Հայր մեր»էն առաջ, հանդիսաւոր կերպով բերուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կոնդակը՝ ուղղուած Հայր Տաճատին: Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեան կարդաց Սրբատառ կոնդակը:
Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական կոնդակին մէջ նկատելով Հայր Սուրբին եկեղեցական եւ մշակութային ծառայութիւնը, կը հաստատէր հետեւեալը. «Ի գնահատութիւն ազգօգուտ ու եկեղեցանուէր ձեր հարուստ վաստակին, սիրով ընդառաջելով Թեմակալ Առաջնորդի խնդրանքին, Հայրապետական այս կոնդակով կը շնորհենք ձեզ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ պատուոյ բարձր շքանշանով», յղելով նաեւ իր Հայրապետական օրհնութիւնը:
Կոնդակի ընթերցումէն անմիջապէս ետք, Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան մեծ ուրախութեամբ Հայր Սուրբին յայտնեց իր եւ Թեմական խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն շնորհաւորութիւնները, շեշտելով Հայր Սուրբին եկեղեցական, մշակութային եւ գրական գնահատելի վաստակը։ «Հայր Սուրբը մեզի համար թանկագին եկեղեցական մըն է», ըսան ան ու ի սրտէ երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով իր խնդրանքին՝ Հայր Տաճատը արժանի կը դարձնէր գնահատանքի, Հայրապետական սրբատառ կոնդակի եւ կը պարգեւատրէր յատուկ շքանշանով:
Հայր Սուրբը խօսք առնելով՝ իր որդիական խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին՝ կատարած միջնորդութեան համար:
Պատշաճ խորհրդածութիւններէ ետք Հայր Եարտըմեան ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը, իր խօսքը կեդրոնացնելով նահատակ հոգեւորականներու թողած եկեղեցական, կրօնական եւ ազգային անմոռանալի արժանիքներուն վրայ ու ըսաւ. «Նահատակ եկեղեցականներուն ուժեղ դաւանութիւնը քրիստոնէական կրօնին, խղճի ազատութեան, ինչպէս նաեւ գիտակից փարումը եկեղեցիին ու հայրենիքին՝ արիւնի կտակով անցաւ սերունդէ սերունդ: Այս համոզումներով, դաւանանքով եւ մարտիրոսական արարքով՝ անոնք հրդեհեցին հայութիւնը եւ հասան արիւնոտ նահատակութեան՝ փրկելով թէ՛ քրիստոնէական հաւատքը, թէ՛ Հայ Եկեղեցին, թէ՛ խիղճի եւ հայրենիքի ազատութիւնը եւ թէ ազգային արժանապատուութիւնը: Հաւատքի ու գործի ուժեղ դաս մը, որ չի՛ հիննար երբեք, դաս մը, որ չÿայլափոխ-ւիր բնաւ»:
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին հաւատացեալները, բարեկամները եւ գրիչի ընկերներ ուրախութեամբ շնորհաւորեցին Հայր Սուրբը, լուսանկարուեցան անոր հետ եւ «կենաց»ներ բարձրացուցին ի պատիւ իրեն: