ՅԻՇԵԼՈՎ ՏԻՐՈՋ ԱՅԳԻԻՆ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը յիշենք Տիրոջ Այգիին երեք երախտաշատ սպասաւորները, յանձինս Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. երանաշնորհ պատրիարքներու։ Երեք հոգեւոր սպասաւորներ ու առաջնորդող դէմքեր, որոնք իրենց ծառայութեան արդիւնքը որպէս կնիք դրոշմած են մեր համայնքի տարեգրութեանց պատկան էջերուն վրայ։

Երբ կը յիշենք մեր երանաշնորհ հովուապետները, կը մտաբերենք Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած ազդարարական խօսքը։ Սրբազան Առաքեալը տեսնելով, թէ մարդկային տկարութենէ տարուած անձեր Կորնթոսի մէջ առիթ կու տային որ կռիւի եւ նախանձի մթնոլորտ մը տիրէր քաղաքին մէջ։ Ոմանք կը պարծենային իրենք զիրենք «Պօղոսեան» կոչելով, ոմանք ալ՝ «Ապօղոսեան»։ Առաքեալը զանոնք ի կարգ հրաւիրելու համար կը գրէ, ըսելով.  «Ո՞վ է Պօղոսը, կամ ո՞վ է Ապօղոսը. Պաշտօնեաներ՝ որոնցմով դուք հաւատացիք եւ իւրաքանչիւրը ունի այն շնորհը, ինչ որ Տէրը տուաւ անոր։ Ես տնկեցի, Ապօղոս ջրեց բայց Աստուած է որ աճեցուց։ …Մենք գործակից ենք Աստուծոյ. Աստուծոյ բերք էք, Աստուծոյ շինուածք։ Իւրաքանչիւր ոք զգոյշ թող ըլլայ թէ ինչպէս կը շինէ. սակայն իւրաքանչիւր ոք զգոյշ թող ըլլայ թէ ինչպէս կը շինէ. Որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ուրիշ հիմ մը դնել, բացի դրուած այն հիմէն՝ որ Յիսուս Քրիստոսն է» (Ա. Կորնթացիս 3.4-7, 9-11)։

Սուրբ Գիրքէն բղխած հաւատքի սկզբունքներու գծով կը սորվինք թէ, Աստուծոյ կամքն էր որ մարդիկ Իր Միածին Որդիին լսելով փրկուին։ Սուրբ Գիրքը կ՚ուսուցանէ նաեւ, թէ փրկութիւնը բոլորին համար է «Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ պիտի չամչնայ» եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կանչէ պիտի ապրի»։ Առաքեալը փրկութեան հասնելու ճանապարհը կը բնութագրէ հարցումներու շարանով մը. «Բայց ինչպէ՞ս կանչեն զայն, երբ չհաւատացին անոր. կամ ինչպէ՞ս հաւատան երբ չլսեցին զայն. կամ ինչպէ՞ս լսեն երբ մէկը չէ քարոզած իրենց. կամ ինչպէ՞ս քարոզեն երբ առաքուած չեն» (Հռովմայեցիս, 10. 12-15)։

Շատերու համար գուցէ տարօրինակ թուի, թէ պատրիարքներու յիշատակութեան առթիւ ի՞նչ էր պատճառը, որ առաքելական թուղթերէն մէջբերումներ կատարուած են։ Երկու մէջբերումները կը ցոլացնեն առաքելական եկեղեցւոյ մէջ քարոզչական առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Եւ այդ կարեւորութեան գիտակից առաջնորդող դէմքերն են, որոնք Սուրբ Պատարագի ծածուկ աղօթքներուն մէջ կը յիշատակուին Խորհրդատետրի բառերով. «Յիշեա Տէր եւ ողորմեա զամենայն ուղղափառ եպիսկոպոսունս, որք ուղիղ վարդապետութեամբ համառօտեն ի մեզ զԲանն Կենաց Ճշմարտութեան»։ Իրաւ է, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ունեցած է յիրաւի ուղղափառ վարդապետութեամբ քարոզող քարոզիչներ եւ պատրիարքներ։ Այսօր մենք կը յիշատակենք անոնցմէ երեքը, նշելով հանդերձ նաեւ, թէ անոնք անձնդիր ու անձնուրաց ծառայութեան օղակի մը թանկագին օղակներն են։ Անոնք իրենց գահակալութեան տարիներուն եղած են քարոզող հոգեւորականներ, յիշեցնելով՝ թէ յանուն Ազգին եւ Եկեղեցւոյ իրենց յանձնուած պատրիարքական մականին առընթեր չեն թողած օրհնութեամբ տրուած վարդապետական եւ ծայրագոյն վարդապետական գաւազաններու  իշխանութիւնները։

Երեք պատրիարքները կը պատկանին Արմաշու Դպրեվանքի աւանդութեան սուրբ գծին։ Շնորհք Պատրիարքը, հոգեւոր ծնողին՝ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի գծով, իսկ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը իր հոգեւոր ծնողին՝ Շնորհք Պատրիարքի գծով կապուած են Արմաշու Դպրեվանքի Մաղաքիա Եպիսկոպոս Օրմանեանի գծին։ Գարեգին Բ. Պատրիարքը իր հոգեւոր ծնողին՝ Մամբրէ Եպիսկոպոսի գծով կապուած է նոյն Դպրեվանքի Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի գծին։ Արմաշական երկու գիծերը յատկանշական են այն առումով, որ Հայ Եկեղեցւոյ  պատմութիւնը հարստացուցած են այնպիսի դէմքերով, որոնք ակադեմական ու հոգեւոր գրականութեան գանձեր կուտակած են մեր եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ։

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Ջերմ հաւատացող մը քարոզչական առաքելութեան։ Երանաշնորհ Պատրիարքը, Տիրոջ Սուրբ Սեղանին սպասարկելու կոչուած առաջին իսկ մէկ օրէն վայելած էր իր հոգեւոր ծնողին շունչը, որուն հայրական խնամքը  ինքնաբերաբար կը յարդարէր  նորապսակ աբեղայի ծառայութեան ուղին։ Շնորհք Աբեղան իր ետին թողած ըլլալով հովիւ Արշակը կ՚ըմպէր  ներշնչման առողջ ակունքէն, որուն կազդուրիչ եւ զօրացուցիչ ըլլալու բնոյթը կը յառաջանար Աստուծոյ Խօսքին ներկայութենէն, Սուրբ Հոգւոյ ներգործութենէն։ Տակաւ առ տակաւ իր մէջ կը զարգանար այն համոզումը, թէ կարեւոր էր ուսանիլ եւ ուսուցանել։ Այդ համոզումն էր, որ զգալիօրէն իր անդրադարձը ունեցաւ յետագային ընդգրկած պատասխանատու պաշտօններուն վրայ։ Շնորհք Պատրիարք, այն աստիճան համոզուած էր, որ Աստուծոյ Խօսքը առանց այլեւայլի ժողովուրդին հասանելի պէտք էր դառնար։ Այդ ուղղութեամբ ի մտի ունէր Քրիստոսի Խօսքը, ուղղեալ՝ իր առաքեալներուն նախ քան հացի եւ ձուկի բազմացման հրաշագործութիւնը. «Դուք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մատթէոս, 14.16)։ Հակառակ անոր որ ի սկզբանէ իր մայրենի լեզուին անգիտակ էր, ու գուցէ իր մորթին վրայ զգացած ըլլալով այս ցաւը, իր շուրջիններուն թելադրեց, որ Աստուծոյ Խօսքը հասանելի դառնայ բոլոր ժողովուրդին, առանց անտեսելու մանաւանդ պարագաներու բերմամբ յակամայս իր մայրենիին անգիտակ մնացած տարրերը։

Շնորհք Պատրիարք անդրշիրիմեան իր կայքէն կը շարունակէ վարդապետել, ուսուցանել իր գրչի արդիւնքներով, որոնք կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։

Շնորհք Պատրիարքի գլխաւոր յաջողութիւններէն էր սիրաշահիլ գաւառի զանազան կեդրոններէն Պոլիս հասած եւ իրենց գործունեայ նկարագրով գործի եւ ընտանիքի տիրացած մեր ազգայինները։

Շնորհք Պատրիարք ոչ միայն կը քարոզէր եկեղեցւոյ բեմերէն, այլ նաեւ քարոզի համազօր պատգամներով կը ներկայանար հանդէսներու վերջաւորութեան, արտասանած գեղահիւս եւ խրատող «հուսկ բանք»երու միջոցաւ, որ նաեւ ցուցիչն էր, թէ իր հովուապետական մականը վերածուած էր «Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանին»։

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Աստուծոյ կամքն էր, որ որբութեան դառնութիւնը ճաշակած պատանի Պետրոս, առաջնորդուէր Երուսաղէմ, ուր Սրբոց Յակոբեանց  զինուորեալ միաբանութեան երդիքին տակ պիտի կազմաւորուէր ապագայ հոգեւորականը՝ Գարեգին Աբեղան, որ Արմաշական մեծանուն հոգեւորական՝ երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարքին հրաւէրովը եկած էր Պոլիս, դառնալու նորահաստատ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքին առաջին տեսուչը։

Դպրութեան չորս աստիճանները ստանալու սեմին լսած էր Մայր Մաշտոցի բառերը, որոնք անկասկած իրենց ազդեցութիւնը գործած էին երիտասարդ Պետրոսի սրտին մէջ. «Ունկնդիր եւ տես բոլորով սրտիւ, որպէսզի ինչ որ եղանակես բերանով, հաւատաս նաեւ սրտով, եւ այն բաներուն որոնց կը հաւատաս սրտով, նաեւ ցոյց տաս գործով»։ Գարեգին Բ. Պատրիարքի ծառայութեան գծին վրայ արձագանգած են այս բառերը։ Իր գործունէութեան դաշտը՝ ընդգրկած էր թէ՛ պոլսահայ եւ թէ սփիւռքահայ այլ համայնքները։ Իր գործունէութեան եւ կամ իր իսկ բառերով «ծառայութեան» մասին լսած ենք բազում վկայութիւններ, որոնցէ ոմանց արտայայտութեան պահուն անձնապէս գտնուած ենք Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր կողքին։

Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի իր սաներու վկայութեամբ Երանաշնորհ Պատրիարքը ուխտած էր իր անուանակից Մեծանուն Արմաշական Հոգեւորականին՝ տնկած նորատունկ ծառին ջրողը ըլլալ, ցուցաբերելով հայրական խնամք եւ հովուական իրաւ մերձեցում։ Պոլսոյ մէջ իր ուսուցչական շունչը վայելած աշակերտներու վկայութիւնն էր, թէ հայերէնի դասերը կը համեմուէին մեր ոսկեղնիկ գրաբարով եւ տրուած բացատրութիւններով։ Այս վկայութիւններէն յայտնի կը դառնար, թէ երիտասարդ Հայր Սուրբը, որ պատրիարք ընտրուելէն յետոյ եւս իր աշակերտներուն համար մնաց որպէս «մեր հայր սուրբը», լռելեայն կերպով անոնց կը փոխանցէր նաեւ Սուրբ Գիրքէն պատգամներ։

Իր գործունէութեամբ վստահութիւն ներշնչած էր այն բոլոր նուիրատուներուն, որոնց լումաները վերածուեցան եկեղեցիներու, առաջնորդարանի, համայնքային վարժարաններու եւ սրահներու։ Ան գիտցած էր իր հաւատացածը եւ համոզումները բաժնել քաղցրութեամբ եւ սիրաշահիլ այն բոլոր ազնիւ ազգայինները, որոնք սիրով կ՚ընդառաջէին իր խնդրանքներուն։

ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի մեծանուն պատրիարքներէն է երանաշնորհ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքը, որ երիտասարդ տարիքին բարձրացաւ Պատրիարքական Աթոռ եւ երիտասարդ տարիքին վախճանելով իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Երբ Մեսրոպ Բ Պատրիարք կ՚ընտրուէր յԱթոռ Պատրիարքութեան, մեր Պատրիարքական Աթոռին անցեալին մասին հետաքրքիր անհատներ անմիջապէս մտաբերեցին Ներսէս Պատրիարքը եւ նորընտիր Պատրիարքին համար մաղթեցին որ «Տէրը ծառայութեան երկար օրեր շնորհէր իրեն, ուղիղ վարդապետութեամբ»։ Մաղթանքներ կը կատարուին, սակայն մաղթանքները կատարողներ կ՚աղօթեն Տէրունական աղօթքի բառերով. «Եղիցին կամք քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի…»։

Եւ յիրաւի մեծ ցաւ էր կորսնցնել Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը, որուն անձին մէջ ժողովուրդը տեսած էր ծառայասէր հովիւի օրինակը, որ կը հաւաքէր իր հոգեւոր զաւակները՝ մանուկներ, երիտասարդներ եւ չափահասներ, «նման հաւուն, որ իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ» (Մատթէոս, 23.37)։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը առաջին իսկ մէկ օրէն վայելած էր իր հոգեւոր ծնողին՝ Շնորհք Պատրիարքի վստահութիւնը եւ գլխաւորաբար Անոր աջակցութեամբ լծուած էր քարոզչական առաքելութեան մեր գլխաւոր եկեղեցիներու մէջ, գործակցելով տեղւոյն թաղային խորհուրդներու եւ երէցներու գլխաւորած դպրաց դասերու հետ։ Մանուկներու համար անսովոր երեւոյթ էր, թէ անոնք կրնային եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զուարճանալ ու խաղալ, նաեւ միասնաբար աղօթել եկեղեցիէն ներս ու լսել Աստուծոյ Խօսքը՝ առաջնորդութեամբ Մեսրոպ Հայր Սուրբին։

Մեսրոպ Պատրիարք թէ՛ իր Հոգեւոր Ծնողին եւ թէ յետագային Գարեգին Բ. Պատրիարքի շրջաններուն իրեն վստահուած քարոզչական առաքելութիւնը, նաեւ հոգեւորականաց պատրաստութեան լսարանի տեսչութիւնը ստանձնեց ու կարելիութեան ներած չափով ջրեց երկու պատրիարքներու տնկածները։

Իրաւ է, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի ընտրութիւնը խանդավառութիւն ստեղծած էր մեր ժողովուրդին մօտ, սակայն դժբախտաբար այդ խանդավառութիւնը երկարատեւ չեղաւ։ Մեր հոգեւորականաց դասու երիցագոյն հոգեւորականներէն, Բանին Կենաց քարոզիչ՝ երանաշնորհ Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոսի «Պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ կու գան ու կ՚անցնին, բայց Հայ Եկեղեցին, եպիսկոպոսութիւնը եւ Պատրիարքական Աթոռը կը մնան»  խօսքը յիշելով  փորձեցինք մխիթարուիլ, կատարեալ մխիթարութեան համար առ Աստուած դիմելով։

Մեսրոպ Պատրիարք ունէր առաքելական շնորհ, եւ այդ յատկապէս կը յայտնուէր քարոզխօսութեան եւ կամ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան պահերուն։ Երանաշնորհ Պատրիարքին համար որքան որ կարեւոր էին կանոնաւոր կատարուած արարողութիւնները, նոյն չափով կարեւոր էին նաեւ եկեղեցւոյ բեմէն կամ արտաքոյ արարողութեանց կատարուած դասախօսութիւնները։ Միշտ կը յիշէր ըսելով. «Երբ առաջին անգամ քարոզեցի Քրիստոսի Աստուծոյ Որդի ըլլալու մասին, շեշտելով բացատրեցի, թէ Քրիստոս մարմին առած Աստուծոյ Խօսքն էր, ոմանք սկսան ասէկոսէներու, թէ այս նոր հայր սուրբը նորելուկ բաներ կը սորվեցնէ։ Եկեղեցւոյ մէջ տարիներով շապիկ հագած ալեհեր ազնիւ անձնաւորութեան մը հետ երբ կը զրուցէի, իրեն յիշեցուցի, թէ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Աստուած չէ՞ր երգեր «Սուրբ Աստուած սուրբ եւ հզօր սուրբ եւ անմահ որ խաչեցար վասն մեր ողորմեա մեզ» ըսելով։ Նաեւ ամէն Սուրբ Պատարագի մատուցման պահուն ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն յետոյ չէ՞ր լսած կամ չէ՞ր կարդացած «Հաւատամք»ի բառերը, ուր Քրիստոսի մասին գրուած է. «Աստուած յԱստուծոյ՝ Լոյս ի լուսոյ՝ Աստուած ճշմարիտ՝ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած»։ Երբ լսեց ու տեղեկացաւ տուած բացատրութիւններուս՝ նոյն անձին մտածելակերպը այլափոխուեցաւ, որուն համար ըսաւ. «Ողջ ըլլաս Հայր Սուրբ, այսքան տարիէ ի վեր ժամ կու գամ, մէկը չէր սորվեցուցած։ Շնորհակալ եմ քեզի»։

Կը յիշենք Տիրոջ Այգիին երեք սպասաւորները։ Այգին, իր էութեան մէջ կը խորհրդանշէ պտղատու միջավայր մը, որուն զարգացման համար սկսեալ տնկողներէն մինչեւ յետին ծառայողները ունեցած են իրենց առաքելութեան կարեւորութիւն ընծայելու գիտակցութիւնը։

Քրիստոս իր մասին ըսած էր. «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ իմ Հայրս մշակ է։  Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, ան կը կտրէ զայն. իսկ այն ամէնը, որ պտուղ կը բերէ, կը յօտէ զայն, որպէսզի աւելի եւս պտղաբեր ըլլայ։… Մնացէք իմ մէջս ու ես՝ ձեր մէջ. ինչպէս ճիւղը որ ինքնիրմէ պտուղ չի կրնար տալ, եթէ հաստատուած չըլլայ որթատունկին վրայ, այնպէս ալ դուք՝ եթէ հաստատուած չըլլաք իմ վրաս։ Ես եմ որթատունկը, իսկ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ հաստատուած է իմ վրաս՝ եւ ես՝ անոր վրայ, ան շատ պտուղ կու տայ, վասն զի առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհաննէս, 15.1-6)։

Ստեփաննոս Սիւնեցի, իր հեղինակած օրհնութեան շարականի մէջ կը ցոլացնէ Սուրբ Աւետարանի խօսքերը. «Յայգւոյդ անմահութեան ճաշակեցաք եւ տեսաք զի քաղցր եւ ուղիղ ես Տէր. եւ վասն ամենեցուն փրկութեան եկիր յաշխարհս»։ Առաքեալները եւ անոնց հաստատած եկեղեցիները անմահութեան այգիէն՝ այսինքն Քրիստոսէ ճաշակեցին եւ վայելեցին Տիրոջ քաղցրութիւնը, նաեւ տեսնելով Տիրոջ խօսքերուն ուղիղ ըլլալու հանգամանքը եւ կը խոստոսվանի, թէ Քրիստոս բոլորին փրկութեան համար աշխարհ եկած էր։

Եկեղեցւոյ երեք երանաշնորհ հովուապետները իրենց քարոզութիւններով միշտ մնացին առաքելական աւանդութեան հաւատարիմ եւ Աստուծոյ հաստատած եկեղեցին ջանացին, որ ըլլայ լիիրաւ պտղաբեր, հանդերձ Աստուծոյ Խօսքին հաւատարիմ ժողովրդօք եւ հոգեւոր սպասաւորներով։

Սակայն աշխարհի իրողութիւնն է, թէ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ Տիրախնամ այգիին քով կը գտնուին այլ այգիներ, որոնց մէջ կը թեւածեն հակա-եկեղեցական, հակա-քրիստոնէական եւ հակա-աստուածեան գաղափարներ, շպարուած արդիականութեան զգեստներով։ Սուրբ Գիրքը մեզի ցոյց կու տայ այսպիսի այգիներու նկարագրականը. «Վասն զի անոնց որթատունկը Սոդոմի որթատունկէն է ու Գոմորի արտէն է. անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են ու անոնց ողկոյզները դառն են. անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը ու իժերուն մահառիթ թոյնն է» (Բ. Օրինաց, 32.32-33)։

Աստուած Հայ Եկեղեցին հեռու պահէ նման եկեղեցակործան այգիներու պտուղներէն, որոնք անզօրութեան պիտի մատնուին Քրիստոսի կենսատու եւ կենսապարգեւ այգիին պտուղներէն ճաշակելով։

Աստուած լուսաւորէ մեր երանաշնորհ պատրիարքներու հոգիները։ Կը շարունակենք աղօթել Մաշտոցի բառերով. «…Քրիստոս Աստուած մեր, հանգո զհոգիսն ծառայից քոց ի խորանս սիրողաց անուան քոյ։ …Շնորհեա սոցա յարդար դատաւորութեան քում ընդ Պետրոսեան աթոռակցութեանցն վերապատուիլ»։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

5 մարտ 2021, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021